Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի յայտարարեց, որ շուտով տեղի պիտի ունենայ յատուկ ակադեմիայի մը բացումը, ուր պիտի մարզուին պասքեթպոլի իրաւարարներ, ինչպէս նաեւ մրցումներու հսկող անձեր:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ, ակումբներու ներկայացուցիչներ, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ կատարուած այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հալապի յայտարարեց, որ այս ակադեմիան պիտի գործէ 11 ամիս` յառաջիկայ ամսուընէ սկսեալ:
Անոր մասնակցողներուն տարիքը պիտի սկսի 20 տարեկանէն` հասնելով մինչեւ 35 եւ նոյնիսկ մինչեւ 40 տարեկան: Նշենք, որ 30 եւ աւելի վեր տարիքը թեւակոխած անձերը առաւելաբար պիտի ստանձնեն հսկող անձերու պարտականութիւնները:
Արձանագրութիւնները արդէն իսկ սկսած են Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ):