Լեհաստանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Կրուչացի Օլիմփիա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ՌՈՎ Ռիպնիքի հետ:
Հիւր կազմը` Օլիմփիան պարտութենէ փրկեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային երիտասարդական հաւաքականի նախկին միջնապահ Աղուան Պապիկեան` իր նշանակած կոլով: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Այժմ Օլիմփիա 24 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: Նոյնքան կէտ ունի Պապիկեանի նախկին խումբը` Պելխաթուվ, որ կը գտնուի երրորդ հորիզոնականին վրայ:
Ա. դասակարգ կը բարձրանան առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը: