Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշելով Ազնաւուրը

Հոկտեմբեր 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷՒԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նկարը Ազդակ-ի արխիւներէն առնուած

Ազնաւուրին հետ իմ անցուցած քանի մը ժամերը ինծի համար դարձած են անմոռանալի  յուշ, որուն մասին, հակառակ երկար տարիներ անցած ըլլալուն, երբեմն-երբեմն կը յիշեմ եւ կ՛անդրադառնամ հիմա, որ մարդ յաճախ չի գիտնար արժէքը այն պահուն, այն առիթին, որ կը ստեղծուի իրեն համար:

Ազնաւուրի մահուան առթած ցաւի ու կորուստի զգացումներուն մասին չէ, որ գրի առնուած են այս տողերը, այլ կը վերաբերին Ազնաւուրին հետ, անոր ներկայութեան եւ անոր քով նստած ու հետը զրուցած անմոռանալի պահի մը վերապրումին: Զրոյց մը, որուն մասին գրած եմ օրին, «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ:

***

1977, Պէյրութ, Լիբանան:

Ազնաւուր հրաւիրուած էր Պէյրութ եւ ելոյթ պիտի ունենար պատերազմի հանդարտ օրերուն զուգադիպող յունիս ամսուն:

Ազնաւուրին ժամանումը եւ ելոյթը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էին հայ թէ լիբանանցի հանրութեան մէջ: Ազնաւուրի ժամանման լուրը իմանալէ անմիջապէս ետք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը սքանչելի մտածումը ունեցած էր զինք հրաւիրելու մեր կեդրոնական ակումբներէն «Ա. Երեւանեան» Ժողովրդային տուն եւ զինք հիւրասիրելու հայկական ճաշերով: Ազնաւուր ընդունած էր հրաւէրը եւ ըսած էր, որ` «իմ նուագախումբի եւ երգչախումբի անդամները հետս պիտի գան, կ՛ուզեն իրենք ալ հայկական ճաշեր ուտել»:

Շրջանային վարչութեան քանի մը ներկայացուցիչներուն հետ կը հասնինք իր իջեւանած պանդոկը:

Այս շատ հաճելի եւ անմոռանալի օրուան առաջին պահուն, երբ կը հասնինք իր իջեւանած պանդոկը, կը տեսնենք Ազնաւուրը` պանդոկի մուտքին կեցած: Երբ կը մօտենանք իրեն, «Պատրաստ եմ», կ՛ըսէ: Գիտէ, որ եկած ենք զինք տանելու ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին:

Ճամբու ընթացքին Ազնաւուր անընդհատ կը խօսի եւ հարցումներ կ՛ուղղէ: «Գիտէ՞ք,- կ՛ըսէ ան,- ոչ մէկ տեղէ ես նման հրաւէր կ՛ընդունիմ: Բայց երկու տարուան պատերազմէ մը ետք կ՛ուզեմ ձեր մէջ ըլլալ, թերեւս ներկայութեամբս խանդավառութիւն ստեղծուի»:

Երբ կը հասնինք Ժողովրդային տուն, արդէն մայր դրան սեմէն, աստիճաններուն վրայ եւ պարտէզը հաւաքուած են հիւրերը` պետական երեսփոխաններ, միութեանց եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, լուսանկարիչներ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորեն մեծանուն երգիչը:

Կ՛ուղղուինք սրահ: Ըստ երեւոյթին, Ազնաւուր չի սիրեր խումբերու հետ կենալ եւ զրուցել: Անմիջապէս կը նստի եւ կ՛ուզէ գիտնալ, թէ որո՛նք են ներկաները: Երբ կ՛իմանայ, որ հոն են հայկական բոլոր միութիւնները ներկայացնող դէմքեր, «Ուրախ եմ, երբ այսպէ՛ս միացած կը տեսնեմ,¬ կ՛ըսէ գոհունակութեամբ,¬ երբեմն երբ այս երեւոյթի հակառակին ականատես կ՛ըլլամ,  իրապէս կը ցաւիմ: Մէկ ազգ ենք ի վերջոյ»:

Ազնաւուրին մօտեցողներ եւ հետը նկարուիլ փափաքողներ շատ կան: Չի մերժեր: «Շարուեցէ՛ք, կու գամ», կ՛ըսէ եւ քանի մը վայրկեան ետք խումբի մը կեդրոնը կեցած` պատրաստ է նկարուելու:

Ըստ երեւոյթին, անօթեցած է: Յանկարծ ոտքի կ՛ելլէ եւ արագ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի սեղան: «Եթէ ես չշարժիմ, մարդ շարժելու նպատակ չունի», կ՛ըսէ: Ախորժակով կ՛ուտէ հայկական ճաշատեսակները:

Ճամբու ընթացքին, պահ մը, երբ տարուած` շուրջը կը դիտէր, կ՛ըսեմ իրեն.

– Պր. Ազնաւո՛ւր, պիտի խնդրէի, որ ճաշէն առաջ կամ ետք կարճ զրոյց մը ունենանք միասին` «Ազդակ» օրաթերթին համար:

– Շա՛տ սիրով, պատրաստ եմ,¬ կ՛ըսէ Ազնաւուր:

– Չէ՞ք մոռնար, չէ՞…

– Թերեւս դուք մոռնաք, բայց ես` ոչ,¬ կ՛ըսէ ան:

Պէյրութի «Ա. Երեւանեան» Ժողովրդային տան սրահն ենք եւ սկսած ենք զրուցել: Սահող ժամերուն, վայրկեաններուն, նոյնիսկ երկվայրկեաններուն դէմ վազքի մը մէջ է Ազնաւուր: Կ՛ուզէ ոչ մէկ բան մերժել, պայմանաւ, սակայն, որ ամէն բան ընթանայ  արագօրէն: Խօսի՞լ, կը խօսի, բայ`ց արագ: Ճաշե՞լ, կը ճաշէ, բայց` շուտ… Այդպէ՛ս էր Ազնաւուր` շարժում, արագութիւն, վազք… գէթ այդպէ՛ս զինք տեսանք ու ճանչցանք այդ օրը:

– Ճաշկերոյթներու հրաւէրներ միշտ կ՛ընդունի՞ք,- կը հարցնեմ:

– Ո՛չ: Շատ կը ճամբորդեմ. եթէ ընդունիմ նման հրաւէրներ, ճաշկերոյթներու ստրուկը կը դառնամ:

– Ինչո՞ւ այս անգամ ընդունեցիք այս հրաւէրը:

– Որովհետեւ արտակարգ կացութենէ մը նոր դուրս եկած գաղութ էք: Նման հրաւէրներ չեմ մերժեր, երբ կը զգամ, որ ներկայութեամբս  կարելի կ՛ըլլայ որոշ խանդավառութիւն վերստեղծել տեղ մը, ուր երկար ատենէ ի վեր մարդիկ բոլորովին տարբեր առօրեայ մը ունեցած են:

– Ուրիշ ո՞ւր չէք մերժած, օրինակ:

– Արժանթին. շրջան մը իրապէս ծանր մթնոլորտի մը մէջ էր այդտեղի ժողովուրդը: Հրաւիրեցին, եւ ես գացի: Հրաւէրներ կ՛ընդունիմ նաեւ հոն, ուր փոքրաթիւ գաղութ մը կայ եւ իմ պատճառովս այդ գաղութի անդամները քով-քովի կու գան: Շրջան մը Քանատան այդպէս էր, բայց հիմա՜… Հա՛, կը սիրեմ նաեւ ներկայ ըլլալ այն հաւաքոյթներուն, ուր կուսակցական կամ յարանուանական խտրութիւն չկայ:

– Հիմա հոս այդպէս ենք,- կ՛ըսեմ:

– Չըսէ՞ք, որ սկսած էք խելացի դառնալ: Եւ իրապէս ալ ինծի համար կարեւորը հայութիւնն է: Բոլորս ալ հայ ենք….

1975-ին, Ցեղասպանութեան 60-ամեակի տարին, Ազնաւուր երգած էր իր նշանաւոր «Անոնք ինկան» երգը, նուիրուած` Եղեռնի նահատակներուն, որ ձեւով մը դարձաւ համայն հայութեան երգը:

Ակնարկելով «Անոնք ինկան» երգին` կ՛ըսեմ.

– Շատ խօսուեցաւ այդ մասին, նոյնիսկ թուրք լրագրող մը այդ առիթով հանդիպում ունեցաւ ձեզի հետ: Ի՞նչ եղաւ ձեր պատասխանը:

– Իրեն բացատրեցի, որ իմ հարցն է ատիկա: Բացատրեցի, թէ կը պատկանիմ ժողովուրդի մը, որ ցիրուցան եղած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ջարդերու պատճառով: Յամենայն դէպս, թուրք բառը յիշատակուած չէ: Բայց հարկաւ գիտեն, թէ ի՛նչ է խորքը այդ երգին….

– Պատգա՞մ մըն է այդ երգը:

– Պատգամ փոխանցող երգ մը չէ: «Անոնք ինկան»-ը պատմական դէպք մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ եթէ պատգամ մը ըլլար, պիտի խօսէի նաեւ յանցագործներու մասին: Իմ երգս վրէժխնդրութիւն չի պահանջեր եւ ոչ ալ կոչ կ՛ընէ պատերազմի: Շեշտը դրուած է պատմական դէպքի մը վրայ, որ ցարդ անծանօթ է աշխարհին: Պատմական դէպք մը, որ պէտք է գտնէ իր լուծումը: Ժամանակն է, որ յանցաւորները ընդունին իրենց սխալը…

– Ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ Եղեռնի նուիրուած «Անոնք ինկան» երգը օտար ունկնդիրներուն  վրայ:

– Երբ շատ մը տեղեր կ՛երգեմ այս երգը, առաջին անգամ ըլլալով կը լսեն հայ անունը: Յաճախ չեն գիտեր, որ հայ ժողովուրդ գոյութիւն ունի:

– Հայերէնով ալ պիտի երգէ՞ք այս երգը:

– Ո՛չ, որովհետեւ հայութեան ուղղուած չէ, այլ` օտարներուն: Հայ ժողովուրդը ծանօթ է պատմական այն դէպքին, զոր կը փորձեմ օտարներուն ծանօթացնել:

– Նոյն իմաստով երկրորդ երգ մըն ալ յօրինելու մասին կը մտածէ՞ք:

– Ո՛չ, մէկ հատը բաւարար է:

– Ծանօ՞թ էք հայոց պատմութեան:

– Այո՛, բաւական բան կարդացած եմ այդ մասին: Բայց պէտք է ըսել, որ ֆրանսերէնով մեր պատմութեան մասին լաւ պատրաստուած գործեր չկան:

– Ի՞նչ են ձեր հետագայ ծրագիրները:

– Երգել, երգել….

Եւ այսպէ՛ս, Ազնաւուր երգե՜ց ու երգե՛ց, աւելի քան` 70 տարի…

Ու իր երգով անմահացաւ ու… անմահացո՜ւց:

 

 

Նախորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

Լիւդվիկ Խաչատուրեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով. Սկզբունքայնութիւն` Յանուն Իրաւութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?