Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Հոկտեմբեր 1968)

Հոկտեմբեր 12, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զգո՜յշ

Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով, 1965 ապրիլ 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, կարգ մը պետութեանց շարքին, հեռագիր ուղղած էր նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ճեմալ Կիւրսելի` յիշեցնելով անոր յիսուն տարի առաջ թուրքերու գործած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ էին գացած մէկ ու կէս միլիոն հայեր: Ու արդարութիւն պահանջած էր հայ ազգին համար, հիմնուած` Սեւրի դաշնագրին վրայ:

Ուղղակի պատասխան չէինք սպասեր անշուշտ Թուրքիոյ նախագահէն:

Շատ չանցած` Ճեմալ Կիւրսել անուղղակի եւ անպաշտօն կերպով պատասխանած էր այդ հեռագրին` թուրքերէն թերթերուն մէջ հրատարակութեան տալով յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն, իբր թէ 1915-ին հայերու ջարդ եւ տարագրութիւն տեղի չէր ունեցած: Եղածը պարզապէս բնակչութեանց տեղափոխութիւն մըն էր պատերազմի պատճառով: Ռազմաճակատի մօտերը բնակող հայերը երկրին ներսերը ղրկուեր էին… իրենց կեանքի ապահովութեան համար…

Ի՜նչ սրտառուչ հոգածութիւն:

Այսքանով չէր բաւականացած եւ 1965-ին վերջերը ծերակուտական Սատի Քոչաշին պատուիրեր է գիրք մը գրել թուրք եւ հայ յարաբերութեանց մասին:

Սատի Քոչաշ 1919-ին ծնած է Էրմենեկի մէջ եւ հոն ապրող միակ հայ ընտանիքի մը հետ ծանօթանալով… հայասէր դարձեր է:

1950-ին զինուորական վարժարանը աւարտեր է: 1962-էն ի վեր նշանակովի ծերակուտական է:

Իր նիւթին մասին պրպտումներ կատարեր է հայ եւ օտար աղբիւրներէ, մանաւանդ օգտագործեր է թուրքերէն հրատարակութիւնները` նպատակ ունենալով նենգափոխել պատմութիւնը, զոհը դահիճ դարձնել եւ արդարացնել թուրքերու աննախընթաց եւ զարհուրելի ցեղասպանութիւնը` ամբողջ մեղքը բարդելով հայ կուսակցութեանց վրայ:

Նախքան գիրքին լոյս տեսնելը` Պոլսոյ «Ճումհուրիյէթը»-ը արտօնութիւն ստացեր էր հրատարակելու անոր գլխաւոր մասերը զարդարուած բազմաթիւ պատկերներով:

Օրերով իր առաջին էջին վրայ մեծադիր յայտարարութիւններով ծանուցելէ ետք, անցեալ տարի մայիս 14-ին «Ճումհուրիէյթ» ամբողջ կէս էջ յատկացուցեր էր Քոչաշի յօդուածաշարքին` ութ սիւնակի վրայ, շռնդալից խորագիրներով: Ու շարունակեր էր մինչեւ մայիս 25:

Ժամանակին մանրամասնօրէն վերլուծեր էինք թուրք ծերակուտականին դիտումնաւոր կերպով խեղաթիւրուած պատմութիւնները եւ արժանի պատասխանը` տուած:

Գիրքը լոյս տեսեր է 1967-ին Անգարայի մէջ: Կը բաղկանայ 326 էջէ եւ պատկերազարդ է:

Նոր ստացանք զայն փարիզաբնակ հայու մը միջոցով, որ կը թուի թէ պաշտօն ստացեր է տարածելու թրքական քարոզչութեան նուիրուած այս հակահայ հրատարակութիւնը:

Չենք գիտեր, թէ տարածիչը ամբողջութեամբ կարդացա՞ծ է այդ գիրքը, որուն խորագիրն է` «Հայերն ու թուրքեւհայ յարաբերութիւնները պատմութեան ընթացքին»: Թափանցա՞ծ է հեղինակի յետին մտքին, թէ՞ կարգ մը ծանօթ հայերու անուններն ու պատկերները տեսնելով` կարծած է, որ հայանպաստ գործ մըն է:

Կ՛ուզենք հաւատալ այս երկրորդ ենթադրութեան, որովհետեւ չենք կրնար երեւակայել հայ մը, մանաւանդ` ազգային-հանրային ճակատի վրայ դեր կատարող մէկը, որ յանձնառու ըլլայ տարածելու նման գիրք մը:

Զգո՜յշ:

Աչալո՛ւրջ ըլլանք:

Չխաբուի՛նք ցեղասպանէն, որ հիմա ալ կը ջանայ կեղծ ու պատիր միջոցներով հայը գործիք դարձնել իր հակահայ քարոզչութեան:

ՀՐԱՆՏ-ՍԱՄՈՒԷԼ

Պէյրութի Փողոցները
Խճողումէ Փրկելու Համար 

Կառատուն Շէնքեր` Քաղաքի Մուտքին,
Առեւտրական Գօտիին Եւ
Բնակարանային Թաղերու Մէջ

Պէյրութի քաղաքապետութեան աւագ ճարտարագէտը` Ժորժ Ռիաշի մշակած է ինքնաշարժներու յատուկ կայաններու ծրագիր մը, որ կրնայ երկար ժամանակի համար լուծել երթեւեկի եւ կայանի խնդիրը մայրաքաղաքին մէջ:

«Շրջագայիլն ու կենալը, կը յայտարարէ Ժ. Ռիաշի, զոյգ կ՛ընթանան: Կարելի չէ լուծում մը գտնել շրջագայութեան դժուարութիւններուն` առանց միաժամանակ լուծելու կայանի խնդիրը: Պէյրութի բարեզարդման գլխաւոր ծրագրին մէջ նախատեսուած բազմաթիւ նոր պողոտաներու բացումով, վարորդները պիտի ունենան արագ շրջագայութեան նոր ճամբաներ: Բայց կայանի խնդրին մասին որեւէ կարգադրութիւն եղած չէ: Շրջագայող վարորդը, անգամ մը որ տեղ հասնի, պէտք է տեղ մը դնէ իր ինքնաշարժը: Ներկայիս կատարեալ խառնարան մը կայ: Փողոցները կառատուն դարձած են: Խճողուած են կանգ առած ինքնաշարժներով: Պարպեցէք փողոցները, ու երթեւեկը աւելի կ՛արագանայ»:

Ժ. Ռիաշիի յղացած շրջագայութեան ծրագիրը մշակուած է այնպէս մը, որ պէտք է գործադրութեան դրուի գլխաւոր ծրագրին հետ:

Կը վերաբերի երկու տեսակ կայանի. երկար տեւողութեան կայան, որ կը համապատասխանէ գրասենեակներու աշխատանքի ժամուան, եւ սահմանափակ տեւողութեամբ կայան: Այս ծրագրին գործադրութիւնը կապուած է հանրային եւ անձնական հասարակաց փոխադրութեան վերակազմութեան:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան կողմէ 1966-ին պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ օրական 101.658 ինքնաշարժ կը մտնէ Պէյրութ: Այս բոլոր ինքնաշարժները կ՛ուղղուին կամ քաղաքին կեդրոնը, կամ` Համրա ու անխուսափելիօրէն կանգ կ՛առնեն փողոցի մը մէջ` զայն մեծապէս խճողելով:

Կառատուներու Շարք Մը

Այս ինքնաշարժներուն համար Ռիաշի կը նախատեսէ կառատուն-շէնքեր, որոնք պէտք է կառուցուին քաղաքին մուտքերուն վրայ:

Կու գաք Թրիփոլիէն, Սայտայէն կամ Զահլէէն, ձեր ինքնաշարժը կը ձգէք այդ կառատուներէն մէկը եւ քաղաքին կեդրոնը երթալու համար կը գործածէք հանրային փոխադրութեան միջոց մը:

Որպէսզի վարորդները քաջալերուին գործածելու այս կառատուները, կայանելու գինը շատ չնչին պիտի ըլլայ:

Այսուհանդերձ, ամէն մարդ այս միջոցին պիտի չդիմէ: Շատեր պիտի ուզեն քաղաքին կեդրոնը երթալ իրենց անձնական ինքնաշարժով: Անոնց համար ալ նախատեսուած են կառատուներ` առեւտրական գօտիին շուրջը: Այս կառատուներուն արժէքը անշուշտ շատ աւելի սուղ պիտի ըլլայ, քան դուրսի կառատուներունը` հողի արժէքին տարբերութեան պատճառով:

Իսկ առեւտրական գօտիին մէջ կառատուներու շինութիւնը պիտի ձգուի անհատական նախաձեռնութիւններու: Այդ պարագային, նկատի պիտի առնուի հասոյթի խնդիրը: Անշուշտ հոն կենալը շատ աւելի սուղ պիտի ըլլայ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?