ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Համադրեցէք ձեր աշխատանքային եւ ընտանեկան պարտաւորութիւնները: Մի՛ թերանաք: Ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի զբաղիք: Դժուար շրջան մըն է: Նորոգութիւններ պիտի կատարէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր գործին նպաստող արդիւնաբեր հանդիպումներ պիտի ունենաք: Եթէ դրամ կ՛ուզէք ծախսել, մանրամասնօրէն եւ ընդհանուր կերպով սերտեցէք առիթը: Աշխուժ շրջան մըն է: Տքնաջան պիտի աշխատիք ձեր նպատակները իրականացնելու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր պարտաւորութիւնները եւ քննարկումները կատարեցէք: Յարմար շրջան է` արձակելու ձեր ծրագիրները: Ձեզմէ կը պահանջուի դրական վերաբերմունք ունենալ եւ հեռու մնալ գանգատներէ ու վիճաբանութիւններէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարողութիւն ունիք ընկալելու ձեր շուրջ կատարուած իրողութիւնները: Առաջինն էք ձեր շրջապատին մէջ: Պիտի յաջողիք փոխել ձեր կեանքին ընթացքը: Յարմար լուծումներ պիտի գտնէք ձեր գործերուն: Նոր շրջանի մը սկիզբն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Միօրինակութենէ պիտի գանգատիք: Բախտին մի՛ վստահիք, շատ հեռու է: Տեղքայլի մէջ պիտի ըլլաք այս շրջանին: Զգուշ եղէք եւ նոր բան մը մի՛ սկսիք այս շրջանին: Լաւ անուն պիտի ձգէք ձեր շրջապատին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ընկերային գետնի վրայ նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Առիթ պիտի ունենաք զանազանելու ձեր ընկերը` ձեր թշնամիէն: Մեծ համբերութիւն ցուցաբերեցէք: Ձեր դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին պիտի վերանան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր անունը վտանգի մի՛ ենթարկէք: Զսպեցէք ձեր ջիղերը եւ տուէք ձեր լաւագոյնը: Պիտի տագնապիք ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով կամ տեսակցութեամբ: Տարբեր վախեր եւ մտահոգութիւններ պիտի ունենաք: Համբերութեամբ կը լուծուի ամէն ինչ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր բախտը պիտի բերէ: Դրական եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է: Ձեր ժամանակը օգտագործեցէք կարեւոր բաներու համար: Հաշտութեան համար քայլեր պիտի առնէք: Պիտի ուզէք լոյսերէն հեռու մնալ եւ ձեր գործին վրայ կեդրոնանալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Քիչ մը զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի դիւրանան ձեր գործերը: Օգնութիւն խնդրեցէք ձեր ընկերներէն: Ժառանգական կամ շինարարական կամ առողջական հարցերով պիտի զբաղիք: Ծուլացած էք եւ ձեր աշխուժութիւնը կորսնցուցած էք այս ամիս:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Բացասական զգացումներ պիտի ունենաք: Դժուարութեամբ պիտի յաջողիք ծալել անցեալի ցաւոտ էջերէն մէկը: Յարմար շրջան մըն է սրբագրեու համար ձեր սխալները: Առիթներ պիտի ունենաք նոր ծանօթութիւններ հաստատելու:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Իրար մի՛ անցնիք պատասխանատուութիւններու եւ ճնշումներու դիմաց: Վստահեցէք ձեր անձին եւ ուժերուն վրայ: Մի՛ ծուլանաք, այլ լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը եւ մի՛ յետաձգէք զայն: Ամսուան յաջող օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ, եւ պիտի ուրախանաք զարգացումի մը համար: Յարմար շրջան է` ձեր սխալները սրբագրելու եւ կրկնելու նախկին փորձը: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները: