ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԳԱՐԱՄԱՆԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, ուրբաթ, 29 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունի «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ Լեւոն Զաքի Ետալեանի վերջերս հրատարակած «Գործ եւ գանձ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Հանդիսութեան ներկայ էին` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, վաճառականներ եւ շուրջ 200-ի մօտ հրաւիրեալներ:
Շնորհահանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը փայլք ու որակ ստացաւ Համազգայինի մասնակցութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Մուշեղ Իշխան» գրական յանձնախումբի անդամ Սարին Հայրապետեանը: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, տնտեսութեան եւ յատկապէս Լեւոն Զաքի Ետալեանի գիրքին կարեւորութեան անդրադառնալով` ըսաւ. «Հայ տնտեսագիտական գրականութիւնը չափազանց աղքատ է: Լեւոն Զաքի Ետալեանի այս արժէքաւոր եւ կարեւոր նախաձեռնութիւնը կու գայ լրացնելու եւ ամբողջացնելու մեր տնտեսագիտական մտածողութեան թռիչքներու դատարկ պատուանդանը»:
Հանդիսավարուհի Մելինէ Պեզճեանը այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտուհի Արին Ալեքսանեանը, որ սքանչելիօրէն նուագեց աշխարհահռչակ դաշնակահար, երաժշտահան Ֆ. Շոփենի «Ֆանթազիա»-ն: Ապա Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի անդամ Սագօ Խալոյեանը կարդաց «Գործ եւ գանձ» հատորէն հետեւեալ ենթավերնագիրները կրող յօդուածներէն պատառիկներ.
«Հալէպահայութեան հայրենասիրութիւնը արժանեաց շքանշան է բոլորին կուրծքին», «Ինչպէ՞ս կը կերտուի յաջողութիւնը», «Բանակցութիւն` անզէն պատերազմ», «Սուրիան յուսալի դարպաս է հայաստանցի գործարարներուն համար», «Նիւթական բարեկեցութեան տասը պատուիրանները»:
Հատորը ներկայացուց Գրիգոր Տունկեանը, որ հմտօրէն վերլուծեց «Գործ եւ գանձ»-ին բովանդակութիւնն ու հրատարակութեան նպատակը` լուսարձակի տակ առնելով Լեւոն Զաքիի փորձառութիւնը սուրիական եւ միջազգային տնտեսական ոլորտներուն մէջ:
Տունկեանը ըսաւ, որ հեղինակային այս հատորը 2006-2018 երկարող 12 տարիներու ընթացքին, իր ստորագրութեամբ, ընդհանրապէս հայ մամուլին, յատկապէս «Գանձասար»-ի էջերուն յանձնած իր տնտեսական բնոյթի յօդուածներուն, ճեպազրոյցներուն ամբողջական մէկտեղումն է:
«2006-2018 երկարող տարիներուն, Սուրիոյ տարածաշրջանին մէջ կայուն տնտեսական զարգացման յաւակնոտ պետական ծրագիրներէն եւ գործարար շրջանակներու նախաձեռնութիւններէն մինչեւ համաշխարհային տնտեսական տագնապ եւ անոր հետեւանքներու անդրադարձ, ապա տագնապալի եւ քաղաքական վերիվայրումներով շարունակուող ժամանակահատուած, որպէս լոկ ժամանակագրական տեղեկութիւններու իմաստով թէկուզ հրապարակուած նիւթերը ոչ միայն տնտեսական բնագաւառի եղելոյթն է, զոր կը փաստագրեն, այլ հասարակական մտածողութեան կրած փոփոխութիւնները կը դրսեւորեն ինքնաբերաբար: Տնտեսութիւն-քաղաքականութիւն համախառն պատկերն է, որ մեր գրողին մտաժապաւէնին վրայ կը տողանցէ հարազատ կերպով», յայտնեց Տունկեանը:
Գիրքին ներկայացումէն ետք, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհիներ` Ռուզան Պարսումեանը (դաշնամուր), Նայիրի Նագգաշեան-Մինասեանը (սրինգ) եւ Լուսիա Պենտեքը (ջութակ) ներկայացուցին «Հայաստան» երաժշտական կտորը:
Հանդիսավարուհին այս առիթով առաքուած շնորհաւորագիրները կարդալէ ետք բեմ հրաւիրեց գիրքի հեղինակ Լեւոն Զաքի Ետալեանը:
Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Տունկեանին` «Գործ եւ գանձ» գիրքը հմտօրէն ներկայացնելուն համար, շեշտեց Հալէպին ու հալէպահայութեան ունեցած մեծ տեղն ու կարեւորութիւնը իր սրտին ու կեանքին մէջ, բացատրեց «Գործ եւ գանձ» գիրքին հրատարակման նպատակը` դիտել տալով, որ ընթերցողը գիրքը անպայման իր ամբողջութեանը մէջ կարդալու կարիք չունի` հասկնալու համար հրամցուող նիւթը, այլ կ’ընտրէ այն նիւթը, որ զինք կը հետաքրքրէ, հասկնալու համար, օրինակ, թէ ինչպէ՛ս կը կերտուի յաջողութիւնը, որո՛նք են յաջող առեւտուրին նախապայմանները, դէպի ո՞ւր կ’ուղղուի Սուրիոյ տնտեսութիւնը, արդեօ՞ք հնչած է Սուրիոյ կառավարութեան հրաժարելու ժամը եւ այլն: Ան ներկայացուց նաեւ գիրքին այս խորագիրը ընտրելուն պատճառը` դիտել տալով, որ բոլոր աշխատողները չեն, որոնք անպայման գանձի կը տիրանան, ապա թելադրեց գանձի տիրանալու համար կարդալ գիրքը ու ծանօթանալ իր անձնական փորձառութեան եւ տեսակէտներուն: «Գաղտնիքը այս գիրքին մէջն է», եզրափակեց Ետալեան:
Հուսկ տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք Շահան արք. Սարգիսեանը իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց: Սրբազան հայրը նախ երախտագիտութիւն յայտնեց Լեւոն Զաքիին` այս գիրքի հրատարակութեան համար: Ապա դիտել տուաւ, որ Լեւոն Զաքի Ետալեանին սիրտը տակաւին Հալէպի ջերմութեամբ կը տրոփէ, անոր համար ան կը վերադառնայ Հալէպ եւ այս գիրքին կարեւոր տեղեկութիւնները կը կիսէ հալէպահայութեան հետ:
«Այս գիրքը ինծի շատ բան ըսաւ, հակառակ անոր որ ես տնտեսագէտ մը չեմ: Գիրքը միայն տնտեսագէտներու հասցէագրուած չէ, այլ` բոլոր անոնց, որոնք այս կեանքը լաւապէս ապրելու եւ յաջողութեան հասնելու ճամբան կը փնտռեն:
«Աստուածաշունչ մատեանը թէեւ տնտեսագիտութեան դասագիրք չէ, բայց տնտեսագիտութեան հիմքերը հոն կը գտնուին: Աստուածաշունչ մատեանի առաջին էջերուն մէջ կը կարդանք. «Աստուած տիեզերքը ստեղծեց հինգ օրուան մէջ, վեցերորդ օրը մարդը ստեղծեց ու ըսաւ` «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք, լեցուցէ՛ք երկիրը եւ տիրեցէ՛ք անոր», այս միտքը առկայ է նաեւ տնտեսագիտութեան մէջ»:
Սրբազան հայրը յայտնեց, որ Լեւոն Զաքի Ետալեանի` շէն ու շէնշող այս մարդուն փորձառութենէն ծնած գանձ մըն է այս գիրքը, ապա վերյիշելով Աստուածաշունչ մատեանը` դիտել տուաւ, որ ան ալ մարդկային ամբողջ կեանքին փորձառութեան արձագանգն է, որ կը թելադրէ, օրինակ` ընկերութեան մէջ Աստուծոյ մեզի տուած բարիքները համահաւասար բաշխել, աղքատին օգտակար ըլլալ եւ այլն: Աստուածաբանութեան մէջ եւս կը խօսուի տնտեսագիտութեան մասին: Մարդը առաջին տնտեսն է աշխարհի: Երբ մարդիկ Յիսուսին դիմեցին եւ հարցուցին, թէ արդեօ՞ք պէտք է կայսեր տուրքը վճարենք, Յիսուս ըսաւ. «Կայսեր իրաւունքը տուէք կայսեր, Աստուծոյ իրաւունքը` Աստուծոյ»:
«Ես կը գնահատեմ այս շնորհահանդէսը, Ազգ. վարչութիւնը այս աշխատանքը առանձին պիտի չկարենար տանիլ, եթէ չըլլար Համազգայինը: Գնահատանքի մեծ բաժինը կ’երթայ Համազգայինին»:
Ան գնահատեց նաեւ գիրքը ներկայացնող Գրիգոր Տունկեանը` վերլուծման գեղեցիկ ոճին համար, մաղթելով, որ այս գիրքին յաջորդեն ուրիշ գիրքեր, որպէսզի հայ մարդը այս աշխարհի վերիվայրումներուն մէջ նաւարկելու իր կարողութիւնը զարգացնէ: Եւ վերջապէս, սրբազան հայրը գնահատեց Լեւոն Զաքի Ետալեանը այս գիրքի հրատարակութեան առիթով` բարի վերադարձ եւ քաջառողջութիւն մաղթելով անոր, հաւատալով, որ մեր երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները լաւագոյնս կ’օգտուին այս գիրքէն:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ եւ մտերմիկ զրոյցով մը` ներկաներուն եւ Լեւոն Զաքի Ետալեանին միջեւ:
Աւարտին ներկաներուն տրամադրուեցան գիրքէն օրինակներ, որոնց հասոյթը Ետալեանը նուիրեց թեմի «Ուսումնական» ֆոնտին: