Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հապա Ինչո՞ւ Հայկականը

July 5, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Վերջին տասնամեակներուն շատ կը խօսուի հայապահպանութեան մասին: Այս սուր խնդիրը լուծելու նպատակով տեղի կ՛ունենան խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ, հանդէսներ, զանազան քննարկումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք` տարբեր շեշտ ունեցող եզրակացութիւններու կը յանգին պատասխանատուները, սակայն, իմ կարծիքովս, նախ պէտք է հարցը ճիշդ ձեւով դնենք: Ինչո՞ւ հայկականը: Մենք կ՛ըսենք, որ սփիւռքի մէջ հող չունենալով` մաշելու եւ ձուլուելու մնայուն վտանգի տակ ենք, ճիշդ է, սակայն կայ նաեւ ուրիշ հարց: Ինչո՞ւ շատ յաճախ առանց պայքարի եւ մտածելու ամէնէն դոյզն ճիգին կը յանձնուինք օտար հովերուն` մտայնութեան, լեզուին, կենցաղին, շարժուձեւերուն, ոչ միայն կը յանձնուինք, այլ կը գերադասենք հայկականէն` օտարութեան մէջ տեսնելով պերճութիւն, գերազանցութիւն, հարազատութիւն:

Ինչո՞ւ ամերիկացիները կամ ֆրանսացիները չեն ձգտիր հայ մարդուն նմանելու, հայերէն խօսելու եւ հայոց բարքերը իրենց կեանքին մէջ ապրեցնելու, նոյնիսկ եթէ հայ միջավայրին մէջ ապրած կ՛ըլլան անոնք: Երեւի` որովհետեւ աւելի զարգացած եւ աւելի քաղաքակրթուած կը համարուին մեզի պէս «շունչը սպառած» եւ «մաշած» ժողովուրդէն: Տնտեսական եւ քաղաքական առումով աւելի զարգացած ժողովուրդները, այո՛, սակայն մշակութային առաւելութիւնը մերն է, անկասկած: Պէտք է յիշել, որ կար ժամանակ, երբ այսօրուան յառաջադէմ ժողովուրդները մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան դասեր կ՛առնէին հին Հայաստանէն: Երբ մենք թագաւորութիւն ունէինք, պետական կեանքը հունաւորող համապատասխան կառոյցներով միասին,արեւմտեան քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչները անտառներուն մէջ գազաններուն պէս ապրած էին:

Վահրամ Մավեանը իր «Հայու բեկորներ» գիրքին մէջ նկարագրելով Իրլանտայի մէջ գրադարան մը իր այցելութիւնը` կ՛ըսէ. «Գրադարանապետը ցոյց տուաւ 12-րդ դարու ձեռագիր մը` լատիներէն լեզուով եւ կրօնական բովանդակութեամբ: Շուրջը կեցող տարբեր երկիրներէ ժամանած ուսանողները հիացումով եւ զարմանքով նայելով ձեռագիրին վրայ` հարց կու տան, թէ ամբողջ հատորը ձեռքո՞վ գրուած է: Տեսնելով անոնց հիացումը եւ զմայլանքը, ես չհանդուրժեցի այլեւս եւ պոռթկումով ըսի. «Այդ ձեռագիրներէն ե՛ւ աւելի հին, ե՛ւ աւելի գեղեցիկ ու բովանդակալից հազարաւոր հատորներ մենք ունինք, հատորներ, որոնք գրուած էին, երբ ձեր նախնիքները գոյութիւն իսկ չունէին որպէս ազգ»: Բացարձակ ճշմարտութիւնը: Եթէ այսօր Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւուած է, իսկ մեր ազգի այսօրուան միջնաբերդը` Հայաստանի Հանրապետութիւն փոքր տարածութիւն ունի, ատիկա պատճառ չէ, որ այլեւս գիծ քաշենք մեր ազգի եւ քաղաքակրթութեան վրայ եւ հարազատութիւնը փնտռենք օտարութեան մէջ: Դիւրին չէ սակայն, որ մէկ վայրկեանէն միւսը հոգեբանօրէն փոխուինք: Իբրեւ սփիւռքահայութիւն` մէկ կարեւոր զէնք ունինք մենք զմեզ հայ պահելու եւ գոյատեւելու: Այդ զէնքին անունը պահանջատիրութիւն է: Այնքան ատեն որ պայքարի ոգին վառ է եւ յիշողութիւնը` թարմ, մենք ալ կ՛ապրինք իբրեւ հայ: Սակայն պահանջատիրութեամբ միայն չէ, որ պիտի ապրինք: Կարեւոր դերակատարութիւնը, մշակութային իմաստով, Հայաստանի հայութեան վերապահուած է: Ամէն օր կը խօսուի մեր հայրենիքի տնտեսական եւ ռազմական հզօրացման մասին: Ճիշդ է` ծաղկուն տնտեսութիւնը եւ մարտական կարողականութիւնը պիտի երաշխաւորեն երկրին անվտանգութիւնը եւ կայուն զարգացումը, ինչպէս նաեւ Հայ դատին պիտի նպաստեն: Սակայն առանց մշակոյթի մնայուն զարգացման եւ բիւրեղացման, մշակոյթի մը, որ ազգային երանգ եւ շեշտ կ՛ունենայ, պիտի ունենա՞նք մեր երազելի անկախ Հայաստանը:

Մեր հայրենիքը այսօր բարոյապէս եւ մշակութապէս դեռ անկախ չէ: Ասոր վերջին ապացոյցը երկու ամիս առաջ երկրին մէջ ծայր առած համաժողովրդային շարժումն է, որ մկրտուած է օտարաբոյր

դուխով» անունով: Մի՞թէ հայերէնը մեռած է: Երեւակայեցէ՜ք անհեթեթութեան սահմանը: Վարդանանց շարժման օրերուն հայ ժողովուրդը ինքզինքը շատ աւելի դաժան, անորոշ եւ ճակատագրական պայմաններուն մէջ գտաւ, քան այսօր, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ կրօնական-մշակութային առումով, սակայն մեր նախահայրերը, առանց վարանելու կամ իր հզօր դրացիներէն` յոյներէն եւ պարսիկներէն փոխառութիւն կատարելու, հայ ազգի անզուգական զօրավարին` Վարդանին անունին կողքին հայաշունչ «քաջ», ոչ թէ «դուխով», մակդիր դրած են, եւ բոլոր սերունդները այդպէս պիտի յիշեն Մեծ Սուրբը:

Ե՞րբ մեր մէջէն պիտի հանենք ռուսամէտ տրամադրութիւնները եւ արեւմտամէտ նախասիրութիւնները: Ե՞րբ պիտի անկախանանք ոչ թէ ստորագրուած հռչակագիրներով եւ փաստաթուղթերով, այլ` հոգեպէս եւ բարոյապէս: Ե՞րբ Հայաստանի իշխանութիւնը իր թիկունքին ունենալով ժողովուրդը` պիտի յայտնաբերէ, մշակէ եւ ուղեցոյցի պէս հաստատէ սեփական ուղղութիւն-արեւելումը, որ փարոսի նման պիտի լուսաւորէ ճիշդ ճամբէն շեղած եւ խարխափումի մէջ եղող մեր ազգի հարազատ ճանապարհը:

Ժամանակն է այսօր, որ, անկախ տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներ դիմագրաւելու իրականութենէն, Հայաստանը մշակութային իմաստով ամբողջ հայութեան համար սեւեռակէտը դառնայ, որպէսզի միանգամընդմիշտ մեր վրայէն թօթափենք ստորակայութեան ամօթալի զգացումը եւ նախանձով լեցուած` գլուխ չկախենք Ամերիկաններու կամ Ռուսիաններու երիտասարդ մշակոյթներու դիմաց:

Մաշտոցի եւ Պարթեւի պէս սուրբ հսկաները իրենց կեանքերը նուիրեցին հայ ժողովուրդը ինքնուրոյն մշակոյթի ճամբով յաւերժացնելու: Այս վիթխարի աշխատանքը անցեալին կատարուած է, իսկ այսօր մեզի կը մնայ անոնց գծած ճանապարհին վրայ ոտքը դնել եւ քալել, քալել հաստատ ու հպարտ: Մեր մշակութային դարաւոր արժէքները, որոնք, Աստուած գիտէ, որքան ժամանակ փոշիներու տակ մնացած են, պէտք է փոշիէն սրբուին եւ գործածութեան մէջ մտնեն այլեւս: Հայաստանի իշխանութեանց առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ անյապաղ ձեռնարկել ծաւալուն աշխատանքներու, որոնք ազգային մշակութային վերածնունդը եւ անոր ժողովրդականութիւնը պիտի ապահովեն ու հայութեան անկախացման ընթացքը ամբողջացնեն: Հպարտ պէտք է ըլլանք եւ յարգալից` սեփական արժէքներուն հանդէպ, այն ատեն ուրիշներէ կը յարգուինք եւ կը ճանչցուինք: Ի դէպ, Վահրամ Մավեանը կը շարունակէ. «Երբ դուրս ելանք գրադարանէն, գրադարանապետը քիչ առաջուան պոռթկումիս անդրադառնալով` ըսաւ. «Ուրեմն հայ էք»:

Այսօր մեր պարտքն է անզիջելի սկզբունքի վերածել հայկականութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի օր մը, մշակութային ձեռնարկի մը օտարներու ներկայութեան եթէ պոռթկանք, բոլորը գիտնան, որ հայ ենք:

 

 

Նախորդը

Սպիտակի Երկրաշարժը, Ջաւախքը, Մարդը…

Յաջորդը

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի 24-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.