Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

11 Մայիս 1905. ԴՐՕ Ահաբեկեց Ազգամիջեան Խռովութեանց Հրահրիչ Պագուի Նահանգապետ Իշխան Նակաշիձէն

Մայիս 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Պ.

11 ­Մա­յի­սի այս օ­րը, 113 տա­րի ա­ռաջ, Անդր­կով­կա­սի նաւ­թա­յին մայ­րա­քա­ղաք Պա­գո­ւի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րակ­նե­րէն Պա­րա­պե­տի վրայ, 21ա­մեայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան մը ռում­բի հա­րո­ւա­ծով ա­հա­բե­կեց նա­հան­գա­պետ իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէն։

Ե­րի­տա­սարդ այդ յե­ղա­փո­խա­կա­նը Դ­րաս­տա­մատ ­Կա­նա­յեանն էր՝ ան­զու­գա­կան ԴՐՕն, որ այդ­պէ՛ս, օր-ցե­րե­կով եւ բա­նուկ հրա­պա­րա­կի մը վրայ, գոր­ծադ­րեց Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին տո­ւած մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը՝ հա­րիւ­րա­ւոր ան­մեղ հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը հրահ­րած ­Պա­գո­ւի նա­հան­գա­պե­տին դէմ։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման եւ, ընդ­հան­րա­պէս, հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն ու­շագ­րաւ եւ ու­սա­նե­լի է­ջե­րէն է Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը։ ­Նաեւ՝ այ­սօ­րո­ւան հա­մար նշա­նա­կա­լի դա­սեր փո­խան­ցող դրո­ւագ մըն է, որ մէ­կէ ա­ւե­լի զու­գա­հեռ­նե­րով լոյս կը սփռէ հա­յե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան մե­րօ­րեայ հա­կադ­րու­թեան ար­մատ­նե­րուն վրայ։

Ո՞վ էր ­Նա­կա­շի­ձէ եւ ի՞նչ ը­րած էր, որ ար­ժա­նա­ցաւ նման դա­ժան դա­տաս­տա­նի։

Ին­չո՞ւ ­Պա­գուն թա­տե­րա­բեմ հան­դի­սա­ցաւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան այ­դօ­րի­նակ հա­րո­ւա­ծին։

Պա­գուն 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին դար­ձած էր ոչ միայն Անդր­կով­կա­սի, այ­լեւ՝ ամ­բողջ Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան նաւ­թա­յին կեդ­րոնն ու ա­մէ­նէն ճար­տա­րա­րուես­տա­կան քա­ղա­քը, ուր անխ­նայ մրցակ­ցու­թեան մէջ էին ռու­սա­կան թէ անգ­լիա­կան, հայ թէ թա­թա­րա­կան դրա­մագ­լուխ­ներն ու գոր­ծա­տէ­րե­րը։

Իսկ 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան խառն ժա­մա­նակ­ներն էին։ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը, ար­տա­քին ճա­կա­տի վրայ, ծայ­րա­գոյն ա­րե­ւել­քի մէջ պա­տե­րազմ կը մղէր ­Ճա­փո­նի դէմ, իսկ ներ­քին ճա­կա­տի վրայ կը դի­մագ­րա­ւէր Ս. ­Փե­թերս­պուր­կէն սկսած եւ կայս­րու­թեան ողջ տա­րած­քը ա­լե­կո­ծած ըն­կե­րա­յին յե­ղա­փո­խու­թեան բուռն պայ­թու­մը։

Յատ­կա­պէս Անդր­կով­կա­սը յե­ղա­փո­խա­կան ա­լե­կո­ծու­մի մէջ էր եւ յե­ղա­փո­խա­կան տար­րե­րը, ա­ռանց ազ­գա­յին խտրու­թեան, միաս­նա­բար ծա­ռա­ցած էին ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ։

Բազ­մազ­գեան մեծ խառ­նա­րան մըն էր Անդր­կով­կա­սը, յատ­կա­պէս նաւ­թա­հո­րե­րով հա­րուստ ­Պա­գուն, ուր հայն ու ռու­սը, վրա­ցին եւ թա­թա­րը մէկ կող­մէ, ազ­գե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ճա­կա­տին վրայ, սուր մրցա­պայ­քա­րի մէջ էին ի­րա­րու հետ, իսկ միւս կող­մէ՝ ըն­կե­րա­յին չա­րա­շա­հում­նե­րու եւ կե­ղե­քում­նե­րու ա­ռու­մով, միա­ցեալ ու­ժե­րով ծա­ռա­ցած էին կայ­սե­րա­պե­տա­կան ճնշու­մի գոր­ծիք­նե­րուն՝ խա­ւա­րա­միտ ու յե­տա­դի­մա­կան տար­րե­րուն դէմ։

Հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­լի­քը հասկ­նա­լիօ­րէն լայն ար­ձա­գանգ գտած էր Պա­գո­ւի աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան մէջ՝ ան­կախ նաւ­թա­հո­րե­րու կամ ճար­տա­րա­րո­ւես­տա­կան մար­զի բա­նո­ւոր­նե­րու ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն։ Ի տես յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու այ­դօ­րի­նակ սաստ­կա­ցու­մին ու ծա­ւա­լու­մին՝ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն կար­գի դաւ ու սադ­րանք կ­’ո­րո­ճա­յին, հա­կակշ­ռե­լու հա­մար յե­ղա­փո­խու­թեան վա­րա­կիչ ա­լի­քը։

Ա­հա՛ պատ­մա­կան ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան այս են­թա­հո­ղին վրայ, խռո­վա­յոյզ Պա­գո­ւի նա­հան­գա­պե­տի իր դիր­քէն, թա­թա­րա­կան ծա­գու­մով ցա­րա­կան իշ­խան Նա­կա­շի­ձէն ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու յե­նա­րա­նը հան­դի­սա­ցող Պա­գո­ւի աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին հո­ղի վրայ պա­ռակ­տե­լու եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ջլա­տե­լու դա­ւադ­րու­թեան։

Իսկ նման սադ­րան­քի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար պատ­րաս­տի հող էր թուրք-թա­թար զան­գո­ւա­ծը, բա­նո­ւո­րու­թեամբ հան­դերձ, իր խա­ւա­րամ­տու­թեան ու կրօ­նա­մո­լու­թեան հե­տե­ւան­քով։ ­Մա­նա­ւանդ որ ինչ­պէս Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ, նոյն­պէս եւ Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան հո­վա­նիին տակ հրահ­րո­ւած էր թա­թար­նե­րու (ի դէպ՝ նաե՛ւ վրա­ցի­նե­րու) ամ­բո­խա­յին այն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, թէ իբր հա­յե­րը՝ սա­կա­ւա­թիւ ըլ­լա­լով հան­դերձ, ե՛ւ մեծ կշիռ ու­նէին մե­ծա­հա­րուստ­նե­րու շար­քին, ե՛ւ բա­րե­կե­ցիկ կեանք ա­պա­հո­ված էին ի­րենց բա­նո­ւոր­նե­րուն…

Նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն նեն­գամտու­թեամբ իւղ թա­փեց հայ-թա­թա­րա­կան հա­կադ­րու­թեանց ու թշնա­ման­քի այդ կայ­ծե­րուն վրայ՝ գաղտ­նա­բար զի­նե­լով նաեւ թա­թար ազ­գայ­նա­մո­լա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնց գլխա­ւո­րու­թեամբ 6 Փետ­րո­ւար 1905ին, ­Պա­գո­ւի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ, թա­թար խու­ժա­նը յար­ձա­կե­ցաւ հա­յե­րու եւ ա­նոնց խա­նութ­նե­րուն ու հաս­տա­տու­թեանց վրայ՝ քան­դե­լով, կո­ղոպ­տե­լով եւ սպան­նե­լով… ­Թուրք-թա­թար ամ­բո­խին կա­տա­ղու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ե­րեք օր՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­ռա­ջին օ­րը ա­նակն­կա­լի ե­կած հա­յու­թիւ­նը շատ ա­րագ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի դի­մեց՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ա­նոր յաղթ բռունց­քը մարմ­նա­ւո­րող հայ­դու­կա­պետ ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ ­Թէեւ թուրք-թա­թար ամ­բո­խի խժդու­ժու­թեանց սանձ դրո­ւե­ցաւ, բայց եր­կուս­տեք հա­րիւ­րա­ւոր զո­հեր ու վի­րա­ւոր­ներ ին­կան, իսկ ­Պա­գո­ւի հա­յու­թիւ­նը են­թար­կո­ւե­ցաւ նիւ­թա­կան հսկա­յա­կան կո­րուստ­նե­րու։

Այս աս­տի­ճան ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն էր նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէն։ Ա­նոր սադ­րան­քը ան­պա­տիժ պէտք չէ մնար՝ թէ՛ նոյ­նինքն յան­ցա­գոր­ծը ար­դար դա­տաս­տա­նի ար­ժա­նաց­նե­լու հա­մար, թէ՛ նման սադ­րանք­նե­րու եւ յան­ցա­գոր­ծու­թեանց կրկնու­մը կան­խար­գի­լե­լու նպա­տա­կով։

Եւ նա­հան­գա­պե­տին դէմ մա­հա­պա­տիժ ո­րո­շեց ոչ միայն ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ յան­ձին Պա­գո­ւի Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէի, այ­լեւ՝ ռուս ըն­կեր­վա­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րենց կար­գին մա­հա­պա­տի­ժի վճիռ ար­ձա­կե­ցին ­Նա­կա­շի­ձէի դէմ։ Մին­չեւ ան­գամ ­Ռուս ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը դի­մեց Դաշ­նակ­ցու­թեան՝ բո­լոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը վա­յե­լող մա­հա­պատ­ժի այդ ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն վստա­հե­լու ա­ռա­ջար­կու­թեամբ։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջեց ­Ռուս ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան դի­մու­մին, բայց այս վեր­ջի­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ան­յա­ջող ան­ցաւ։

Ցա­րիզ­մի նենգ պաշ­տօ­նա­տա­րը ան­պայ­ման պէտք է պատ­ժո­ւէր եւ ի վեր­ջոյ պատ­ժո­ւե­ցա՛ւ, երբ ան­զու­գա­կան ԴՐՕի յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ մա­հա­պա­տի­ժին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ ԴՐՕ այդ շրջա­նին կը ծա­ռա­յէր ռու­սա­կան բա­նա­կին մէջ, բայց հա­զիւ լսած ­Փետ­րո­ւար 6ի թուրք-թա­թար ամ­բո­խի խժդու­ժու­թեանց լու­րը՝ փու­թա­ցած էր Պա­գու ու ինք­զինք տրա­մադ­րած ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէին։ ԴՐՕ նաեւ կա­մա­ւոր իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կեց ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մի գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար, երբ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին փոր­ձը ձա­խո­ղե­ցաւ։
Եւ ­Դու­ման իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տո­ւաւ։

Գոր­ծո­ղու­թեան կազ­մա­կերպ­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը վստա­հո­ւե­ցաւ Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րէն Աբ­րա­համ ­Գիւլ­խան­դա­նեա­նի, իսկ ան­փորձ ա­հա­բե­կի­չին՝ ԴՐՕին պի­տի ա­ջակ­ցէր ­Գան­ձա­կե­ցի Կ­ռօ ա­նու­նով նոյն­պէս ե­րի­տա­սարդ յե­ղա­փո­խա­կան մը։

Եւ 11 ­Մա­յիս 1905ին ­Նա­կա­շի­ձէ ստա­ցաւ իր ար­ժա­նի պա­տի­ժը։

Իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէն նա­հան­գա­պե­տա­րան փո­խադ­րող ձիա­կառ­քը, շրջա­պա­տո­ւած ձիա­ւոր թիկ­նա­պահ­նե­րով, ա­մէն օր կ’անց­նէր ­Պա­րա­պե­տի հրա­պա­րա­կէն։ Գոր­ծո­ղու­թեան հա­մար ճշդո­ւած օ­րը՝ ­Մա­յիս 11ին, Կ­ռօ դիրք բռնած պէտք է ըլ­լար հրա­պա­րակ տա­նող փո­ղո­ցին ծայ­րը, իսկ ԴՐՕ՝ իբ­րեւ հրա­պա­րա­կին վրայ զբօս­նող ան­ցորդ, տոպ­րա­կի մը մէջ դրած մա­հար­կու ռում­բը, պի­տի սպա­սէր Կ­ռո­յի ազ­դան­շա­նին՝ թէ նա­կա­շի­ձէի կառ­քը կը մօ­տե­նար։ ­Բայց այդ օր Կ­ռօ ընդ­հան­րա­պէս չէր ե­րեւ­ցած, իսկ Ա. ­Գիւլ­խան­դա­նեան պահ մը ե­րեւ­ցած ու ան­հե­տա­ցած էր։ ԴՐՕ ա­ռան­ձին մնա­ցած էր… հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող թուրք-թա­թար պտղա­վա­ճառ մը, մայ­թին վրայ շա­րած էր իր վա­ճա­ռած միր­գե­րը. թարմ կե­ռաս ու­նէր. ԴՐՕ պտղա­վա­ճա­ռին ապսպ­րեց տոպ­րակ մը կե­ռաս եւ մինչ վա­ճա­ռոր­դը կը լեց­նէր տոպ­րա­կը, յան­կարծ լսո­ւե­ցան ձիա­կառ­քի եւ ձիա­ւոր­նե­րու ձայ­ներ։ Ա­ռանց այ­լայ­լե­լու, Դ­րօ իր ձեռ­քի տոպ­րա­կէն հա­նեց պատ­րաս­տի ռում­բը, ա­րա­գօ­րէն վա­զեց յա­ռա­ջա­ցող կառ­քի ուղ­ղու­թեամբ եւ նե­տեց ռում­բը։ Ա­հա­ւոր պայ­թիւ­նին հե­տե­ւե­ցաւ հրա­պա­րա­կի խու­ճա­պա­հար ան­ցորդ­նե­րու մեծ ի­րա­րան­ցու­մը։ ԴՐՕ խառ­նո­ւե­ցաւ ամ­բո­խին եւ ան­հե­տա­ցաւ…

Նա­կա­շի­ձէ, իր սպա­սա­ւո­րը, թիկ­նա­պահ­ներ եւ կե­ռա­սի պտղա­վա­ճա­ռը տեղն ու տե­ղը սպան­նո­ւե­ցան։

Ահ ու սար­սա­փը պա­տեց կայ­սե­րա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն եւ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան։

«Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կով­կա­սեան Բ. Կ. ­Կո­մի­տէի ո­րոշ­մամբ՝ ­Պա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէ, փետ­րո­ւա­րեան ե­ղեռ­նի գլխա­ւոր հե­ղի­նա­կը, ­Մա­յի­սի 11/24ին են­թար­կո­ւեց տե­ռո­րի՝ ռում­բի մի­ջո­ցաւ։ ­Նա­հան­գա­պե­տը սպան­նո­ւեց տեղ­նու­տե­ղը։ Տե­ռո­րիս­տը ա­զատ է»…

Այդ­պէ՛ս, հե­ռագ­րա­լու­րի մը պէս խիտ եւ մե­ծա­տառ ու մա­հավ­ճի­ռի մը նման հա­տու եւ ա­հազ­դու, վե­րե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը գրա­ւեց ճա­կա­տը Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի ­Յու­նիս 1905ի հա­մա­րին ա­ռա­ջին է­ջին։

Սոսկ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը չե­ղաւ «Դ­րօ­շակ»ի այդ ազ­դը, այլ՝ ա­րիւ­նա­լի ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ե՛ւ ող­բեր­գա­կան, ե՛ւ դիւ­ցազ­նա­կան խոր­հուր­դը փո­խան­ցեց հա­յոց պատ­մու­թեան ու մեր սե­րունդ­նե­րուն։
Այդ­պէ՛ս, ­Բա­գո­ւի Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէն, հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ընդ­հան­րա­պէս Անդր­կով­կա­սի հան­րա­յին կար­ծի­քին ուղ­ղո­ւած եր­կու ան­ջատ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ստանձ­նեց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ­Նա­կա­շի­ձէի մա­հա­պա­տի­ժին։ Իսկ Հ.Յ.Դ. ­Կով­կա­սեան ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մի­նը, յատ­կա­պէս ցա­րա­կան պաշ­տօ­նէու­թեան ուղ­ղո­ւած եր­րորդ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը, ազ­դա­րա­րեց Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման ի պա­տաս­խան հա­կա­հայ նոր դա­ւեր սադ­րող ու­ժե­րուն, թէ ա­ւե­լի հա­տու պի­տի ըլ­լայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու յա­ջորդ հա­րո­ւա­ծը։

Ան­շուշտ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի հա­մար զգաս­տա­ցան ռուս պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը, նոյն­պէս եւ թուրք-թա­թար ազ­գայ­նա­մոլ շար­ժում­նե­րու պա­րագ­լուխ­նե­րը։

Բայց հրձի­գու­թիւ­նը գոր­ծո­ւած էր ար­դէն եւ ազ­գա­մի­ջեան լա­րո­ւա­ծու­թիւնն ու թշնա­ման­քը մէ­կան­գա­մընդ­միշտ սան­ձա­զեր­ծո­ւած էին…

Փոքր ազ­գե­րը պէտք է զո­հա­բե­րո­ւէին, իբ­րեւ պարզ խա­ղա­քա­րե­րու, ի հա­շիւ մե­ծա­պե­տա­կան ի՜նչ-ի՜նչ շա­հե­րու ձեռք­բեր­ման եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ծրա­գիր­նե­րու կար­գա­ւոր­ման…

Այս ի­մաս­տով է, ա­հա՛, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ու լի­նե­լու­թեան ա­հեղ կրո­ւի ա­մէ­նէն ու­շագ­րաւ եւ ու­սա­նե­լի է­ջե­րէն մէ­կը ե­ղաւ 11 ­Մա­յիս 1905ին ­Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը։

Ու­սա­նե­լի գլխա­ւոր դա­սը, ան­շուշտ, ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի հա­կա­հայ դա­ւադ­րու­թեան մեր­կա­ցումն էր։ Ինչ­պէս որ ա­հա­բեկ­ման ազ­դին հե­տե­ւող եւ «­Հա­մի­դա­կա­նու­թիւ­նը Կով­կա­սում» խո­րագ­րո­ւած իր խմբագ­րա­կա­նով «Դ­րօ­շակ» կ­’ընդգ­ծէր օ­րին, 1905ի Փետ­րո­ւա­րին ­Պա­գո­ւի մէջ սկսած եւ այ­նու­հե­տեւ, ա­ւե­լի քան տա­րի մը, ամ­բողջ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին պար­բե­րա­բար կրկնո­ւած հա­կա­հայ ջար­դե­րը ոճ­րա­յին մտայ­ղա­ցումն էին ­Ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց։ ­Թիֆ­լի­սի մէջ փո­խար­քայ իշ­խան Գո­լի­ցի­նը եւ ­Պա­գո­ւի մէջ նա­հան­գա­պետ իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէն, ­Ցա­րա­կան ար­քու­նի­քի հրա­հանգ­նե­րը գոր­ծադ­րե­լով, ի­րե՛նք զի­նե­ցին Անդր­կով­կա­սի թուրք-թա­թար ամ­բո­խը եւ… զայն ար­ձա­կե­ցին ան­զէն ու ան­մեղ հա­յու­թեան դէմ։

Ցա­րիզ­մի նպա­տա­կը մէկ ու միակ էր. ինչ­պէս որ ­Սուլ­թա­նը, հայ ժո­ղո­վուր­դի յե­ղա­փո­խա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մը ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու մտօք, ձեռ­նար­կեց հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր ան­զէն հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դին, միեւ­նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ ալ ­Ցա­րը, Անդր­կով­կա­սի մէջ իր բռնա­տի­րու­թեան դէմ ծա­ւա­լած յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը ճզմե­լու հա­շո­ւար­կով, ո­րո­շեց ազ­գա­մի­ջեան ընդ­հա­րում­ներ հրահ­րել եւ թուրք-թա­թար մահ­մե­տա­կան ամ­բո­խը իբ­րեւ սան­ձիչ մտրակ գոր­ծա­ծել հայ եւ վրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ըմ­բոս­տաց­ման խմո­րում­նե­րուն դէմ։ ­Նաեւ ա­ւե­լի՛ն. երբ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը դէմ յան­դի­ման գտնուե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րած հայ­կա­կան ու­ժեղ դի­մադ­րու­թեան, երբ թուրք-թա­թար հրո­սա­կա­խում­բե­րը չա­րա­չար պար­տու­թիւն կրե­ցին ­Ղա­րա­բա­ղէն մին­չեւ Ե­րե­ւան ու ­Նա­խի­ջե­ւան, ­Ցա­րի կա­մա­կա­տար­նե­րը ձեռ­նա­մուխ ե­ղան այս ան­գամ հա­յեւվ­րա­ցա­կան ազ­գա­մի­ջեան գրգռու­թեանց… բայց ա­տի­կա ար­դէն ա­ռան­ձին քննար­կում պա­հան­ջող նիւթ է…

11 ­Մա­յիս 1905ին ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­տու պա­տաս­խանն էր թէ՛ փոքր ազ­գե­րը զո­հա­բե­րե­լու պատ­րաստ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն, թէ՛ ա­նոնց ձեռ­քը կոյր գոր­ծի­քի վե­րա­ծո­ւած ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րուն։

Իսկ ԴՐՕի յան­դուգն քայլն ու ընդ­հան­րա­պէս Անդր­կով­կա­սի հա­յոց ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւան­նե­րը ամ­րապն­դե­լու ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը մղիչ ուժ եւ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձան հայ ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի հո­գե­պէս եւ մար­տա­կա­նօ­րէն նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի աշ­խար­հա­սա­սան հե­տա­գայ ցնցում­նե­րուն։

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Նոր Նախարարներ Նշանակուեցան

Յաջորդը

Վստահ Եմ` Մեր Ցանած Սերմերը Եւ Բացած Ճամբաներն Առաւել Կը Խորանան. Հրանոյշ Յակոբեան

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?