ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ինչո՞ւ ռուսերը չմիջամտեցին Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապին, իսկ եթէ ռուսական գործօնը ազդեցիկ էր, ապա ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ինչպէ՞ս շարժեցան ռուսերը:
Չեմ ուզեր մանրամասն գրել կամ ուսումնասիրել այս օրերու ժողովրդային շարժման մասին, որ տապալեց նախկին նախագահ եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը, տակաւին կանուխ է ատոր համար, եւ իբրեւ քաղաքագիտութեան ուսանող` կը կարծեմ, որ քաղաքական կեանքին մէջ չկան փայլուն յաղթանակներ, մանաւանդ երբ աշխարհաքաղաքականութիւնը իր լայնածաւալ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրի մը ներքին քաղաքական կեանքին վրայ:
Ռուսերը մտահոգուած էին, որ «գունաւոր յեղափոխութիւն»-ներու ալիքը նաեւ հարուածէ Հայաստանը, ռուս վերլուծաբաններ զգուշութեամբ կը մօտենային այս հարցին, սակայն անոնց երեւակայութեան մէջ միշտ ալ կային Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ օրինակները: Շատեր մտահոգ էին, որ դէպի Եւրոպական Միութիւն Սերժ Սարգսեանի առած քայլերը իրեն այս վիճակին հասցուցին` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ արեւմտեան ֆինանսաւորումով Եւրոպան ունեցաւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հսկայ ցանց մը, որ հակառուսական քարոզարշաւ կը տանէր: Եւ այստեղ որոշ իրականութիւն մը կայ. ներկայիս այս բոլոր կազմակերպութիւնները եւ ուսումնասիրական կեդրոնները կը ֆինանսաւորուին Եւրոպական Միութեան կամ ամերիկեան կառավարութեան կողմէ: Ռուսական կողմը մտահոգ էր, որ Միացեալ Նահանգներ այլ ճակատ մը բանան իր դէմ, եւ այս անգամ` Հարաւային Կովկասի մէջ:
Անտրէ Քորիպքօ, որ կը նկատուի Ալեքսանտր Տուկինի աշակերտներէն եւ նշանաւոր է իր հակահայաստանեան քաղաքական կեցուածքներով, «Ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, ժողովրդավարութեան պարտութիւն է» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ կը յայտնէ այն համոզումը, որ Սերժ Սարգսեանը պէտք էր ուժ գործադրէր ցուցարարներուն դէմ, որպէսզի` «երկրին մէջ կարգ ու կանոն հաստատէր»: Ան ժողովրդային շարժումը կը նկատէ ամերիկեան դեսպանատան կողմէ պատրաստուած «գունաւոր յեղափոխութիւն» մը, որ գործադրուեցաւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ` դէմ դնելու համար երկրին մէջ ռուսական քաղաքական ազդեցութեան: Ան նաեւ կ՛ամբաստանէ Ամերիկայի մէջ «ամերիկամէտ հսկայ հայկական ազգայնամոլական գաղութը», որ նեցուկ կանգնեցաւ այս շարժումին: Ըստ Քորիպքոյի, քաղաքական խմբակցութիւն մը, որ կը ներկայացնէ ժողովուրդին 7-8 առ հարիւրը, իրաւունք չունի «յեղաշրջում» կատարելու: Ան նաեւ ցուցարարներուն միացած բանակայիններուն կեցուածքը կ՛անուանէ «դաւաճանութիւն»:
Ըստ «Տի Իքոնոմիսթ» (26 ապրիլ 2018) շաբաթաթերթին, ռազմավարականօրէն ոչ մէկ բան պիտի փոխուի հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ: Ներկայ դրութեամբ Հայաստան այլընտրանք չունի, եւ Ռուսիոյ հետ զինուորական դաշինքը կ՛արգիլէ անոր` ՕԹԱՆ-ի հետ ապագայ ռազմավարական որեւէ տեսակի յարաբերութիւններ մշակել: Միւս կողմէ, Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Հայաստանի տագնապը ներքին հարց մըն է, եւ Ռուսիա չի միտիր միջամտել անոր: Իսկ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին արձագանգելով` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսաւ. «Հայաստա՛ն, Ռուսիան միշտ քու հետդ է»: Անշուշտ Քրեմլինի համար լաւագոյն թեկնածուն նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանն էր, որովհետեւ ան ռուսական «Կազփրոմ ընկերութեան մէջ գործուն դերակատարութիւն ունէր եւ «Կազփրոմպանք»-ի տնօրէնն էր, ինչպէս նաեւ ռուսահայ մեծահարուստ Սամուէլ Կարապետեանին գործընկերը:
Ռուսական դիրքորոշումը արտայայտեց նախագահ Փութին, երբ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանին ըսաւ, որ տագնապը պէտք է լուծուի սահմանադրական խողովակներով` Ազգային ժողովին մէջ, ըստ ապրիլ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, որոնց հիմամբ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն կազմեց: Միեւնոյն ժամանակ, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ԹԱՍՍ (25 ապրիլ 2018) լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ պատահածը ներքին հարց է, սակայն Ռուսիա զգուշութեամբ կը hետեւի պատահածին:
Հայկական տարբեր կողմեր զգացին մտահոգութիւն մը, երբ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը (28 ապրիլ 2018) հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հանդիպում ունեցաւ ազրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ, եւ երկու կողմերը քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը: Սակայն Նիկոլ Փաշինեանը բաւական զգուշ էր Ռուսիոյ վերաբերող իր յայտարարութիւններուն մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը կը պատկանի այն խմբակցութեան, որ առաջարկեց, որ Հայաստան դուրս գայ Եւրասիական տնտեսական միութենէն: Ռուսական մտահոգութիւնը քննարկուեցաւ Փաշինեանին հետ, երբ ան հանդիպում ունեցաւ ռուսական Տումայի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ ռուս գործընկերներուն պարզ դարձաւ, թէ Ռուսիոյ դէմ ոչ մէկ դաւադրութիւն կայ եւ կարելի չէ ըլլայ»:
Փաշինեանը այս բոլորը շատ լաւ գիտէ, եւ ասիկա հետաքրքրական է. սակայն քիչերը նկատեցին, որ երբ Փաշինեանը եւ իր երկու պատգամաւոր գործընկերները ազատ արձակուեցան, ան Հանրապետութեան հրապարակ ուղղուելով` ըսաւ, որ այս շարժումը չէ ուղղուած «մեր ռուս եղբայրներուն դէմ»… արդեօք ի՞նչ պատահեցաւ Փաշինեանին հետ, որ Ռուսիոյ նկատմամբ այսպիսի չափաւորական քաղաքականութիւն վարէ, կամ ալ որո՞ւ հետ հանդիպեցաւ այդ ամբողջ օրը…
Անշուշտ Փաշինեանին յայտարարութիւնը, որ` «այս շարժումը չէ ուղղուած Ռուսիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու դէմ, այլ փտածութեան դէմ եւ արդար Հայաստանի համար պայքար է», չհամոզեց ռուսական կողմը: Փաշինեանի համաձայն, ժողովրդային շարժումը ներքին հարց էր եւ չունէր աշխարհաքաղաքական հորիզոններ: Անշուշտ ասիկա տակաւին կանուխ է ըսելու, սակայն ան որոշ «երաշխիքներ» ղրկեց Քրեմլին` ըսելով, որ վարչապետ ընտրուելու պարագային, ինք փոփոխութիւններ պիտի չկատարէ երկրին արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Սակայն, միւս կողմէ, Ռուսական Դաշնութեան արտաքին գործերու խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Ժապարովը «ՌԻԱ Նովոսթի» (2 մայիս 2018) կայքին հետ հարզազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ պատահածը շատ մտահոգիչ է, եւ քննադատեց Նիկոլ Փաշինեանին անզիջող քայլերը` լարուածութիւնը դադրեցնելու ջանքերուն դիմաց:
Փաշինեանը նաեւ յստակացուց, թէ ինք չ՛ըսեր, որ հարց չկայ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն ամէն ինչ կը լուծուի երկխօսութեամբ:
Ժողովին ներկայ էր Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի գործերով եւ Եւրասիական միութեան կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Կոստանդին Զատուլինը: Զատուլին ըսաւ. «Ի վերջոյ բոլորս ալ շահագրգռուած ենք, որ ամէն ինչ անցնի օրինական ընթացակարգով` խորհրդարանի պատերէն ներս»: Ապա աւելցուց, որ Փաշինեանէն բացի` կան այլ թեկնածուներ, ինչպէս` Գագիկ Ծառուկեան եւ ուրիշ դէմքեր, սակայն ես չեմ ըսեր, թէ ո՛վ ցանկալի է եւ ո՛վ` ոչ: Ապա ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին հետ` քննարկելու համար Հայաստանի տագնապը. այդ հանդիպումէն ետք Քոչարեան խօսքը ուղղելով Փաշինեանին` ըսաւ. «Իշխանութիւնը ճամպրուկ չէ, որ վերցնեն ու փոխանցեն»:
Անշուշտ հետաքրքրական էր, որ Ռուսիոյ հայերու միութեան ղեկավար Արա Աբրահամեանը հաստատեց իր պաշտպանութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան եւ ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ Նիկոլ Փաշինեանը կը պահպանէ իր խոստումը եւ կը վերականգնէ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի մէջ»: Այստեղ ռուսական կողմը որոշ չափով համոզուած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանին վարչապետ ընտրուելով, կրնար Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը իր ազդեցութեան տակ պահել եթէ ոչ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան միջոցով, ապա` այլ դաշնակիցներով: Մասնաւորապէս Ծառուկեանի դաշինքը եւ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ «կրտսեր գործընկեր»:
Եզրակացնեմ, որ նոյնիսկ եթէ Հայաստան բռնէ ժողովրդավարութեան ճամբան, որ բոլորիս փափաքն ու նպատակն է, պէտք է բոլորիս համար ալ յստակ դառնայ, որ Ռուսիայէն զատ այլ ելք չկայ, մանաւանդ` անվտանգութեան եւ տնտեսութեան հարցով: Ռուսիա բազմաթիւ քաղաքական խաղաքարտեր ունի եւ այլընտրանքներ Հայաստանի մէջ, ինչպէս` իր ռազմակայանները, Ռուսիոյ մէջ հայկական հսկայ գաղութը, Հայաստանի մէջ ռուսամէտ քաղաքական գործիչներ եւ վաճառականներ` անցնելով մինչեւ արցախեան տագնապը: