Սպանական Ռէալ Մատրիտ ակումբը այս մրցաշրջանի աւարտին կը մտադրէ թարմացնել միջնապահ դիրքը:
Արքայական ակումբը պատրաստ է վաճառելու կալեսցի Կարեթ Պէյլը, սպանացի Իսքոն եւ խրուաթ Մաթէօ Քովաչիչը:
Իսքոյով հետաքրքրուած է անգլիական Մանչեսթըր Սիթին, որ պատրաստ է 86 միլիոն եւրօ վճարելու սպանացիին համար: Մանչեսթըր Եունայթըտն ալ կ՛ուզէ Պէյլը, որուն համար կը պահանջուի 100 միլիոն եւրօ:
Մանուէլ Նոյեր Վերսկսաւ Իր Մարզումներուն
Պայերն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նոյեր վերսկսած է իր մարզումներուն: Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահը սկսած է մարզական վիճակը վերագտնել ծանրօրէն վիրաւորուելէ եւ ապաքինման շրջան մը բոլորելէ ետք:
Նոյեր դաշտերէն կը բացակայի սեպտեմբերէն, երբ ձախ ոտքը ծանրօրէն վիրաւորուած էր: Ան յոյս ունի մասնակցելու քանի մը ամիսէն Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին:
Գերմանացի բերդապահը երէկ նշեց իր ծննդեան 32-րդ տարեդարձը: