Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացառութեամբ Հիւլէական Զէնքին. Ռուհանի. «Մեր Երկիրը Պաշտպանելու Համար Կրնանք Մեր Ուզած Որեւէ Զէնքը Որեւէ Քանակով Արտադրել»

Փետրուար 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ իր երկիրը կարիքը ունի իր կարողութիւններուն ամրապնդման շուրջ քննարկումներ կատարելու` նշելով, որ իրանցիները պէտք է ըլլան հզօր եւ ամրապնդեն իրենց պաշտպանական կարողութիւնները, այնքան ատեն որ անոնց դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին:

Մշակութային տասը կեդրոններու եւ Սրբազան պաշտպանութեան շուրջ թանգարանի բացումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Մեր երկիրը օրէնքներու եւ յեղափոխութեան ղեկավարի կրօնական հրամանագիրի ծիրին մէջ պաշտպանելու համար պիտի արտադրենք որեւէ զէնք, եւ այդ ալ` մեր ուզած քանակով: Չենք ձգտիր հիւլէական զէնքի ձեռքբերման, որովհետեւ ղեկավարի կրօնական հրամանագիրն ու միջազգային օրէնքները ատիկա չեն արտօներ»:

Միւս կողմէ, «Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի անդամ Ջաւաղ Քարիմի Ղոտուսի բացայայտած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Իրան կատարելիք այցելութենէն առաջ ներկայացուցած է երեք նախապայմաններ:

Առաջինին համաձայն, 40-ամեայ Մաքրոն կը պահանջէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին ընդունի Արեւմուտքին հետ դարձեալ բանակցելու առաջարկը: Երկրորդ նախապայմանին համաձայն, Իրան պէտք է բանակցութիւններու սկսի վիճայարոյց հրթիռային ծրագիրին շուրջ, իսկ երրորդ` Իրան պէտք է վերջ տայ շրջանային գործերուն մէջ աշխուժ միջամտութեան եւ դադրեցնէ ծայրայեղական խմբաւորումներուն աջակցութիւնը:

Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամ Ղոտուսի նաեւ մանրամասնած է, որ Ֆրանսայի նախագահը խնդրած է իրանցի իր պաշտօնակից Հասան Ռուհանիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիս կատարել ու ատոր ծիրին մէջ լսել, որ Իրանի նախագահը կը յայտարարէ հրթիռային ծրագիրին շուրջ նոր բանակցային փուլի սկզբնաւորման մասին:

Ղոտուսիի համաձայն, Մաքրոնի ներկայացուցած 3-րդ նախապայմանը կ՛ենթադրէ, որ Իրան պէտք է համաձայնի եռակողմ հանդիպում ունենալ Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ, որպէսզի երկիրները բանակցին Իրանի շրջանային աշխուժ դերակատարութեան վերջ տալու, Հըզպալլայի եւ Եմէնի հուսիներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ լուրջ միջամտութիւնները դադրեցնելու հարցերուն շուրջ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ այս զարգացումները արձանագրուած են, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յունուարին եւրոպացիներուն 120 օրուան պայմանաժամ տուած է` Իրանի հետ բանակցելու եւ շարք մը հարցերու շուրջ համաձայնութեան գալու համար: Թրամփ մասնաւորապէս կ՛ուզէ, որ Թեհրան վերջ տայ հրթիռային ծրագիրի զարգացման, զերծ մնայ հիւլէական զէնքի ստեղծումէն, չմիջամտէ շրջանային պետութիւններու գործերուն եւ չաջակցի ահաբեկչութեան:

Եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Իրան, չդիմանալով Ուաշինկթընի ճնշումին, համաձայնած է հրթիռային ծրագիրի եւ օտար երկիրներու մէջ միջամտութեան հարցերով բանակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ:

Նախորդը

ՊԱԿ Կ՛որոշէ Երուսաղէմի Վերաբերեալ Թրամփի Որոշումին Հարցով Դիմել Ապահովութեան Խորհուրդին Եւ Միջազգային Քրէական Դատարանին

Յաջորդը

Աֆրինի Շրջանին Մէջ Քիւրտ Զինեալներուն Ու Թրքական Բանակին Միջեւ Բուռն Բախումներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?