Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստղա-Հնագիտական Վարկածներ Զօրաց Քարերուն Շուրջ

Յունուար 17, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
1
Share on FacebookShare on Twitter

Բ.- Մերօրեայ Զեղումներ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ծանօթ.- Յօդուածի առաջին մասը կու տար պատմական ակնարկ, աստղագիտական տարրեր եւ Պարիս Հերունիի վարկածը` Զօրաց քարերու տարիքին շուրջ:

Կարապի Երգ.- Կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու Վաչագան Վահրադեանը հարիւր տոկոս համաձայն է Հերունիի տեսութեան: Վահրադեանը նկատած է, որ հնավայրի (զոր ինք կը կոչէ «Անգղի Քարահունջ») դասաւորումը նմանութիւն ունի Անգղի  (Կարապ-Cygnus ) համաստեղութեան հետ: Նկատած է նաեւ, որ այդ «անգղ»-ի երկրային «պատճէնում»-ի  իրանին վրայ կը գտնուին այլ ծիսական հնավայրեր, ինչպէս` «Պորտաքար», որ առնչուած է արգասաբերութեան ծէսերու: (1) Ըստ Վահրադեանի, Զօրաց քարերը մաս կը կազմեն ընդարձակ ծիսական համալիրի մը: Վարկածին հիմնական դրոյթը այն է, որ հնավայրը ընդօրինակած է ա՛յն ձեւը, որ Կարապի համաստեղութիւնը ունէր հազարամեակներ առաջ:

Այո՛, համաստեղութիւններ կը փոխեն իրենց ձեւերը: Ամէնէն ծանօթ օրինակն է Մեծ արջը: Կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ, որ անոր ձեւը նկատելիօրէն փոխուած է 100 հազար տարուան ընթացքին:

Տեսութիւնը կը հիմնուի քանդակի մը վրայ, որ գտնուած է աշխարհի հնագոյն ծանօթ տաճարին` «Կէօպեկլի թեփէ»-ի մէջ (Potbelly Hill, կամ` «Պորտաւոր Բլուր»), որ կը գտնուի Ուրֆայէն 12 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք: Կը պատկանի Ն. Ք. 11-րդ դարուն: Վահրադեանը ատիկա կը կոչէ «Պորտասար»: Կարգ մը հնագէտներ կը կարծեն, որ այդտեղ պատկերուած են այդ ժամանակին ծանօթ համաստեղութիւններ:

Համաստեղութիւնները գրաւած են նախամարդու ուշադրութիւնը, որովհետեւ կը համապատասխանեն տուեալ եղանակի մը: Կարապի համաստեղութիւնը, օրինակ,  այժմ կը յայտնուի սեպտեմբերին: Ուշ պրոնզէ դարուն անիկա կը յայտնուէր յուլիսին: Յօդուածի Ա. մասին մէջ  նշած էի, որ ախթարքը սահած է շուրջ երկու ամիսով:

Պորտաւոր բլուրի բարձր գեղարուեստով կատարուած քանդակներուն մէջ տեսնուող անգղի կերպարանքը որոշ չափով կը տարբերի համաստեղութեան ներկայ ձեւէն: Թուաբանական «յետհաշուարկ» (extrapolation)կատարելով Վահրադեանը հասած է այն եզրակացութեան, որ ներկայ ձեւը 85 տոկոսով կը համընկնի Անգղի համաստեղութեան ա՛յն ձեւին հետ, որ անիկա ունէ… տասնչորս հազարամեակներ  առաջ: Վահրադեանը չի յայտներ սակայն, թէ համաստեղութեան բազում աստղերէն որո՞նք ներառած է իր համընկնումի (correlation) հաշուարկին մէջ: Վիճակագրական հաշուարկներ անիմաստ կը դառնան, երբ տուեալները (data) ընտրովի եւ / կամ փոքրաքանակ են:

Ընթերցողին կը մնայ կողքի գծապատկերին մէջ բաղդատել անգղի քանդակը Անգղի համաստեղութեան հետ: Ըստ իս, այդ աստղահոյլը այնքան կը նմանի անգղի, որքան հիւսիսային բեւեռի աստղերը` արջի: Ի դէպ,  չիները Մեծ արջի համաստեղութիւնը նմանեցուցած են կառքի: (2) Այլ մշակոյթներ` այլ բաներու: Բացի այդ, քանդակի դասաւորումը  չի համապատասխաներ երկնային համաստեղութիւններու դասաւորումին: Անգղ-Կարապի կողքին չկայ կարիճ: Չկան նաեւ առասպէլական միւս էակները:

Տարակուսանք կը պատճառէ այլ պարագայ մը եւս: Վահրադեանը կը տեղեկացնէ, որ հիմնական քարերէն մէկը վերջերս  գողցուած է: Ասիկա կը թելադրէ դաւադրական տեսութիւն (conspiracy theory): Արդե՞օք նենգ թշնամին գաղտագողի եւ աննկատ փոխադրած  է  մի քանի թոն կշռող հոյաժայռը, պարզապէս որպէսզի խափանէ Վահրադեանի տեսութիւնը:

Ինչպէս Հերունին, այնպէս եւ Վահրադեանը կը յենի նաեւ լեզուական եւ մատենագրական այլ անհաւաստի վարկածներու վրայ: Նիւթին այդ երեսը զանց կ՛առնեմ իմ չիմացութեան պատճառով: Կան, սակայն,  ակնյայտ ձաբռտուքներ: Թրքերէն «dik» (ցից) բառը արեւելահայերէն հնչումով հարկ է որ ըլլար «դիկ»,  բայց ոմանք կը գրեն «դիք» ( իմա` «Աստուածներ»), որպէսզի «Դիք-դիք քարեր» ենթադրէ երկնային առնչութիւն:

«Հայասիրական».- Վահրադեանը կրկնապատկած է հերունիական վարկածին տարիքը, հաւանաբար ան մղուած է հայրենասիրութենէ: Ատիկա յստակօրէն կը թելադրեն նաեւ իր քաղաքական ելոյթները:

Ազգայնամոլական ինքնախաբէութիւնը ունի հիւանդագին արտայայտութիւններ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռքի մէջ: Կը փորձուի ամէն գնով ջատագովել այն վարկածը, որ մշակոյթը ծագած է պատմական հայաստանի տարածքին: Աստղագիտութեան առնչուող վարկածներէն մէկը այն է, որ հայեր եղած են աստղագէտ մոգերու դաս մը, որ ուղեւորուած (թերեւս առաքուած) է ամէնուր եւ տարածած` մշակոյթ: Վերջին «փաստ»-ը այն է,  որ միայն հայ մը, ոմն Արման Ռեւազեան,  կրցած է վերծանել առեղծուածային «Փաւստոսի սկաւառակ»-ի (Phaistos) նշանագրերը: Այդ փոքրիկ սկաւառակը (15 սմ տրամագիծ) 1908 թուականին գտնուած է Կրետէ կղզիի վրայ գտնուող մեհեանի մը ներքնայարկին մէջ: Ըստ Արմանի սկաւառակը կ՛ըսէ. «Հայա աստծոյ փոխանորդ Արտաշ արքան գրեց այս մեհենագիրը, եւ հայ գիտնականները անկիւնաչափ յայտնագործելով` կարողացան Երկրի ու արեւի անկիւնը չափել: Մ. թ. ա. 1500 թուականին նրանց յաջողուել է բեւեռային աստղը գտնել: Արմանայ աշխարհի գիտնականները կարող են կարդալ սկաւառակը»:

Ռեւազեանը ակնյայտօրէն ծանօթ չէ ամենատարրական աստղագիտութեան: «Աշխարհի անկիւն»-ը անիմաստ եզր է: Կարելի չէ դիտել աշխարհը, երբ կը գտնուիս անոր վրայ: Իսկ արեւու անկիւնը, որ մօտաւորապէս հաւասար է լուսնի անկիւնին (հետեւաբար` խաւարում),  կարող են չափել մանուկներն իսկ: Ատիկա մէկ մատի լայնք է: Ռեւազեան ծանօթ չէ «կանխում»-ի շրջանին: Ո՞վ է լսեր Արտաշ արքայի մասին, որ տիրած է Ն. Ք. 33-րդ դարուն (1800 + 1500ի` բաց առեալ «Արմանա» աշխարհի Արման Ռեւազեանէն:

Իրողութիւնը այն է, որ ամբողջ 125 տարի լեզուագէտներ չեն իսկ փորձած վերծանել սկաւառակը, որովհետեւ շատ հակիրճ է եւ եզակի, չկան այլ նմուշներ: Տեսականօրէն կարելի է զայն վերծանել ցանկացած ձեւով: Օտար «Արմաններ» այդ «կարդացած» են բոլորովին այլ ձեւով: Այս կը յիշեցնէ Ռահպանի եղբայրներու «Երեք երգեր»-ը, ուր միեւնոյն անընթեռնլի նամակը երեք անձերու կողմէ կը կարդացուի երեք բոլորովին տարբեր ձեւերով, երեք յետին նպատակներով: Կարգ մը հնաբաններ կը կարծեն, որ սկաւառակը կեղծ է, չարաճճի կատակ մը: Հնագիտութեան մէջ պատահած են նման դէպքեր: Յունաստանի կառավարութիւնը կը մերժէ զայն ենթարկել գիտական փորձի, որովհետեւ ներկայ միջոցը (Thermoluminescence – ջերմալուսարձակում) կը պահանջէ որպէս փորձի նմուշ տաշել սկաւառակին` շուրջ 5 տոկոսը:

Արման Ռեւիզեանին վարկածը խանդավառութեամբ կ՛աւետէ «Մագաղաթ» կայքը:  Բայց ի՞նչ կրնանք որսալ մեր կարթը նետելով այս պղտոր ջուրերուն մէջ: Ուրիշ ի՞նչ` բացի արգահատանքէ: (3)

Գիտականը` անտեսուած .– Բոլոր վարկածներուն հեղինակները ոչ մէկ ճշգրիտ հաշուարկ կատարած են այն միակ հաստատ չափումին, որուն Զօրաց քարեր աստղադիտարանը ակնյայտօրէն կը ծառայէր: Ատիկա ամառնային արեւադարձն է, տարուան ամենաերկար օրուան արեւածագի ուղղութիւնը (ԱԱ): Կողքի պատկերը կը բաղդատէ երեք աստղադիտարաններ: Երեքին առանցքներն ալ ուղղուած են դէպի ամառնային արեւադարձ: Նապթա մօտ է հասարակածին: Շեղումի անկիւնը գրեթէ հաւասար Երկրի առանցքի թեքումին: (23-24 աստիճան). Սթոնհենճին շեղումը շատ աւելի մեծ է (շուրջ 41 աստիճան), որովհետեւ կը գտնուի շատ աւելի հիւսիս: Հիւսիսային բեւեռներու վրայ ամառնային արեւադարձի օրը արեւը երկինքի վրայ շրջան կ՛ընէ առանց մար մտնելու:

Փոքր գծանկարի չափումներէն դատած` Զօրաց քարերու շեղումը (ա) կը թուի ըլլալ 32- 33 աստիճան: Միթէ այդ կը համապատասխանէ՞ 7,5 եւ կամ 14 հազար տարի առաջ տեղի ունեցող արեւադարձերու անկիւնին: Դատումներ կատարելու համար հարկ է, որ պատասխանը ունենայ շատ աւելի նուազ քան 0,3 անկիւնի ճշգրտութիւն:  Ո՜վ զարմանք, այս էական հարցը Հերունիին եւ Վահրադեանին կողմէ պատասխան չէ ստացած: Չէր կրնար ստանալ, որովհետեւ կարելի չէ ձեռք բերել այդպիսի ճշգրտութիւն ունեցող տուեալներ: Աստղագէտներ քաջ գիտեն ասիկա եւ չեն իսկ փորձեր ձեռք զարնել նման հարցերու:

Հնագէտներ համաձայն են, որ դամբարանները կը պատկանին Ն.Ք. երկրորդ հազարամեակին: Քարերու շարանի ժայռերը կրնան ծառայած ըլլալ որպէս կիկլոպեան պարիսպի մը յենակներ:

Այդտեղ կան մօտ 30 դամբարաններ: Հաւանական է, որ գտնուած ըլլար նաեւ պաշտամունքային կառոյց: Աստղադիտարաններ, տաճարներ եւ դամբարաններ յաճախ կը գտնուին համատեղ:

Դոկտ. Փիլիպոսեանին ելոյթը մեծամիտ էր եւ անարդար:  Հնագէտներ առ հասարակ կ՛արհամարհեն «սիրողական» աստղա-հնագէտները: Այո՛, կան անհիմն վարկածներ, բայց Զօրաց քարերը վստահաբար ծառայած են նաեւ որպէս դիտարան: Նեշընըլ Ժէօկրաֆիք 128-ամեայ ամսագիրը անցեալ տարի հնավայրը դասած էր աշխարհի 10 հնագոյն «աստղադիտարաններու» (stargazing site)  շարքին: (4) Քարերու անցքերը ոչ միայն աւելի ճշգրտօրէն կ՛որոշեն ուղղութիւնը, այլեւ կրնան ուղղուիլ հորիզոնէն վեր, դէպի երկինք: Այդ անցքերուն միջոցով կարելի էր հետեւիլ ոչ միայն աստղերու, այլեւ լուսնի եւ արեւու ծիրերուն: Մինչդեռ Սթոնհենճը կրնայ որոշել միայն հորիզոնի (ծագում եւ մայրամուտ) ուղղութիւնը: Այս իմաստով,  Զօրաց քարերը գերազանց են: Քարերուն միայն փոքր տոկոսը ունին անցքեր, ուրեմն անոնք պարտադիր չէին քարերու փոխադրութեան համար: Բացի այդ` փորուած են քարերու բարակ եւ թոյլ մասերուն մէջ: Հաւանաբար կոտրուէին փոխադրութեան ընթացքին:

Փրկութեան ոգեղէն լաստեր.-  Զօրաց քարեր արգելոցի վարիչ նշանակուած է Սիսիանի աւագանիի անդամ, մանկական գեղարուեստի դպրոցի ուսուցիչ, նկարիչ Աշոտ Աւագեանը: Աւագեան հմայուած է նոր քարէ դարու ժայռապատկերներով, ինչպէս եւ` միջնադարեան մանրանկարչութեամբ: Այդ ժառանգի օգնութեամբ կը փորձէ գտնել «աշխարհ ընկալման նոր եզրեր»:  Կը մէջբերեմ մշակոյթի նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան» պաշտօնական կայքէջը. (5) «Աւագեանը փորձում է կապ հաստատել ոգեղենութեան տիեզերական ֆենոմենի (երեւոյթ  Հ. Պ.) հետ …»:

Հայաստանի պետական կայքէջը կը խօսի ոչ թէ աստղագիտութեան, այլ «տիեզերական ոգեղէնականութեան» մասին: Ողբա՛մ զքեզ, Հայո՛ց աշխարհ …

«Ոգեղէնական» ուղղութեան հետեւորդները կը հաւատան, որ Զօրաց քարեր կը գտնուին Երկրի կեղեւի «բեկման վայրերում», որովհետեւ այդ ճեղքերու արանքէն մեր մոլորակը կը ստանայ «տիեզերական էներկիա»: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ որ, այո՛, մեր շրջանը հարուստ է ճաթռտուքներով (հետեւաբար եւ` երկրաշարժերով), բայց «Սթոնհենճ»-ը եւ այլ «հենճ»-եր շատ հեռու են անոնցմէ:

Այդ մարդիկ իբր թէ կը չափեն հնավայրի մագնիսական դաշտը եւ կամ ելեկտրական յատկութիւնները: (6) Այդ չափումները կրնան ցոյց տալ հանքերու, յատկապէս մետաղային հանքերու գոյութիւնը,  ուրիշ ոչինչ: Նման միջոցներով կը յայտնաբերուին ականներ եւ մետաղադրամ գանձեր: Ի դէպ, մերօրեայ մոգեր կը նախընտրեն գործածել «ելեկտրամագնիսական դաշտ» եզրը, ինչ որ ոգեղէնականօրէն ցանկալի է, բայց` գիտականօրէն սխալ, որովհետեւ կ՛ենթադրէ շարժում (տինամիզմ ): Աւելի քան տասնեւհինգ տարիներու պրպտումներէ, անձնապէս չեմ հանդիպած որեւէ ուսումնասիրութեան, որ կը պարունակէ նման չափումներ:

Այլ մարդիկ կ՛առաջադրեն որ Զօրաց քարերը կը գտնուին  ստորերկրեայ գերբնական ուժերով օժտուած ջուրի հոսանքներու միախառնման վերեւ: Հետեւաբար այդտեղ գտնուողը կը ստանայ ոգեղէն «դրական լիցքեր»: (7)

Աւագեանը կ՛ըսէ, որ Զօրաց քարերու կեդրոնական շրջանակը ունի «մոգական» յատկութիւն: Կը մերժէ հնավայրի աստղադիտարան ըլլալու հանգամանքը, որովհետեւ այդտեղ կառուցուած պատի հիմերուն մէջ եւս յայտնաբերուած են քարեր, որոնք ունին անցքներ (տես կողքի նկարը): Իր խօսքով, «դա եւս մէկ ապացոյց է, որ «Զօրաց քարերն» աստղադիտարան չի եղել, քարերն այնտեղ են բերուել շինարարական նպատակներով, անցքերն էլ արուել են դրանց տեղաշարժի համար»: Աւագեանը չ՛աւելցներ, որ քարերուն միայն փոքր տոկոսը ունի անցքեր:

Աւագեանին եւ ընդհանրապէս արշաւախումբին մօտեցումը լաւագոյն պարագային անտեղեակութենէ կու գայ: Հնավայրին պաշտպանողական դեր ունեցած ըլլալը չի բացառեր անոր հանգամանքը որպէս աստղադիտարան: Հերունիի անհիմն վարկածը պէտք չէ որ ժխտական հետեւանք ունենար գիտական արշաւախումբի կողմնորոշման վրայ:

Յօդուածի առաջին մասին մէջ յիշուած Սալիսպըրի աստղադիտարանը որ ծանօթ Սթոնհենճէն հիւսիս Արեւելք լոկ 3 քմ-ի վրայ կը գտնուի, նոյնպէս Ն.Ք. երկրորդ հազարամեակի ծառայած է որպէս պաշտպանողական կառոյց: Անգլիացիք, սակայն, ի տարբերութիւն մեզի, այդ տեղեկութիւնը որպէս փաստ չեն գործածեր ջրելու համար կառոյցին աստղադիտարան ըլլալու հանգամանքը: Նման կառոյցներ կան Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ եւ այլուր:

Միթէ կարելի չէ՞ր հնավայրի վարիչ նշանակել անձ մը, որ ունենար մասնագիտական հմտութիւն հնաբանութեան, եւ առ նուազն տարրական գիտելիք` աստղագիտութեան մէջ:

Կրկնութեան գնով կը կատարեմ հետեւեալ հաստատումը: Զօրաց քարեր հնավայրը եզակի կառոյց մը չէ: Պատմական նոյն շրջանին կը պատկանին բազմաթիւ այլ հնավայրեր, որոնք եղած են ե՛ւ աստղադիտարան ե՛ւ ծիսական «մեհեան» ե՛ւ մահաստան: Երբեմն նաեւ` ամրոց:  Այս հանգամանքները զիրար չեն բացառեր: Արշաւախումբին անհանդուրժողականութիւնը գիտականօրէն չ՛արդարացուիր:

Զօրաց քարեր հնավայրը աշխարհի հնագոյն աստղադիտարանը չէ, սակայն միակ պրոնզէդարեան դիտարանն է, որ ունի անցքեր` ուղղուած դէպի երկինք:  Իր տարածուն ըլլալու պատճառով նաեւ աւելի ճշգրիտ է, քան Սթոնհենճը եւ այլ դիտարաններ: Միթէ ասիկա բաւարար չէ՞ հպարտութիւն զգալու համար:

Հերունիի, Վահրատեանի եւ այլ վարկածներ, որոնք կը միտին պատմական Հայաստանը ներկայացնել որպէս համաշխարհային մշակոյթի ծննդավայր, գիտական հիմք չունին: Հայկական մշակոյթը կարիք չունի նման խախուտ անթացուպերու: Անգրագէտ վարկածները կրնան միայն վարկաբեկել մեզ` այդ մշակոյթը կրողներս:

(Շար. 2 եւ վերջ)

——————–

1.- Անահիտի պաշտամունքը քողարկուած ձեւով շարունակուած է: Լուսանկարը առնուած է 19-րդ դարուն:
2.- https://earth-chronicles.com/histori/what-associated-the-constellation-ursa-major-different-people.html
3.- http://www.magaghat.am/2013/12/մ-թ-ա-1500թ-Փաւստոսի-սկաւառակի-նշանագրերը/ 
4.- Top Ancient Sites for Stargazing,   B.A. Tafreshi, National Geographic Nov.  2016
5.- Տես http://hushardzan.am/12043/
6.- «Առեղծուածներ Հայկական Բարձրաւանդակին Վրայ», Մ. Ծիրանի, Ասպարէզ 23  Օգ. 2016
7.- Տես, օրինակ  www.hayary.org/wph/?p=4889

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Գրախօսական. Մեծարժէք Ուսումնասիրութիւն Մը Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ Հայ Երեսփոխաններու Գործունէութեան Մասին

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Comments 1

  1. Հրաչ Պարսումեան says:
    7 years ago

    Վրիպակ: Երրորդ պարբերութեան մէջ կարդալ.-

    «Կը պատկանի Ն. Ք. 11-րդ հազարամեակին:»

    Reply

Leave a Reply to Հրաչ Պարսումեան Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?