Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

5 ­Դեկ­տեմ­բեր 1921. ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ ­Փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը… «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն»

Դեկտեմբեր 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն.Պ.

Դեկ­տեմ­բեր 5ին, 96 տա­րի ա­ռաջ, Ի­տա­լիոյ մայ­րա­քա­ղաք Հ­ռո­մի մէջ, հա­րուստ բնա­կիչ­նե­րու ա­ռանձ­նա­տուն­նե­րով յատ­կան­շո­ւող փո­ղո­ցի մը վրայ, օր-ցե­րե­կով, հայ ժո­ղո­վուր­դի վրի­ժա­ռու բա­զու­կը ար­դար մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կեց ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յոր­դի­ներ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած Թր­քա­կան ­Մեծ Ո­ճի­րին գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն՝ Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ Փա­շան։

Ա­հա­բե­կի­չը 21 տա­րե­կան էր՝ Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան ա­նուն-մա­կա­նու­նով։

Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շան իթ­թի­հա­տա­կան Թուր­քիան կա­ռա­վա­րող ե­ռա­պե­տու­թեան վար­չա­պետն էր՝ մեծ վե­զի­րը (ե­պար­քոս), որ ի պաշ­տօ­նէ ե­ղած էր վա­ւե­րաց­նո­ղը թրքա­կան պե­տու­թեան մշա­կած ու գոր­ծադ­րած հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գի­րին։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր ո­ճի­րը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­լու կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին ըն­թաց­քին, ծրագ­րին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը քննար­կե­լու ա­տեն, ­Սա­յիտ Հա­լիմ ը­սած էր.- «­Հա­յե­րը քաղց­կե­ղի խո­ցի նման տա­րա­ծո­ւած են Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ։ Ե­թէ մենք հա­յե­րը ար­մա­տա­խիլ չը­նենք, ա­նոնք մեզ հեղ­ձա­մա­հու­թեան կը հասց­նեն»։

Իսկ երբ փա­շա­յին հար­ցու­ցած էին, թէ «քիչ մը դա­ժան չե՞ն հա­յե­րու բնաջնջ­ման մի­ջոց­նե­րը, ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ պա­տաս­խա­նած էր.- «Ես ­Թուր­քիոյ ա­պա­գա­յին մա­սին կը մտա­ծեմ։ ­Դուք չէք կրնար պատ­կե­րաց­նել իսկ, որ գա­լիք սե­րունդ­նե­րը մեզ որ­քա՜ն ե­րախ­տա­պարտ պի­տի ըլ­լան մեր այս հայ­րե­նա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար»։

Թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գի­րը այս­պի­սի՛ ոճ­րա­յին ու թրքա­մոլ տրա­մա­բա­նու­թեամբ հաս­տա­տած եւ գոր­ծադ­րու­թեան դրած էր Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին, 1914ի գար­նա­նա­մու­տին, երբ ­Հին Աշ­խար­հը կը գա­լա­րո­ւէր գաղ­թա­տի­րու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ եւ ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման ի խնդիր պայ­քար­նե­րը ի­րա­րու դէմ հա­նած էին մէկ կող­մէ կայ­սե­րա­կան ու­ժե­րը եւ միւս կող­մէ ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­յին շար­ժում­նե­րը։ ­Մօ­տա­լուտ հա­մընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մը յար­մա­րա­գոյն պա­հը նկա­տե­լով հա­յաս­պա­նա­կան իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար՝ Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շարժ­ման մէջ դրաւ ոճ­րա­յին իր բո­լոր մի­ջոց­ներն ու հնարք­նե­րը՝ յա­նուն ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն «մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու» իր իթ­թի­հա­տա­կան ցնոր­քին…։

Թուր­քիա պա­տե­րազ­մի մէջ մտաւ ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին եւ ա­րե­ւե­լեան ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ ռու­սա­կան զօր­քե­րուն հետ իր մղած կռիւ­նե­րը պատ­րո­ւա­կե­լով՝ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գի­րը, նախ հա­յու­թիւ­նը բռնի տե­ղա­հան ը­նե­լով, ա­պա՝ ճամ­բու ըն­թաց­քին ան­զէն եւ ան­պաշտ­պան մեր ժո­ղո­վուր­դը կո­տո­րե­լով։

Աշ­խար­հա­մար­տը ա­ւար­տե­ցաւ ­Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան չա­րա­չար պար­տու­թեամբ։ Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տա­պա­լե­ցաւ եւ ա­նոր գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն ո­մանք աք­սո­րուե­ցան, իսկ ու­րիշ­ներ փա­խուստ տո­ւին դէ­պի Եւ­րո­պա եւ… կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա։

Յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ­Սուլ­թա­նին պար­տադ­րե­ցին զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­րան կազ­մել եւ, ի բա­ցա­կա­յու­թեան, դա­տել Իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րը։

Ի­րենց գոր­ծած պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս հայ, յոյն թէ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն դէմ ի­րենց գոր­ծադ­րած բնաջն­ջու­մի յան­ցանք­նե­րուն հա­մար՝ Թա­լէաթ եւ ըն­կերք դա­տա­պար­տո­ւե­ցան ծան­րա­գոյն պատ­ժի վճիռ­նե­րու, ո­րոնք սա­կայն մե­ռեալ տառ մնա­ցին…

Ի տես այդ բո­լո­րին, իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հի­մե­րը ամ­րապնդող հայ ժո­ղո­վուր­դը, բնա­կա­նա­բար, չէր կրնար ան­պա­տիժ ձգել Հա­յաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։
Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­քա­կան կամ­քը եւ մեր նա­հա­տակ­նե­րուն ար­դար վրէ­ժի կտա­կը գոր­ծադ­րե­լով՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 1919ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած իր 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ո­րո­շեց կեան­քի կո­չել «­Նե­մե­սիս» Գոր­ծո­ղու­թիւ­նը եւ ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տու մարմ­նին յանձ­նել ­Հա­յաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու հա­մազ­գա­յին վսե­մա­գոյն ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

«­Նե­մե­սիս»ի ա­ռա­քե­լու­թեան ա­մէ­նէն շռնդա­լից դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ, ա­հա՛, Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պե­տին՝ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ ­Փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի ձե­ռամբ։

Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պա­տու­հա­սող դաշ­նակ­ցա­կան ար­դա­րա­գործ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան հան­դի­սա­ցաւ ա՛յն իւ­րա­յա­տուկ դէմ­քը, որ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ գոր­ծեց։

1973ին իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կած մե­ծա­գործ հա­յը՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան, 1965ին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով, լոյս ըն­ծա­յեց եւ հայ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան ԱՒԱՆԴ յանձ­նեց իր յու­շե­րը՝ «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն» ա­նու­նով, հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու հա­մար ա­րե­ւուն տակ խրոխտ կե­ցո­ւած­քով եւ բաց ճա­կա­տով քա­լե­լու եւ յա­ռա­ջա­նա­լու անս­պառ հպար­տու­թիւ­նը։
Իր յու­շե­րուն մէջ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան ա­հա այս­պէս կը նկա­րագ­րէ ­Սա­յիտ ­Հա­լի­մի ա­հա­բե­կու­մը.-
« ­Սա­յիտ ­Հա­լի­մի վեր­ջին օ­րը.

«1921, ­Դեկ­տեմ­բե­րի 5: Ա­ռա­ւօտ շատ կա­նուխ դուրս ե­լայ սե­նեա­կէս: ­Նա­խորդ գի­շե­րը մաք­րած էի ատր­ճա­նակս եւ փամ­փուշտ­ներն ալ համ­րած:

«­Թարմ-թարմ ա­ծի­լո­ւած էի եւ լո­գանք մը ա­ռած, ու ամ­բողջ կէս սրո­ւակ օ տը քո­լո­նիա­յով մար­մինս շփած էի: ­Ճեր­մա­կե­ղէն­նե­րէս մին­չեւ հա­գուստ­ներս եւ գլխարկս, ար­թիս­թի սեւ գլխարկս, նոփզ­նոր. ու­սա­նո­ղի կամ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի սեւ փող­կապ մը դրած էի. կար­ծես հարս­նի­քի եր­թա­յի: ­Վե­րար­կուս վրաս՝ գա­ցի փա­շա­յին դղեա­կին մօ­տե­րը, ա­ռանց Մ.ին հան­դի­պե­լու: Վճ­ռած էի այդ օրն իսկ գոր­ծը վեր­ջաց­նել՝ ա­ռանց այ­լեւս մտա­ծե­լու հե­տե­ւանք­նե­րու մա­սին:

«­Ժա­մը ճիշդ 1ին ինք­նա­շարժ մը կե­ցաւ փա­շա­յին դրան առ­ջեւ. դուրս ե­լաւ ­Թեւ­ֆիք Ազ­մին եւ պա­յու­սակ մը թե­ւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փա­շա­յին հետ դուրս ե­լան եւ ա­ճա­պա­րան­քով մեկ­նե­ցան, շատ կա­րե­ւոր գոր­ծի մը գա­ցող մար­դոց ե­րե­ւոյ­թով: Չմ­տա­հոգ­ւե­ցայ. այն­քան լաւ ու­սում­նա­սի­րած էի եր­թե­ւեկ­նե­րը, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլ­լար, չէր կրնար հրա­ժա­րիլ իր յետ­մի­ջօ­րէի պտոյ­տէն եւ ան­պայ­ման պի­տի վե­րա­դառ­նար: Տ­րա­մա­բա­նօ­րէն, առ­նո­ւազն եր­կու ժամ պի­տի ու­շա­նար: ­Փու­թա­ցի ­Վիլ­լա Բոր­գե­զէ, ուր յա­ճախ կառ­քով, եր­բեմն ալ քա­լե­լով կու գար ան: ­Նոյ­նիսկ, օր մը, հե­տապն­դու­միս ըն­թաց­քին տե­սայ, որ թիկ­նա­պա­հին գնել տո­ւաւ ափ մը խո­րո­ված շա­գա­նակ, փո­ղո­ցի վրայ նստող շա­գա­նա­կա­վա­ճա­ռէ մը: ­Ժա­մը 12ին ա­տեն­նե­րը Մ. ե­կաւ ու հար­ցուց, թէ ին­չո՞ւ ճա­շի չէի գա­ցած մեր ու­սա­նող­նե­րուն ճա­շա­րա­նը, ուր կէ­սօր եւ ի­րի­կուն սո­վոր էինք հան­դի­պիլ:

«- Ո­րով­հե­տեւ,- պա­տաս­խա­նե­ցի,- վճռած եմ այ­սօր այս գոր­ծը գլուխ հա­նել, ա­մէն պա­րա­գա­յի տակ եւ ա­մէն գնով: Ջ­ղայ­նա­ցած էի փա­շա­յին ու­շա­նա­լէն եւ քիչ մը եւս սպա­սե­ցի ու Գ­րի­գո­րին ը­սի.- Ես տան կող­մե­րը կ­’եր­թամ: «Ա­յո՛»,- ը­սաւ ու դուրս ե­լանք եւ քա­նի մը քայլ ա­ռի՝ դառ­նա­լու հա­մար հան­րա­կառ­քին փո­ղո­ցը:

«­Հա­սայ ­Վիա ­Նո­մեն­տա­նա, ուր հան­րա­կառ­քը կե­ցաւ. ի­ջայ եւ քա­լե­լով մտայ Օս­տա­կիօ փո­ղո­ցը: ­Յան­կարծ դէմս ցցուե­ցաւ ­Հե­լե­նան: Ոս­տի­կա­նի մը հան­դի­պու­մը այն­քան չպի­տի նե­ղէր զիս, որ­քան այդ սի­րուն աղջ­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը այդ պա­հուն: Ջ­ղա­յին վի­ճա­կի մէջ պաղ վե­րա­բե­րում մը ցոյց տո­ւի: Մ­տե­րիմ­ներ դար­ձած էինք եւ աղ­ջի­կը կը զար­մա­նար իմ ա­նակն­կալ պաղ վե­րա­բե­րու­մէս: ­Տա­րօ­րի­նակ նա­յո­ւած­քով կը դի­տէր, կար­ծես ա­ռա­ջին ան­գամ զիս տե­սած ըլ­լար:

«Ան­պի­տան աղ­ջի­կը կա­տա­րեալ հար­ցաքն­նու­թեան մը սկսած էր եւ բաժ­նո­ւե­լու միտք չու­նէր: ­Ժա­մը 4ին կը մօ­տե­նար: ­Փո­ղո­ցին վա­րի կող­մը նոր շէն­քի մը շի­նու­թեան աշ­խա­տող բա­նո­ւոր­նե­րը աշ­խա­տան­քէ կ­’ար­ձա­կո­ւէին եւ, սո­վո­րա­բար, այդ ա­մա­յի ե­ղող փո­ղո­ցին մէջ բազ­մու­թիւն կար: ­Վայր­կեա­նէ վայր­կեան փա­շան կրնար հաս­նիլ: Փո­ղո­ցին խան­գա­րիչ եր­թե­ւե­կը չբա­ւէր կար­ծես, դեռ կար այս յա­մառ աղ­ջի­կը, որ ան­վերջ կը խօ­սէր ու կը ցրո­ւէր ու­շադ­րու­թիւնս:

«Եւ յան­կարծ վե­րէն լսո­ւե­ցաւ կառ­քի մը դղրդիւ­նը: ­Մէ­կէն մարմ­նէս ան­ծա­նօթ սար­սուռ մը ան­ցաւ, երբ տե­սայ հսկայ ձիե­րը, ո­րոնց բա­շե­րը հո­վէն կ­’ա­լեծ­փէին: ­Կառ­քին մէջն էր Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շան՝ իր թիկ­նա­պա­հին հետ: ­Փո­ղո­ցին միւս ծայ­րը նա­յե­ցայ. Մ. դեռ հա­սած չէր: ­Վայր­կեա­նա­պէս «ցտե­սու­թիւն» ը­սի ­Հե­լե­նա­յին՝ պա­տո­ւի­րե­լով, որ շուտ ներս մտնէ, քա­նի որ «հայրս» կու գար…

«Ան­մի­ջա­պէս քա­լե­ցի միւս մայ­թը, որ­պէս­զի լա­ւա­գոյն դիր­քով մը ա­հա­բե­կու­մը կա­տա­րեմ, բայց քա­նի մը ակն­թարթ ու­շա­ցած ըլ­լա­լուս՝ քիչ մնաց ձիե­րու տակ մնա­յի. ձեռքս վեր­ցու­ցի, բռունցքս ցցած, ձիե­րը խրտչե­ցան եւ ծա­ռա­ցան: Այդ ի­րա­րան­ցու­մին մէջ ա­րագ ոս­տու­մով մը ան­ցայ եւ ցատ­կե­ցի կառ­քին վրայ՝ կո­խե­լով ոտ­նա­տե­ղին: ­Մէկ ձեռ­քով բռնե­ցի կառ­քին յե­նա­րա­նը, քիչ մը ե­րե­րա­ցի, բայց հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնս կրցայ պա­հել: ­Մինչ թիկ­նա­պա­հը կա­ռա­պա­նին կը նա­յէր ու բա­ներ մը կ­’ը­սէր, ե­րե­ւի հասկ­նա­լու հա­մար ձիե­րուն խրտչի­լը. ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յին աչ­քե­րը հան­դի­պե­ցան աչ­քե­րուս: «Ե­րէն»,- ը­սաւ թիկ­նա­պա­հին: Այս ե­ղաւ սատ­րա­զա­մին վեր­ջին բա­ռը: Աչ­քե­րը սար­սա­փով լե­ցուն էին, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ուղ­ղե­ցի աջ քուն­քին եւ կրա­կե­ցի: Երկ­րորդ փամ­փուշ­տի մը հարկ չմնաց: Խռ­պոտ ձայն մը եւ փա­շան նստած տե­ղէն տա­պա­լե­ցաւ կառ­քին մէջ, գլու­խը իմ կողմս, գրե­թէ ոտ­քե­րուս տակ: ­Կառ­քը դեռ կ­’ար­շա­ւէր: ­Թեւ­ֆիք Ազ­մին, ա­ռա­ջին շփո­թէն սթա­փած, ատր­ճա­նակ մը հա­նեց ու կը պատ­րաստո­ւէր կրա­կել, երբ ատրճա­նա­կիս փո­ղը ա­նոր ալ ճակ­տին ուղ­ղե­լով, գո­ռա­ցի թուր­քե­րէ­նով.
«- Աթ ա­շա­ղա, կե­պեր­տի­րի­րըմ,- ­Նե­տէ՛ զէնքդ, կը սատ­կեց­նեմ…

«Հ­նա­զան­դե­ցաւ եւ ատր­ճա­նա­կը կառ­քէն դուրս նե­տեց, ա­հա­բեկ դէմ­քով: Ատր­ճա­նա­կիս կո­թո­վը այս ան­գամ սկսայ հա­րո­ւա­ծել կա­ռա­պա­նին կռնա­կին՝ պո­ռա­լով ի­տա­լե­րէն. «Աս­բե­տա, աս­բե­տա». «­Կե­ցի՛ր, կե­ցի՛ր»: ­Խեղճ կա­ռա­պա­նը վա­խէն կը դո­ղար եւ յու­սա­հա­տա­կան ճի­չե­րով զիս վկա­յու­թեան կը կան­չէր՝ ը­սել ու­զե­լով,- ­Տե՛ս, կեց­նել կ­’ու­զեմ, բայց ձիե­րը չեն կե­նար:
Կա­ռա­պա­նը չյա­ջո­ղե­ցաւ կեց­նել ձիե­րը, ո­րոնք վազ­քը շա­րու­նա­կե­ցին մին­չեւ փա­շա­յին տան առ­ջեւ եւ ինք­նա­բե­րա­բար կանգ ա­ռին: Դ­րան առ­ջեւ խափ­շիկ ծա­ռան մե­քե­նա­բար ձեռ­քը ճակ­տին տա­րաւ՝ «թե­մեն­նահ» ը­նե­լու ձե­ւով, բայց փա­շա­յին ին­կած գլու­խը տես­նե­լով՝ այդ դիր­քին մէջ քա­րա­ցած մնաց, ապ­շա­հար: Ա­ռանց կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու ծա­ռա­յին՝ վար ցատ­կե­ցի կառ­քէն եւ ատր­ճա­նակս ցցած թե­ւովս լայն շար­ժում մը գծե­ցի շուրջս՝ թէ՛ սար­սափ ձգե­լու եւ թէ՛ փա­խուս­տիս ուղ­ղու­թիւ­նը ո­րո­շե­լու հա­մար»…

Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի յանձ­նա­րա­րո­ւած միակ գոր­ծը չե­ղաւ Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պե­տին ա­հա­բե­կու­մը։

Դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ մեծ­ցած, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ար­հա­ւիր­քը 15 տա­րե­կա­նի իր զար­հու­րած աչ­քե­րով տե­սած ու ապ­րած եւ 18 տա­րե­կա­նին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դա­մագ­րո­ւած գա­ղա­փա­րա­պաշտ մար­տիկ էր Ա. ­Շի­րա­կեան։ Երբ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը տո­ւաւ «­Նե­մե­սիս»ի ո­րո­շու­մը եւ յա­տուկ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին մը ա­ռա­ջա­ցուց զայն գոր­ծադ­րե­լու հա­մար, ­Շի­րա­կեան ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ այն ե­րի­տա­սարդ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րուն, ո­րոնք կա­մա­ւոր ներ­կա­յա­ցան, որ­պէս­զի ար­ժա­նա­նան վրի­ժա­ռո­ւի պա­տո­ւին եւ ընդգր­կո­ւին ար­դա­րա­հա­տոյց ընտ­րեալ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։
Շի­րա­կեան վստա­հու­թիւն ներշն­չող նկա­րա­գիր ու­նէր եւ ար­ժա­նա­ցաւ ա­հա­բե­կի­չի կո­չու­մին։

Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի ա­հա­բեկ­չա­կան մկրտու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ տխրահռ­չակ հայ մատ­նի­չին՝ ­Վա­հէ Իհ­սա­նի (Ե­սա­յեան) ա­հաբ­եկու­մով։ ­Հե­տե­ւե­ցաւ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը։ Իսկ ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան իր այդ պան­ծա­լի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան ա­ւար­տեց՝ Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի հետ միա­սին ա­հա­բե­կե­լով, ­Պեր­լի­նի մէջ, 1922ին, թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պան ղե­կա­վար­նե­րէն ­Պէ­հաէտ­տին ­Շա­քիրն ու ­Ճե­մալ Ազ­մին։

Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հա­բե­րո­ւած ու այ­սօր ար­դէն սրբա­դա­սո­ւած մեր Նա­հա­տակ­նե­րու Կ­տա­կին ար­ժա­նա­ւոր ար­դա­րա­հա­տոյ­ցը, այ­լեւ գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն սրբա­դա­սո­ւած ազ­գա­յին հե­րո­սը կը հան­դի­սա­նայ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան։

 

Նախորդը

Մօրուք Կարօ (Աւոյեան Կարապետ, 1875-1949). Սասնոյ լեռներուն «Վէրքերով լի ջան ֆետային»

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?