Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Նոյեմբեր 21, 2017
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Սփիւռք-հայրենիք» վեհաժողովի գումարման երկու ամիսը բոլորեցինք, եւ ահա նստած գրասեղանիս առջեւ` կը փորձեմ վերլուծել ժողովին արդիւնքները:

Սփիւռք-հայրենիք վեհաժողովը հաւանաբար իրականացումն էր համահայկական իմաստով միասնաբար աշխատելու երազին: Հայաստանի վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ եւ զոյգ կաթողիկոսներու` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրհնութեամբ, նաեւ` բազմաթիւ ընտիր մտաւորական դասախօսներու ներկայութեամբ ժողովը քննարկեց տարբեր հրատապ հարցեր: Ներկայութեան բազմութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն էր, որ ժողովի խորագիրը կը հետաքրքրէր անհամար հայորդիներ: Բայց խանդավառութիւնը եւ հրճուանքը չեն, որ մեզ արդիւնքի կը հասցնեն: Ծրագրումն ու գործադրումն են, որոնք մեզ կը մղեն յառաջդիմելու: Արդեօք այս վեհաժողովը ծրագրման եւ գործադրման հրամայականներ պարտադրե՞ց լսելէ ետք բազմաթիւ վերլուծումներ եւ ճառեր, որոնք հիւթեղ գաղափարներ կը պարունակէին. միայն մէկ նախադասութիւն մտքիս մէջ դրոշմուած մնաց, այդ ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հռչակաւոր խօսքը` «Սփիւռքը կը մաշի, եւ հայրենիքը կը պարպուի»: Արդեօք այս նախադասութեան լրջութիւնն ու ողբերգականութիւնը կրնա՞նք հասկնալ: Մէկ նախադասութիւն, որ կը խտացնէ մեր ներկայ տխուր իրավիճակը:

Սփիւռքը կը մաշի, արդեօք ինչո՞ւ: Հայրենիքը կը պարպուի, արդեօք ինչո՞ւ: Սփիւռքի ստեղծուելուն պատճառը հայրենիքէն հեռացուած ըլլալն էր. արդարեւ, հայ սփիւռքը ինքզինք երբեք չընդունեց իբրեւ ինքնանպատակ գոյութիւն, ան ապրեցաւ, գործեց, ծրագրեց եւ պայքարեցաւ միշտ հայրենիքին համար. ա՛յն հայրենիքը, որուն համար դարեր շարունակ մեր պապերը իրենց արիւնն ու արցունքը թափեցին, հաւատքն ու յոյսը խառնեցին սրբազան հողին, բայց այժմ դժբախտաբար մեր մէջ յոյսը փուլ եկած է, որովհետեւ անկախութենէն 26 երկար տարիներ ետք կորսնցուցինք այդ «երազային հայրենիքի» տեսլականը:

Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ: Աւելի քան մէկ դար սփիւռքահայը իր հայրենասիրութեամբ տոգորուած ու դրոշմուած` «տեսնել ազատ հայրենիք եւ մեռնիլ» հոգեվիճակով, պայքարած էր ինքնութիւնը պահելու համար: Այժմ ոչ յաղթապանծ ոգիով է, որ կը կատարեմ այս հաստատումը, թէ` սփիւռքը սկսած է «կողմնացոյցը» կորսնցնել. արդեօք չէ՞ք տեսներ օտար ամուսնութիւնները, հայկական դպրոցներու փակումը, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի գահավիժումը: Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ: Հետագայ այլ աղէտներ  դիմակայելու զգօնութիւնը կը կորսնցնենք, ապագան լաւ բան չի կանխագուշակեր: Մինչեւ ե՞րբ սփիւռքը կրնայ տոկալ արեւմտեան բազմամշակոյթ ու բազմացեղ ընկերութեան մէջ, ուր յատկապէս երիտասարդները դէմ յանդիման կը գտնուին կնճռոտ ու տագնապալից բարոյական եւ ընկերային խնդիրներու: Այսպիսով, ձուլման «Սպիտակ ջարդը» կը շարունակուի ողջ հայութեան քար լռութեան դիմաց: Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ:

Այսօր, երբ հայութիւնը դաւանական ու գաղափարական բոլոր խրամատները կամրջած է եղբայրութեան ու գործնական ոգիով, մենք կարիքը ունինք հաւատքի վերանորոգումի, կամքի պրկումի եւ ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքի. անգամ մը եւս պէտք է իբրեւ սփիւռքահայ նայինք Հայաստանին` մեր արեան կանչով, մեր ազգային պատկանելիութեամբ, որպէս մեր յաւերժական հայրենիքի:

Համատարած արհաւիրքի եւ կործանումի այս տեսարանին առջեւ Յովհաննէս Թումանեանի «Մեր ուխտը» կը յիշեմ, որ կ՛ըսէ.

Մենք ուխտ ունենք` միշտ դէպի լոյս,
Ու գնում ենք մեր ճամբով,
Մրրիկներով պատած անյոյս,
Սեւ խաւարով, մութ ամպով:

Մենք անցել ենք արեան ծովեր,
Սուր ենք տեսել ու կրակ,
Մեր ճակատը դէմ ենք արել
Մրրիկներին հակառակ:

Ու թէպէտեւ պատառ-պատառ
Մեր դրօշը սրբազան,
Ու մենք չունենք տեղ ու դադար`
Երկրից-երկիր ցիր ու ցան.

Բայց գնում ենք մենք անվեհեր
Զարկերի տակ չար բախտին,
Մեր աչքերը միշտ դէպի վեր`
Դէպի լոյսը մեր ուխտին:

11-11-2017

 

 

Նախորդը

Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հիմնադրութեան Յոբելենական Շքեղ Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Ռան Թորոսեան Վարձուած Է Թուրքիոյ Ի Նպաստ «Փի. Ար. »-ի Համար. Արդեօք Ան Իսկապէս Հա՞յ Է

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Comments 1

  1. Ժիրայր Զաքարեան says:
    7 years ago

    Հոյակապ վերլուծում:
    Համաձայն, սակայն յարգելի յօդուածագրէն
    կ’ակընկալէի որ ըներ առաջարկներ:
    Իմ կարծիքովս աւելի լաւ պիտի ըլլար որպես մտաւորական եթէ որոշ լուծումներ ալ ներկայացներ ընթերցողներուս:
    Շնորհակալութիւն:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?