Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետրոս Դուրեանի Շիրիմը Կը Զբաղեցնէ Օրակարգը

October 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ ՆԱՐԵԿԵԱՆ

                Պետրոս Դուրեանի շիրիմը, 1990-ին                                                  …….. 2017-ին

Պոլսոյ Սկիւտար թաղի հայկական գերեզմանատան մէջ գտնուող Պետրոս Դուրեանի շիրիմը,  կատարուած նորոգութեան աշխատանքներէն ետք պաշտօնապէս բացուեցաւ անցեալ շաբաթ կատարուած ոգեկոչման հանդիսութեամբ մը: 1898-ին մեծ բանաստեղծի եղբօր` Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի միջոցներով իր վերջին տեսքին բերուած շիրիմը 1950-ականներու ճանապարհաշինական աշխատանքներուն պատճառով փոխադրուած էր իր այսօրուան տեղը:

Պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը «Ակօս»-ին մէջ հրատարակած էր յօդուած մը, որուն միջոցով տեղեակ կը դառնանք, որ Դուրեանի շիրմասիւնին ճիշդ առջեւը տեղադրուած է մարմարէ հսկայ քարակոյտ մը: Դուրեանի շիրիմին նրբութեան հետ անհամաչափ ու աններդաշնակ այդ զանգուածին վրայ քանդակուած է «Իմ մահը» բանաստեղծութեան բնագիրն ու թրքերէն թարգմանութիւնը: Տէյիրմենճեանի համաձայն, պատմական յուշարձան մը նկատուող շիրիմը տեղադրուած այս հսկայ քարակոյտով աղաւաղուած է, եւ վայրը, որ նիւթ հայթայթած է մեր դասական գրականութեան հեղինակներուն, օտարացած է իր այցելուներէն: Տէյիրմենճեանը նաեւ կը նշէ, որ «Իմ մահը» քերթուածին վերջին քառեակը շիրմին ետեւի կողմը քանդակուած էր 1898-ին, Եղիշէ Դուրեանի կողմէ: «Աչքէ հեռու տեղ մը, հասանելի միայն անոնց, որոնք աւելի հետաքրքրուած` պիտի մօտենային շիրիմին, պիտի դառնային շուրջը եւ պիտի զարմանային` սիւնի ետեւ կարդալով բանաստեղծութեան վերջին տունը, պիտի ուրախանային իրենց գիւտով: Իսկ հիմա նոյնիսկ անկարելի է դառնալ շիրիմին շուրջը, ուր մնաց` կարդալ Եղիշէ Դուրեանի կողմէ քանդակուած քառեակը», կը յայտնէ յօդուածագիրը:

Դուրեանի պատմական շիրիմին առջեւ տեղադրուած մարմարը ըստ երեւոյթին,  ինքնագլուխ տրուած որոշումի մը արդիւնքն է, քանի որ թէ՛ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդէն Պայծառ Սոլաք, թէ՛ թրքահայ ճարտարապետներու «Հայճար» միութեան ատենապետ Գէորգ Էօզքարակէօզ, թէ՛ շիրիմին նորոգութեան հովանաւոր Հրաչ Քըրմըզեան կը խոստովանին, որ նախքան նման քարակոյտի մը տեղադրումը` ոչ մէկ մասնագէտի կամ ոեւէ գրականագէտի կամ պատմաբանի խորհուրդին դիմած են, այլ պարզապէս տեղեակ պահած են եկեղեցւոյ թաղականութիւնը:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան կը յայտնէ, որ գերեզմանատուներու մէջ կատարելի նորոգութիւններու պարագային, պատրիարքարանը թէեւ որեւէ իրաւասութիւն չունի, սակայն Դուրեանի եւ նման անձերու վաղուց արդէն ուխտատեղիներու վերածուած գերեզմանները փոփոխութեան ենթարկելէ առաջ նկատի պէտք է ունենալ մասնագէտներու, մտաւորական շրջանակներու կարծիքները: Սրբազան հայրը ըսած է, որ նման նորոգութենէ մը տեղեակ չէին ինք եւ տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանը:

Պէյրութահայ ճարտարապետ Մովսէս Տէր Գէորգեանը Պետրոս Դուրեանի շիրիմի դիմագիծի աղաւաղումին մասին նշեց, որ մեծ քերթողին դամբարանը աւելին է, քան` շիրմաքար մը: «Յուշարձան մըն է, ճարտարապետական համալիր մը, որ իր ամբողջութեան մէջ անբիծ պահելու բարոյական եւ մասնագիտական պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուինք բոլո՛րս: Որեւէ միջամտութիւն պարտի ունենալ իր լուրջ պատճառները. անձնական նախաձեռնութիւն մը, թող ըլլայ ատիկա արտայայտութիւնը հիացումի մը նոյնիսկ Դուրեանի գործերուն, արդարացուցիչ չէ: Առկայ յուշարձանը հարիւրամեակէ աւելի բաւարարած է Դուրեանի երկրպագուները: Ո՛չ Դուրեան, ո՛չ ալ զինք սիրողները պէտք ունին յաւելեալ եւ անտեղի յարգանքի արտայայտութեան», նշեց ճարտարապետը:

Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան պատասխանատու Եդուարդ Թովմասեանը եւս դժգոհ է տեղադրուած մարմարեայ քարակոյտէն: Ան կը յայտնէ, որ շուրջ 150-ամեայ անցեալի տէր շիրիմին կատարուած միջամտութիւնը անտեղի է, ու կը պահանջէ, որ անյապաղ վերցուի ատիկա, ու շիրիմը վերադարձուի իր նախկին տեսքին: «Կատարուած աշխատանքը թերեւս կարելի ըլլայ տեղադրել գերեզմանատան մէջ այլ վայր մը, սակայն անոր տեղը Դուրեանի շիրիմին առջեւը չէ», կ՛ըսէ ան:

Պոլսահայ դերասան ու թատերագէտ Պօղոս Չալկըճեանը, գնահատելի որակելով հանդերձ Դուրեանի ոգեկոչման ձեռնարկը եւ շիրիմին բարեզարդումը, ունի այն կարծիքը, որ մարմարէ կոյտը շուքի տակ կը ձգէ Դուրեանին շիրիմը: Գեղագիտական տեսակէտով ալ խնդրայարոյց այդ գործը, ըստ իրեն, կարելի է արժեւորել այլ կերպ:

Պետրոս Դուրեանի շիրմին առջեւ տեղադրուած մարմարեայ կոյտին մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը: Ան յայտնեց, որ խստօրէն կը դատապարտէ կատարուածը: Ըստ իրեն, պէտք չէ փոփոխութեան ենթարկուին պատմական արժէք եւ համազգային նշանակութիւն ունեցող նման յուշարձանները:

Միւս կողմէ` կը տեղեկանանք, որ պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի նախաձեռնութեամբ ստորագրահաւաքի մը ձեռնարկուած է` պատմական շիրիմը նախկին տեսքին վերադարձնելու նպատակով: Ցարդ իրեց ստորագրութիւններով ձեռնարկին նեցուկ եղած են բազմաթիւ մտաւորականներ` սփիւռքէն, Հայաստանէն ու Պոլիսէն:

 

 

Նախորդը

«Կարճցած է» Ճամբան Դէպի Երեւան

Յաջորդը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերամուտի Ս. Պատարագ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.