Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2017 Սեպտեմբերի Հայաստան-Սփիւռք Համաժողով(ներ)էն Ետք

Հոկտեմբեր 3, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յոգնակի: Բացի բացման եւ փակման պաշտօնական ելոյթներէն` տարբեր սրահներու մէջ խօսուեցան Հայաստանը եւ սփիւռքը հետաքրքրող բազմատեսակ հարցեր` տնտեսութիւն (պիզնես), բանակ, հայապահպանում: Ինչպէս ոմանք կ’ընէին, մէկ սրահէ միւսը չերթեւեկեցի, երեք օր շարունակ մնացի «հայապահպանում» ընդհանուր բնութագրումին տակ հարցեր քննող սրահին մէջ:

Նախ պիտի ուզէի արտայայտուիլ «հայապահպանում» եզրին մասին: Ան իմաստ ունէր հայրենահանուած առաջին եւ երկրորդ սերունդին համար: Անոնք անմիջական (գրեթէ) վերադարձի սպասման սենեակին մէջ կը կարծէին ըլլալ եւ զանգուածային կերպով արձագանգեցին հայրենադարձութեան կոչին: Նոր երկիրներու նոր քաղաքացիներ չէին: Հայապահպանում եզրը այսօր իր նախկին իմաստը եւ բովանդակութիւնը չունի: Հայկական ծագումով մարդիկ տեղ մը պահ չեն դրուիր: Ինչո՞ւ դրուին եւ ի՞նչ ընելու համար:

«Հայապահպանում»-ը կը յուշէ սառած, քնացած, անշարժ վիճակ, որ հակառակն է յաջորդական պատշաճեցումներով, ընտրանքներով եւ ազդեցութիւններով յարաշարժ դրութեան: Հարկ էր մեկնիլ հայածնունդ մարդոց լինելութեան ընթացքի մէջ եղող ինքնութեան ըմբռնումներէն: «Հայապահպանում»-ը քլիշէ մըն է, զոր հարկ է փոխարինել գիտակցութեան, ինքնութեան եւ յանձնառութեան իմաստներով, որոնք կրնան այսօրուան եւ վաղուան պատկերացումը տալ: Այսինքն հրաժարելով սթաթիք ըմբռնումէ`, երթալ դէպի շարժուն եւ ընթացող ընտրանքը:

«Հայապահպանում» ըմբռնումը կը թելադրէ հետզհետէ կծկուող շրջանակի մէջ մնալ եւ գոհանալ մանրուքներով, ցուցադրականով, բաժակին մէջ մնացած կաթիլներով: Սթաթիք կացութիւն էր, երբ կը խօսուէր մեր ունեցած մշակութային հարստութիւններու մասին: Արդիական միջոցներու օգտագործման ներկայացումը հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր, բայց նաեւ` անհանգստութիւն, երբ նկատի կ’առնուէր ճիգերու թիրախը, որ կը սահմանուէր միաւորներով, երբ միւս կողմէ կը խօսուի եօթը կամ տասը միլիոնի մասին: Վիրաւորական պիտի ըլլար յիշել ինքնագոհութեան գեղեցիկ համարուող ելոյթները, որոնք ոչ մէկ գլխու տակ կարելի է դասել:

«Հայապահպանում» գլխուն տակ նախատեսուած էր նաեւ ՄՇԱԿՈՅԹ-ը:

Խօսուեցաւ մշակութային հարստութիւններու մասին: Խօսուեցաւ գեղարուեստի մասին` որ կրնայ դիւրին միջազգայնանալ, բացուիլ աշխարհի վրայ:

Բայց չխօսուեցաւ գրականութեան մասին, չխօսուեցաւ հայ գրականութեան եւ հայ գիրքի մասին, հակառակ այդ ուղղութեամբ կատարուած բազմապատիկ յիշեցումներու: Եւ ինքզինքիս հարց տուի, որ «հաց-պանիրի հայերէնէն» տարբեր խորք եւ որակ ունեցող հայերէն գիր-գրականութիւնը, որ «ելեկտրոնային» խտացում չէ, հայու ինքնութեան կերտման մէջ դեր չունի՞ այլեւս:

Հայ մշակոյթը ինքնութեան պահպանման, ազգի հարազատութեան շարունակութեան եւ արմատներու անսեթեւեթ հաւատարմութեան կրողն է: Առաջին հերթին ան հայերէնով ժառանգուածն է: Առանց այս էականին` ի՞նչ կը պահէ հայապահպանումը, նոյնիսկ հող-հայրենիքը նկարագիր եւ տէր կը փոխէ: Մշակոյթի ծանուցումը եւ գովերգութիւնը շատախօսութիւն կ’ըլլան, երբ ան կը ներկայացուի որպէս թանգարանային իր, սնապարծութիւն, կենդանի չ’ըլլար, չ’իւրացուիր, սեփականացուած չ’ըլլար: Այլ խօսքով, հայ մշակոյթը, հայ գրականութիւնը, միջազգային հրապարակ բերուելէ առաջ, մեր կեանքին մաս պիտի կազմեն, անոնք սոսկ գիտութիւններ չեն, ինչպէս` ազթեքներու կամ մայաներու մշակոյթը եւ գրականութիւնը:

Մշակոյթը եւ գրականութիւնը հոգեկերտ են, շաբաթավերջի հանդիպումներու համեմ չեն: Անոնք մեր ինքնատիպ ԵՍ-ը եւ ՄԵՆՔ-ը կ’իմաստաւորեն, առանց անոնց ժամանակ մըն ալ դեռ կը շնչեն զգացումով եւ կամ ծագումով հայեր: Այսինքն, ինչ որ կը կոչենք քաղաքականութիւն, ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, առանց հարազատ մշակութային արմատ ունեցող խորքի, կ’ըլլայ տնտեսական իրարանցում կամ պարզապէս շատախօսութիւն:

Օտարը կրնայ ծանօթ ըլլալ հայ մշակոյթին, գրականութեան, արուեստներուն, պատմութեան, երբեմն` մեծ մասնագիտութեամբ, բայց այդ ծանօթութիւնը գիտութիւն է իրեն համար, մինչ ժամանակի գիծին վրայ տոկալու եւ տեւելու համար հայը պիտի ըլլայ ինք իր մշակոյթը, պիտի ըլլայ անոր տէրը: Այդ տիրութիւնը կապկում չէ, ազգի կեանքն իսկ է: Այս ըմբռնումով ալ մշակոյթի մասին պէտք չէ խօսիլ զայն դիտելով դուրսէն, տեսաբանի պէս, անկէ պէտք է ստանալ ուժ եւ կորով, առանց թեթեւսոլիկութիւններով հաճոյանալու, առանց ֆրանսացիին, շուէտացիին, ռուսին, ամերիկացիին նմանելով` տպաւորելու մանր քաղքենիական յարդի բոցի հաճոյքին յանձնուելու:

Հայապահպանում ընդհանուր բնորոշման գլխուն տակ ոչ ոք խօսեցաւ` հիմնուելով տարրական վիճակագրական տուեալներու վրայ, աւելի դիւրութեամբ հասկնալու եւ հասկցուելու համար: Օրինակ, ախտաճանաչման համար այնքան կարեւոր էր գիտնալ հայ գիրքի ներկայի հրամցուցած պատկերը` հայերու յարկին տակ: Ո՞ր մշակութային ինքնապաշտպանութեան եւ լաւ հնչող հայապահպանման մասին կրնանք խօսիլ, երբ հայերէն գիրքը կը տպագրուի 400 օրինակով եւ նուէր կը տրուի: Դեռ երէկ, եւ այս տպաւորելու համար տրուած փաստարկ չէ, հայ ներհուն մտաւորական մը դար մը առաջ ապրած հայ արտակարգ բանաստեղծի մասին իր ուսումնասիրութիւնը տպագրած է 100 օրինակով… Բաղդատել` շեփորուող մեր տասը միլիոնին: Ճափոնցի ժամանակակից գրող Հարուքի Մարուքամայի նոր գիրքի առաջին տպագրութիւնը եղած է կէս միլիոնով եւ արդէն կը տպագրուի բազմաթիւ լեզուներով: Ճափոնցիները նուա՞զ կը զբաղին պիզնեսով, ինչպէ՞ս դուրս եկան Բ. Աշխարհամարտէն` հարուածուելէ ետք երկու հիւլէական ռումբերով:

Ազգային վերականգնումը եւ մշակութային կեանքը կը ծրագրուին, ծրագիրը կը գործադրուի: Այս աշխատանքը ոչ ոք մեր փոխարէն պիտի ընէ:

Երեք օրերու ընթացքին այս գոյութենական խնդիրները չքննուեցան: Լրագրական ներկայացումներ եղան, քարոզչական նկարահանումներ:

Որքա՜ն օգտակար գործ կատարած պիտի ըլային երեք օրուան նիստերը, բեմի վրայ իրարու յաջորդողները, եթէ յիշէին եւ յիշեցնէին Յակոբ Օշականի խօսքը, որ` մագաղաթը աւելի կ’ապրի,  քան մարմարը: Ոչ ոք ըսաւ, որ այսօր դեռ կանք, որովհետեւ Մատենադարանի 20.000 ձեռագիր հատորները կան: Հայերէն գիրով եւ գիրքով եկած յիշողութիւնը կայ: ԿԱ՞Յ…

Շռնդալից ժողովներուն այս հարցերը բեմ չեկան: Մի՞թէ անոնցմէ խորթացած ենք:

Այս գոյութենական, էական հարցով ինչո՞ւ պետական նեցուկով իսկական հաւատարմութեամբ մարմին մը կեանքի չկոչել, որպէսզի մշակոյթ եւ ինքնութիւն մանրուքի մէջ չկորսուին եւ գունաւոր պատկերներով շոուն(show) մեզ ոտքի չքնացնէ, սպասելով` չես գիտեր ո՛ր հրաշքը:

Հայ գրականութիւն եւ հայ գիրք բացակայեցան: Չէին հրաւիրուած: Իրենք զիրենք գտան հոգիներու փակ դռներուն առջեւ: Մինչդեռ պէտք էր խօսիլ հայերէն գիրքի տարածման, արժեւորման եւ հայ ժողովուրդի անդամներուն կողմէ անոր իւրացման մասին, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէսզի Մատենադարանի քսան հազար ձեռագիր մատեաններուն իսկական ժառանգորդները մնանք եւ չօրօրուինք միայն զբօսաշրջիկի  հիացումով եւ լուսանկարելով:

Բայց սմարթֆոները հոն էին եւ անհաշիւ յիշատակի պատկերներ պահուեցան…  հայապահպանման պէս: Հայապահպանման անվաղորդայնութիւնը…

Ափսո՜ս…

26 սեպտեմբեր 2017, Երեւան

 

Նախորդը

«Դա Իմը Չէր…»

Յաջորդը

ՖԻՖԱ-ն Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կրնայ Զրկել 2018-ի Մոնտիալին Մասնակցելու Իրաւունքէն

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?