Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1967)

Յուլիս 28, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Ներքին Վտանգը

Ամենազօր Ամերիկան, տը Կոլի բացատրութեամբ, միակ գերտէրութիւնը, որ ըստ իր քննադատներուն, աշխարհի ոստիկանը կը նկատէ ինքզինք, «այրող» ամառ մը ունեցաւ:

«Տաք»-ը սպասելի էր, «այրող»-ը` անակնկալ: Բայց պատահեցաւ: Ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներ խռովութեան օճախներու վերածուեցան: Սեւերը կատղած են: Ապստամբութեան դրօշակ` գրեթէ ամէնուրեք: «Կրակի պիտի տանք ամբողջ Ամերիկան» սպառնալիքը արդէն սկսած է գործադրուիլ Տիթրոյիթի, Հիւսթընի եւ Փոնթիաքի մէջ, աւերելէ ետք Նիւարքը:

Կասկած չկայ, որ դաշնակցային եւ նահանգային ուժերու գործակցութեամբ, ապստամբութիւնը պիտի զսպուի, օրէնքը պիտի գործադրուի: Յետո՞յ:

Հարցը պիտի մնայ ամբողջական, անլոյծ` ընկերային, մարդկային եւ տնտեսական իր երեսներով, որոնց վրայ կրնայ աւելնալ նաեւ քաղաքականը, եթէ Ուաշինկթըն արագ չշարժի:

Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով, սեւերը կը խօսին ազգային անկախ պետութիւն հաստատելու մասին: Ո՞ւր: Չեն ըսեր: Անշուշտ նկատի ունին ամերիկեան բազմաթիւ նահանգներ:

Այլ խօսքով, անջատողական շարժում մը կրնայ ծայր տալ, նոյնքան, գուցէ աւելի՛ ծանր, քան` քաղաքացիական պատերազմը, որ անցեալ դարուն ցնցեց Ամերիկան:

Արտաքին վտանգներու խնդիրը գրեթէ վերջնականապէս լուծած երկիր մը այսօր կը գտնուի ներքին ահաւոր վտանգի մը առջեւ: Ունի վտանգին գիտակցութիւնը, բայց խնդիրին ընկերային կողմը այնքան բարդ է, այնքան կապ ունի իւրաքանչիւր ամերիկացիի անձնական, առօրեայ կեանքին հետ, որ անճրկումը կատարեալ դարձած է:

Այնպէս կը թուի, թէ խոստումները, որքան ալ հանդիսաւորապէս տրուած ըլլան, շատ դեր պիտի չունենան:

Ընկերային եւ տնտեսական յեղաշրջում մը անհրաժեշտ է:

Բայց ի՞նչ գնով:

X

Սփիւռքահայ
Ազգային Կեանքը

Սփիւռքի մէջ ցրուած հայութիւնը անբաժանելի մէկ մասն է Հայաստանի եւ իրաւատէրը` իր ճակատագրին: Հայրենիքէն հարկադրաբար դուրս ապրելով` սփիւռքահայութեան համար առաջնակարգ կարեւորութիւն ունի իր ազգային դիմագծի պահպանումը: Իսկ այդ հնարաւոր է, երբ լաւագոյն կերպով եւ հաստատուն հիմերու վրայ կազմակերպուած է մեր ազգային ներքին կեանքը:

Հայը օժտուած է կազմակերպական տաղանդով, բարոյական նկարագրով եւ գաղափարական ձգտումներով: Անոր մէջ միշտ արթուն մնացած է ազգային գիտակցութիւնը, եւ ան գիտցած է դիմագրաւել ամէն վտանգ, որ սպառնացած է իր ազգային նկարագրի անաղարտութեան: Ներկայիս, մեր տարագիր կեանքի պայմաններուն տակ, աւելի քան անհրաժեշտ է ամուր կառչած մնալ հայկական այդ առաքինութեանց:

Ազգային դիմագիծ եւ բարոյական նկարագիր հայկական գաղութներու ազգային հաստատութիւններէն ներս, եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներու համար, դպրոցական ասպարէզին եւ մշակութային մարզերու մէջ: Այդ բոլոր ասպարէզներէն պիտի վերնան եսամոլութիւնը, քինախնդրութիւնը, փառասիրութիւնը, գծուծ հաշիւները եւ անհանդուրժողական ոգին: Որովհետեւ մեր ազգային բոլոր հաստատութիւնները, եկեղեցին, դպրոցները եւ մշակոյթը իր բոլոր ճիւղերով, մէկ ընդհանուր նպատակի կը ծառայեն` Հայը հայ պահել:

Ասոր համար կարելի բոլոր միջոցներով ջանալու է գաղութային մարմիններէ ներս ազգային առողջ մթնոլորտ ստեղծել, եկեղեցական իշխանութիւնները պահել իրենց կոչումին բարձրութեան վրայ եւ դպրոցական դաստիարակութիւնը ազգային ոգիով առաջնորդել: Արտասահմանեան մեր գրական ստեղծագործութիւնները, արուեստը, նուագը պիտի կրեն ազգային կնիք եւ օժանդակեն հայապահպանման սրբազան գործին:

Անկարելին չէ, որ կը պահանջուի: Եթէ յետադարձ հայեացք նետենք մեր անցեալին վրայ, պիտի տեսնենք, որ հայ ժողովուրդը շատ աւելի դժնդակ պայմաններու տակ կրցած է պահպանել իր ազգային դիմագիծը եւ բարոյական նկարագիրը: Այն ատեն ո՛չ քաղաքակրթութեան ներկայ բարձր մակարդակին վրայ կը գտնուէինք եւ ո՛չ ալ այսօրուան չափ մտաւոր լայն պատրաստութեան տէր ուժեր ունէինք:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

20-րդ Դարու Նոր Սերունդը

Հինի եւ նորի, հայրերու եւ զաւակներու, երիտասարդութեան եւ չափահասութեան միջեւ մղուող յաւերժական պայքարը, ուժերու բախումը, շահերու անհաշտութիւնը նոր իրադարձութիւն չէ, ընդհակառա՛կն, բնական եւ սովորական երեւոյթ է:

Իւրաքանչիւր նոր սերունդին համընթաց ընկերային կարգերը, բարքերը, մշակոյթը եւ հասկացողութիւնները կը հպատակին շրջափոխութեան: Պատմութիւնը կը թաւալի յայտնագործուած նոր գործօններու եւ նոր պայմաններու ազդեցութեամբ: Բնականաբար նոր ծաղկող սերունդը կը  ներկայացնէ բարեշրջումի, վերափոխումի ոգին:

Ժամանակակից նոր սերունդի ճնշող մեծամասնութիւնը կ՛ընթանայ ապառողջ ճամբով, որ մտատանջող խոց մըն է ներկայ ընկերութեան վրայ: Արդի երիտասարդութիւնը, իր պատանութեան վերջին հասակէն սկսած, կը հետեւի խռովքի, անդոհանքի, ընդվզումի, ինքնաջնջումի եւ մտագարութեան աղէտաւոր ուղիին:

Քսաներորդ դարու երիտասարդութիւնը ինքզինք ապերջանիկ կը զգայ: Թէ՛ թերուս եւ թէ՛ առանձնաբար համալսարանական ուսանողութիւնը դժգոհ է ընդհանրապէս կեանքէն: Ապրելու մէջ ոչ իմաստ կը գտնէ եւ ոչ ալ գոհացում:

Արդ, ի՞նչ է պատճառը այս երեւոյթին: Ընտանեկան անկայուն կեանքը եւ ծնողական կրթութիւնը, ապրուստի յորդուն առատութիւնը (affluence) եւ սանձարձակ ազատութիւնը:

Հայութիւնը բարեբախտաբար տակաւին զերծ է այս ծաւալուն ախտէն: Պատճա՞ռը, որովհետեւ հայը ամէնուր պահեր է ընտանեկան աւանդութիւնները, ծնողքի անարատ գուրգուրանքը` զաւակներու հանդէպ, որդիական պատկառոտ սէրը` ծնողքի հանդէպ, մանաւանդ` ամօթխածութիւնը: Հայ ընտանիքը դեռ չէ կորսնցուցած ընտանեկան հաւասարակշռութիւնը, ներդաշնակութիւնը, որովհետեւ իւրաքանչիւր անդամ գիտակցութիւնն ունի իր ինքնուրոյն պատասխանատուութեան: Եւ, առաւել եւս,  հայութեան հասարակական կարծիքը դեռ կը պահէ իր հեղինակութիւնն ու ներգործութիւնը: Ան չի ներեր այն զաւակին, որ իր ծնողքը կ՛ուրանայ, չի հանդուրժեր այն ծնողին, որ չի հսկեր իր  զաւակի վարքն ու բարքը: Եւ աւելի յատկանշականը այն է, որ հայ պատանին կը սիրէ աշխատանքը: Անաշխատ կամ մուրացիկ հայը հազուադէպօրէն անակնկալ է: Իսկ աշխատանքի փարող մարդը զերծ է բոլոր հոգեկան եւ նեարդային հիւանդութիւններէ:

Աշխատանքը մարդու առաջնահերթ եւ անխուսափելի անհրաժեշտութիւնն է: Ան է, որ մարդը կը դարձնէ անկախ, ստեղծագործ եւ ազատ: Աշխատանքով մարդ ոչ միայն կը տիրապետէ բնութեան, այլեւ իր հոգեմտաւոր աճը կը կերպաւորէ եւ ինքնութիւնը կը ճոխացնէ յեղումներով եւ յաւելումներով: Աշխատանքի եռուզեռին մէջ է, որ երեւան կու գան մարդու մտահոգեկան կարողութիւնները, գործակցութեան ունակութիւնը, ընկերային միաւորի գիտակցութիւնը, արուեստի սէրը եւ գեղեցկութեան պաշտամունքը: Աշխատանքը արարչութիւն է, հոգեկան խոր վայելք է եւ բարոյական սխրագործութիւն:

Աշխատող մարդը հանրային գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան տեւական զգացողութիւնով տոգորուած է: Աշխատողին համար իտէալը եւ զոհաբերութիւնը հարազատ երկուորեակներ են: Հայը զերծ կը մնայ հիւանդագին վիճակներ, քանի դեռ ամուր կառչած է ստեղծագործ աշխատանքին:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թօշնող Ծիրանի Հեւքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?