Ինչպէս ծանօթ է, 8-20 օգոստոսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Ասիոյ պասքեթպոլի 29-րդ ախոյեանութիւնը:
Լիբանանի համար այս ախոյեանութեան հիւրընկալումը կը նկատուի մեծ իրագործում մը` նկատի ունենալով, որ մայրիներու երկիրը ցարդ այս տարողութեամբ մեծ մրցաշարք մը չէ հիւրընկալած պասքեթպոլի մարզաձեւին գծով:
Կ՛ակնկալուի, որ Լիբանան ամէն գնով ձգտի բացառիկ արդիւնքներ արձանագրել այս մրցաշարքին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու նախագահ Եասեր Հաժ հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք պիտի մասնակցին այս ախոյեանութեան:
Ստորեւ` մարզիկներու ցանկը.
Ուաէլ Արաքժի, Ալի Մըզհեր, Ժոզեֆ Շարթունի, Էլի Ռըսթոմ, Նետիմ Սուէյտ, Ամիր Սէուտ, Պասել Պաուժի, Ալի Հայտար, Նորվել Փել, Ֆատի Խաթիպ, Ժան Ապտել Նուր եւ Շարլ Թապեթ: