«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ճենովայի սեփականատէր եւ նախագահ Էնրիքօ Փրեցիոցի համաձայնութեան եկած է ակումբի վաճառքին շուրջ:
Ան Ճենովան գնեց 2003-ին, երբ անիկա սնանկացման մօտ էր:
Ճենովա «Քալչիօ»-ի անցած տարեշրջանին գրաւեց դասաւորման 16-րդ դիրքը:
«Ես արդէն իսկ վաճառեցի ակումբը, իսկ փաստաթուղթերը կը ստորագրուին նոր տարեշրջանին սկիզբը: Յաջորդ հարցազրոյցին ես արդէն իսկ Ճենովայի նախագահը չեմ ըլլար», ըսաւ ան: