Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Քրիստոնէական Զօրակցութիւն Աւստրալիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Արեւելեան Եկեղեցիներու Կողմէ` Եգիպտոսի Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Ժողովուրդին

July 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 մայիսէն-4 յունիս 2017 Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Արեւելեան եկեղեցիներու առաջնորդ հայրերէն կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Եգիպտոս: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայկազուն եպս. Նաճարեան` առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմին, Մելքայթ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռոպեր արք. Ռապպաթ, մարոնի առաջնորդ Անթուան Շարպել եպս. Թարապայ, Սիտնիի ղպտի ուղղափառ առաջնորդ Տանիէլ եպիսկոպոս, Բարսեղ ծ. վրդ. Սուսանեան` պատրիարքական փոխանորդ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Ճուլիըն արք. Փորթէուս`  Հոպարթի (Թազմանիա) կաթողիկէ առաջնորդ: Եգիպտոսի մէջ պատուիրակութեան միացան նաեւ ղպտի ուղղափառ արքեպիսկոպոսներ` Սուրիէլ (առաջնորդ Մելպուռնի), Անպա Տանիէլ (Աւստրալիոյ Շնուտա վանքի վանահայր) եւ հայր Եուհաննա:

Նպատակ

Այցելութեան նպատակն էր զօրակցութիւն յայտնել եգիպտացի ժողովուրդին, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ` Թաուատրոս Բ. պապին, հոգեւորական դասին, ղպտի հաւատացեալ ժողովուրդին, իբրեւ կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցապետներ  միասնաբար աղօթք բարձրացնել Եգիպտոսի եւ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան ի նպաստ, ամրապնդել համակեցութիւնը քրիստոնեաներու եւ իսլամներու, կոչ ուղղել` զօրացնելու հաւատքը  Աստուծոյ, որ մէկ է եւ միեւնոյնը` բոլորիս համար, նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել եւ այցելել վերջին խափանարարական գործողութիւններէն տուժած ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ` տարածել գործակցութեան, փոխադարձ հանդուրժողութեան եւ ներողամտութեան գաղափարը` ընդդէմ ատելութեան եւ թշնամութեան:

Պատուիրակութիւնը այցելութիւններ տուաւ հետեւեալ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն եւ հաստատութիւններուն.

Ա) Լիբանանեան դեսպանատուն, ուր ընդունուեցաւ դեսպանին եւ Արաբական լիկայի մէջ մնայուն ներկայացուցիչ  Անթուան Ազզամի կողմէ: Դեսպանը բացատրեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացիներու թիւը մօտաւորապէս կէսն է լիբանանցի քաղաքացիներուն: Ան խնդրեց բարեխօսել, որ Աւստրալիան աւելի թոյլատու ըլլայ նոր գաղթողներ ընդունելու:

Բ) Աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր իսլամական Ազհար համալսարան, ուր պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ համալսարանի մեծ իմամ դոկտ. Ահմետ Թայեպի եւ բարձրաստիճան կրօնաւոր մտաւորականներու կողմէ: Կողմերը իրենց համաձայնութիւնը յայտնեցին պայքարելու կրօնական ծայրայեղական մտայնութեան դէմ, կատարելու կրթական ծրագիրներու արդիականացում, ուր ուսուցուին կրօններու փոխադարձ հանդուրժողութիւն, համացանցի միջոցով դէմ դնել ծայրայեղական գաղափարներու տարածման եւ զգուշացնել մանաւանդ երիտասարդութիւնը` ծայրայեղականութեան մէջ սայթաքումէ, այդ նպատակով Ազհար իր ելեկտրոնային կայքը արդէն իսկ հաստատած է: Գործնական աշխատանքի լծել Ազհարի կողմէ հիմնուած «Եգիպտական ընտանիքի տուն» հաստատութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Եգիպտոսի բոլոր եկեղեցիները, եւ որոնց համանախագահներն են Ազհարի շէյխն ու ղպտի պապը, որոնք ճիգ ի գործ կը դնեն զայն վերածելու «Համաշխարհային ընտանիքի տուն»-ի: Եզրակացուեցաւ, որ իսլամական կրօնը չէ, որ կը քաջալերէ ահաբեկչութիւնը, այլ զայն կ՛օգտագործեն իսլամի եւ այլ կրօններու մէջ որոմ ցանող կազմակերպութիւններ:

Գ) Աւստրալիական  դեսպանատուն, ուր ընդունուեցան դեսպան Նիլ Հոքինզի կողմէ եւ եղան անոր ճաշի հիւրերը: Դեսպանին հետ արծարծուեցան Աւստրալիոյ` Եգիպտոսի նեցուկ կանգնելու եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հարցերը:

Դ) Եգիպտոսի եկեղեցիներու կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ միացեալ աղօթք:

Ե)  Կաթողիկէ ղպտիներու պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Իսահակ Իպրահիմ պատրիարքին կողմէ: Յանուն պատուիրակութեան` Փորթէուս արքեպիսկոպոս  Աւստրալիոյ եկեղեցիներուն զօրակցութիւնը յայտնեց քրիստոնեայ մեծ ժառանգ ունեցող Եգիպտոսի քրիստոնեայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսին`ահաբեկչութեան դէմ անոր տարած պայքարին համար:

Զ) Հանրապետութեան նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց ահաբեկչական արարքներուն զոհերուն եւ շնորհակալութիւն` վնասուած եկեղեցիներու ամբողջական նորոգութեան պետութեան որոշումին համար: Նախագահ Սիսի վստահեցուց պատուիրակութիւնը, որ խափանարարական արարքները քրիստոնեաներուն դէմ չէին, այլ կրօնը կ՛օգտագործուէր եգիպտացի ժողովուրդին մէջ պառակտում յառաջացնելու համար: Նախագահը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Թաուատրոս Բ. պապին անոր ցուցաբերած խոհեմութեան եւ իմաստուն կեցուածքին համար: Հանդիպման աւարտին նախագահը երեք անգամ կրկնեց. «Մենք ձեզ բնաւ պիտի չլքենք»:

Է) Թաուատրոս Բ. պապին, որ մեծապէս գնահատեց պատուիրակութեան նախաձեռնութիւնը եւ ըսաւ, որ աւելի լաւ ապագայ կը սպասուի եգիպտացի երիտասարդութեան համար: Ան յորդորեց տնտեսական ծրագիրներու աշխուժացում կատարել, որպէսզի երիտասարդութեան համար աւելի լայն ասպարէզ բացուի երկրին մէջ մնալու եւ զայն զարգացնելու: Հուսկ, պատուիրակութիւնը այցելեց եկեղեցին, ուր տեղի ունեցած էր խափանարարութիւնը, եւ ականատես եղաւ պայթիւնին պատճառած նիւթական վնասներուն: Ներկայ հաւատացեալներէն մին բացագանչեց` ըսելով. « Մենք հպարտ ենք մեր նահատակներով, ինչ որ տանք մեր Տիրոջ, քիչ է` բաղդատած այն զոհողութեան, զոր Յիսուս կատարեց մեր փրկութեան համար»:

Ը) Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ գաղթի նախարար  Նապիլա Մաքրամ Ապտել Շահիտի եւ յայտնեց իր շնորհակալութիւնը այս հանդիպումներու կարգադրութեանց համար: Այցելութիւն տրուեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Եահեա Ռաշետի եւ ծանօթացաւ Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան այսօրուան կացութեան: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հռոմի պապական պատուիրակ Պրունօ  Մասուրօ եպիսկոպոսին եւ եղաւ անոր ընթրիքի հիւրը: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ հիւանդանոց մը, ուր կը բուժուէին վիրաւորներ եւ աղօթք բարձրացուց անոնց արագ ապաքինման համար: Սրբազան հայրը հայկական փոքր խաչեր նուիրեց վիրաւորներուն:

Այս պատմական այցը արձագանգ գտաւ եգիպտական մամուլին մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

21 յունիս 2017

Նախորդը

Գաղափարական Հարցեր

Յաջորդը

«Արեւելեան Եկեղեցիներու Նահատակները»

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.