Նախորդ շաբաթավերջին Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) աւարտեցաւ Եւրոպայի լողարշաւի` ցրացատկութեան ախոյեանութիւնը:
Մրցումներուն վերջին օրը, Վլատիմիր Յարութիւնեան 10 մեթրի սուզումի մրցումներուն ապահովելով 382.90 կէտ, գրաւեց 9-րդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Այս մարզաձեւին մէջ Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Լեւ Սարգսեան, չկրցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան:
Ախոյեանութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ազատ Յարութիւնեան:
Այս ախոյեանութեան սկիզբը տեղի ունեցած զոյգի սուզումի մրցումներուն, Յարութիւնեան եղբայրները գրաւեցին 6-րդ դիրքը:



