Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ս. Զատկուան Պատգամը. Այսօր Լուսաւո՛ր Եւ Փառապա՛նծ Յաղթութեան Օրն Է

Ապրիլ 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի գերեզմանին վէմը…
(Մրկ. 16, 3)

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,
Սիրելի՛ եւ պատուական հայրենակիցներ,

Կիները Յիսուսի գերեզմանը կ՛երթան, եւ իրարու կ՛ըսեն.

«Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի գերեզմանին դրան վէմը…»:

Նայեցան եւ տեսան, որ վէմը թաւալեցուցեր էին գերեզմանին վրայէն,

որովհետեւ շատ մեծ էր: Կիները խռովեցան եւ սաստիկ վախցան:

Կիներուն այս հարցումը արդեօք մենք մեզի չե՞նք ըներ, երբ ծանր դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք:

«Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի այս վէմը», երբ կը տեսնենք, որ չենք ըներ բարին, որ կ՛ուզենք, երբ կը գործենք չարը, որմէ կ՛ուզենք խուսափիլ, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս. «չեմ ըներ բարին, որ կ՛ուզեմ, այլ կը գործեմ չարը, որ չեմ ուզեր» (Հռոմ. 7, 19):

Այս վէմը, որ կ՛արգիլէ ինծի Յիսուսին հասնիլ, մի՞թէ մեղքերուս վէմը չէ, որ սրտիս վրան է, մի՞թէ եսասիրութիւնս չէ, որ կը ճնշէ խղճիս վրայ` արգիլելով ինծի, որ յառաջանամ շնորհքի կեանքին մէջ:

Կիները գերեզման կ՛երթան մեռե՛լ մը օծելու համար, դիա՛կը Անոր, զոր այնքան սիրեցին եւ որ Աստուծոյ արքայութիւնը կը քարոզէր:

Վէմին ետեւը տեսան հրեշտակ մը, որ կ՛ըսէր իրենց. «Մի՛ վախնաք, դուք կը փնտռէք Յիսուս Նազովրեցին` Խաչեա՛լը, հոս չէ՛, յարեա՛ւ, ահաւասիկ տեղը, ուր զինքը դրին: Բայց դուք գացէ՛ք եւ ըսէ՛ք աշակերտներուն եւ Պետրոսի, թէ` ահաւասիկ կը կանխէ ձեզ եւ Գալիլիա կ՛երթայ, հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսէր էր ձեզի» (Մրկ. 16, 6-7):

Մեր քարոզած Քրիստոսը մեռած կ՛ըլլայ, եթէ մեզի համար լոկ հի՛ն յիշատակ մըն է. բայց Յարուցեալը մեր առջե՛ւն է, մեր ներկա՛ն է, մեր ապագա՛ն, ոչ թէ մեր անցեալը: Ի՛նքն է, որ այսօրուան պատմութիւնը կը գրէ: Թերեւս պիտի նախընտրէինք մեռած եւ հանգստացնող խօսք մը լսել Իրմէ, քան թէ խանգարող, մեզ խրախուսող եւ դրդող հրաւէր մը:

Յարութեան շնորհքն է, որ վէմը կը թաւալեցնէ, վէմը մեր մեղքերուն եւ եսասիրութեան: Մեր դէմը կեցած` յարուցեալ Քրիստոսը` Իր լոյսին զօրութեամբ, այս վէմը կը թաւալեցնէ` փարատելով մեր տարակոյսները, մեր յուսալքումները եւ մեր վախերը:

Ապաշխարութեան եւ ողորմութեան խորհուրդն է, որ կարող է աստուածայի՛ն ուժով տապալել մեր կեանքի բոլո՛ր արգելքները եւ լուսաւորել մեր առօրեայ ճանապարհը:

Սուրբ Պօղոսն է, որ կը գրէ.

«կը յիշեցնեմ ձեզի եղբայրներ Աւետարանը, զոր քարոզեցի ձեզի`

. թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար,

. թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ,

. երեւցաւ Կեփասին (Պետրոսին) եւ ապա տասներկուքին,

. յետոյ աւելի քան հինգ հարիւր եղբայրներուն,

. յետոյ երեւցաւ Յակոբի եւ բոլոր առաքեալներուն,

. ի վերջոյ իբրեւ նուաստ մէկուն` երեւցաւ նաեւ ինծի,

. որովհետեւ ես տրուպն եմ առաքեալներուն.

. արժանի չեմ նոյնիսկ կոչուիլ առաքեալ,

որովհետեւ հալածեցի Աստուծոյ եկեղեցին» (1 Կոր. 15, 1-9):

Եւ կը յարէ. «արդ, ե՛ս կամ անո՛նք, մենք այսպէ՛ս կը քարոզենք,

դուք այսպէ՛ս հաւատացիք (1 Կոր. 15, 11):

«Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ,

Ընդունա՜յն է մեր քարոզութիւնը,

Ընդունա՜յն է նաեւ ձեր հաւատքը» (1 Կոր. 15, 14):

«Արդարեւ, ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին,

այնպէս ալ Քրիստոսով` ամէնքը պիտի վերակենդանանան» (1 Կոր. 15, 22):

Մեր հայրերուն, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք դարերէ ի վեր կը նահատակուին եւ այսօր ալ կը հալածուին իրենց հաւատքին եւ Քրիստոսի անունին հաւատարիմ մնալու համար, կրկին լսենք յարուցեալ մեր Տիրոջ մխիթարական խօսքը. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին (Յովհ. 16, 33):

Օրն է այսօր, լուսաւո՛ր եւ փառապա՛նծ յաղթութեան, որովհետեւ Քրիստոս խաչե՛ց մահը, պայծառացո՛ւց կեանքը եւ անմահութիւնը. մեզ կ՛անցընէ` գերութենէն դէպի ազատութիւն, տխրութենէն դէպի ուրախութիւն, սուգէն դէպի ցնծութիւն, խաւարէն դէպի լոյս, գերութենէն դէպի ազատում:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, երկու հազարամեայ Քրիստոսի եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ այսօրուան բոլոր քրիստոնեաներուն հետ, խոր հաւատքով, մեծ յոյսով եւ վառ սիրով եւ անհուն ուրախութեամբ հռչակենք յաչս աշխարհի`

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՀԱՅՈՑ

Նախորդը

Մեր Ընտրութիւնը` Յարութիւն

Յաջորդը

Չէ՛ Աստ. Քանզի Յարեա՛ւ…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?