Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Կոմունան Եւ ՀՅԴ-ի Դերակատարութիւնը Անոր Մէջ

Ապրիլ 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

13 ապրիլ 1918. նուազ քան մէկ տարուան ընթացքին, ինչպէս որ համայն Ռուսիան, նոյնպէս ալ Պաքուն տեսաւ երկու յեղափոխութիւններ (փետրուարեան եւ հոկտեմբերեան): Պաքուի ժողովուրդը տարիներ շարունակ տուժած էր ցարական բռնապետական վարչակարգէն: Անիկա զրկուած էր խօսքի, խիղճի եւ հաւաքի ազատութեան իրաւունքէն: Պաքուի բնակչութիւնը նաեւ կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ, մինչդեռ քաղաքը ծանօթ էր իր զարգացած արդիւնաբերութեամբ եւ քարիւղի արտադրութեամբ: Աղքատութիւնը տարածուած էր, որովհետեւ եկամուտը չէր բաժնուեր արդարօրէն:

Քաղաքի աշխատաւոր դասակարգը թշուառ վիճակի մէջ կ՛ապրէր: Անիկա իր ձեւաւորման առաջին իսկ օրէն կ՛ենթարկուէր շահագործման` գործարաններու սեփականատէրերուն կողմէ: Քաղաքի բնակչութիւնը բազմամշակութային էր: Հոն կը գտնուէին` հայեր, վրացիներ, կովկասեան թաթարներ, հրեաներ եւ փոքրամասնութիւններ: Ցարական վարչակարգը միշտ ալ կը փորձէր ազգերուն միջեւ հարցեր ստեղծել, որպէսզի չկազմուի միացեալ ընդդիմութիւն:

Յիշեալ մթնոլորտին պատճառով Պաքուի մէջ արդէն ստեղծուած էին ընկերվարական կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւնները: Հոն կը գտնուէին պոլշեւիկները, մենշեւիկները, ընկերվար-յեղափոխականներն ու ՀՅԴ-ն, որոնք մեծ համակրանք կը վայելէին քաղաքին մէջ:

Եւ ահա 13 ապրիլ 1918-ին աշխատաւոր ժողովուրդը զայրացած` կը գրաւէ փողոցները, գործարաններն ու զօրանոցները: Այստեղ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան առանցք կը հանդիսանայ հայ աշխատաւոր դասակարգի կազմակերպումը` արհեստակցական միութիւններու մէջ, բանուորական հաւաքներու կազմակերպումը, համագործակցութիւնը միւս ընկերվարական կուսակցութիւններուն հետ եւ ընկերաբանական, տնտեսագիտական, գաղափարաբանական ու քաղաքական նիւթերով շարք մը դասախօսութիւններու եւ զրոյցներու կազմակերպումը: Այդ ժամանակ Պաքուի մէջ աչքի զարնող դաշնակցական գործիչները կ՛ըլլան` Ռոստոմը, Յովհաննէս Քաջազնունին, Աբրահամ Գիւլխանդանեանը, Ռուբէն Դարբինեանը եւ Սարգիս Արարատեանը:

Պոլշեւիկները կը յայտարարեն «Պաքուի կոմունա»-ի հիմնադրութեան մասին: Անիկա կը բաղկանայ երկու վարչական մարմիններէ` Հասարակական հիմնարկութիւններու խորհուրդը եւ Բանուորական պատուիրակներու խորհուրդը: Երկու հիմնարկութիւններուն մէջ ալ կը գործէին քաղաքի չորս ընկերվարական կուսակցութիւնները:

Պաքուն կ՛ունենայ 26 հոգինոց կոմիսարիատ, անոնցմէ 7 հատը հայ էին, 6-ը` պոլշեւիկ (ներառեալ կոմիսարիատի նախագահը` Ստեփան Շահումեանը, «Պաքուեցի բանուոր» թերթի խմբագիր Արսէն Ամիրեան, լրագրող Արմենակ Բորեան, «Պաքուի խորհրդի տեղեկագիր» թերթի խմբագիր Սուրէն Յովսէփեան, պարենամթերքի տեղակալ Արամ Կոստանդեան եւ Պաքուի պարետ Բաղդասար Աւագեան) եւ մէկ դաշնակցական (Թադէոս Ամիրեան, հեծեալ զօրաջոկատի հրամանատար):

Քաղաքին երկու մարմինները կը դիմեն յեղափոխական քայլերու` պետականացնելով քաղաքի քարիւղի մարզն ու դրամատուները, ութ ժամնոց աշխատանք սահմանելով, արհեստակցական միութիւնները օրինականացնելով, իսկ քաղաքի շրջակայ հողերը հաւասարապէս բաժնելով բոլոր գիւղացիներուն: Յեղափոխութիւնը գոհացուցիչ չ՛ըլլար թաթարական աջակողմեան աւատապետական Մուսաւաթ կուսակցութեան համար: Թաթարներու ազգային խորհուրդը (մուսաւաթականներուն գլխաւորութեամբ) պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Պաքուի կոմունային եւ կը շրջապատէ քաղաքը: Մուսաւաթականները կը դիմեն զէնքի` տապալելու համար յեղափոխական մարմինները եւ կերտելու իրենց ազգայնական վարչակարգը: Այստեղ եւս դաշնակցականները փաստեցին իրենց հաւատարմութիւնը ընկերվարական վեհ իտէալներուն նկատմամբ եւ իրենց արեան գնով ջախջախեցին մուսաւաթական հակայեղափոխական ազաւակ խումբերը. կոմունայի հիմնադրութիւնէն մինչեւ անոր անկումը` Դաշնակցութիւնը մնաց անոր թիւ մէկ թիկունքը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մարտական գետնի վրայ:

Կ՛արժէ յիշեցնել, որ երբ պոլշեւիկները ի զօրու չէին քաղաքը եւ իրենց յայտարարած կոմունան պաշտպանելու, խեղաթիւրելով իրականութիւնները, իրենց ձախողութիւնը կը բարդեն ՀՅԴ-ի վրայ, եւ Պաքուի մէջ պոլշեւիկներուն պարագլուխը (Ստեփան Շահումեանը) կը յայտարարէ, որ «ՀՅ Դաշնակցութիւնը ցանկանալով, որ անգլիացիները անպատճառ գան, վերջերս կրաւորական դիրք են բռնել»: Մինչ այդ (Արամ Ալզուջեանի «Ռոստոմը Պաքուում» յօդուածին մէջ, որ լոյս տեսած է Ռոստոմի մահուան 60-ամեակին նուիրուած հատորին մէջ, էջ 360), Բանուորական խորհուրդի նիստերուն մէջ ՀՅԴ-ն, միւս չափաւոր ձախ ուժերուն կողքին (ընկերվար-յեղափոխականներ եւ մենշեւիկներ) հրաւիրած էր անգլիացիները Պաքու` պաշտպանելու համար քաղաքը, եւ այդ հրաւէրին նկատմամբ բացասական դիրք բռնած էին պոլշեւիկները: 26 յուլիս 1918-ին չափաւոր ձախ եռեակը կը տապալէ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը եւ ինք կը ստանձնէ քաղաքի կառավարումն ու ինքնապաշտպանութիւնը` «Կենտրոնական կասպիական դիկտատուրա» անուան տակ, մինչեւ քաղաքի գրաւումը ազրպէյճանական բանակին կողմէ եւ «դիկտատուրա»-ի տապալումը` նոյն տարուան 15 սեպտեմբերին:

Այսօր մենք կարիքը ունինք դասեր քաղելու Պաքուի կոմունայի փորձէն: Կարիքը ունինք կազմակերպելու աշխատաւորութիւնը, որ ինքն էր յեղափոխութեան կորիզը: Դժբախտաբար այսօր մեր հայրենիքին մէջ գոյութիւն չունին զօրաւոր արհեստակցական միութիւններ, ինչպէս որ գոյութիւն ունէին ռուսական յեղափոխութեան տաք օրերուն: Միութիւններ, որոնք կը գործէին հայկական աշխատաւորական շարժման առաջնորդ ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին տակ: Կարիքը ունինք քննարկելու Պաքուի կոմունան եւ Դաշնակցութեան կողմէ ղեկավարուած ընկերային-յեղափոխական բնոյթի նմանօրինակ գործունէութիւններ: Կարիքը ունինք յիշելու մեր դաշնակցական ընկերվարական տեսաբանները, ինչպէս` Ռոստոմը, Գարեգին Խաժակը, Արշակ Ջամալեանը եւ ուրիշներ: Կարիքը ունինք նաեւ յիշելու եւ փառաբանելու բոլոր ընկերային-տնտեսական յեղափոխական դէպքերը, որոնց մասնակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Սգոյ Ու Ոգեկոչման Արարողութիւններ` Համայն Հայաշխարհում

Յաջորդը

Քառօրեայ Պատերազմը (Վերլուծական Զեկոյց)

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?