Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Խեղդող Ամօթը

March 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Գարեգին Նժդեհ կ՛ըսէ. «Կռիւներում հերոսանալուց աւելի, դժուար է կեանքում հերոսավայել կեցուածք ունենալը»…

«Հաց բերող»-ը կռիւներուն չհերոսացաւ. տկար ու հիւանդոտ էր իր մարմինը, բայց ան չվախցաւ գնդակներէն ու ռումբերէն եւ արցախեան պատերազմին իր մասնակցութիւնը բերաւ` դիրքերուն հաց հասցնելով: Արիւն թափեց միւս բոլոր կռուող տղոց նման, երբ հրազէնային վիրաւորում ստացաւ դիրքեր հաց տանելու ժամանակ:

«Հաց բերող»-ը չէր կրնար ուրիշ ձեւով մահանալ… ան պէտք էր համակարգին զոհը դառնար, այլապէս համակարգը պիտի դառնար մահացողը: «Հաց բերող»-ը մահացաւ, որովհետեւ մերժեց համակարգը, մերժեց համակերպումը, մերժեց քծնանքը, փառքը, պաշտօնը, թէեւ այդ բոլորը ունենալու առիթը տրուեցաւ իրեն` բանտէն առաջին արձակումէն անմիջապէս ետք: Ան այսօր կրնար պատգամաւորի թեկնածու ըլլալ նոյնինքն իր մահը բերած համակարգի հեղինակներուն ցանկին վրայ… Մերժեց, որովհետեւ չէր կրնար Երուսաղէմը շահիլ` իր անձը կորսնցնելով: «Հաց բերող»-ը 23 օր շարունակ հացադուլ ըրաւ, սովահարութեան դիմեց ցոյց տալու համար, որ մարդ ոչ միայն հացիւ կեցցէ, այլեւ` արժանապատուութեամբ եւ սկզբունքով, գաղափարականութեա՛մբ, մարդկայնութեա՛մբ: Հացադուլով ուզեց սնուցել մարդոց ոգու սովը, որ համակած է հայաշխարհը` Հայաստանէն սփիւռքի մինչեւ հեռաւոր ոստաններ:

Այն վայրկեանին, երբ «Հաց բերող»-ը իր ինքնաշարժը հացով ու սնունդով լեցուցած` կտրեց ոստիկանութեան պաշարման շղթան, գիտէ՛ր, շա՜տ լաւ գիտէր, որ արդէն ճանապարհը ետդարձ չունի, կեանքի շղթան կտրուած է այլեւս, մօտ է աւարտին: Շատ լաւ տեղեակ էր, որ հաց բերելով սովահարին` իր սեփական կեանքը սնուցող երակը կը կտրէր: Ճիշդ այնպէս, երբ դիրքեր հաց տարած տղան գիտէր, որ թուրքին կրակը տարբերութիւն չի դներ դիրքերուն վրայի տղոց ու անոնց սնունդ տանող հիւանդ մարդուն միջեւ:

Ափսո՜ս, շա՛տ ափսոս, թուրքի գնդակէն չզոհուեցաւ «Հաց բերող»-ը: «Հաց բերող»-ը սպաննեցինք մենք` մեր անտարբերութեամբ, մեր լռութեամբ, մեր համակերպումով, մեր պատեհապաշտութեամբ, անձը հաւաքականին զոհելու սո՛ւտ համոզումով, քաղաքական մանր հաշիւներուն տուրք տալով, վախը իբրեւ իմաստութիւն վաճառելով…

«Հաց բերող»-ը գիտէր, շա՜տ լաւ գիտէր մեր մեղքը: Բայց ինք այլ բան չէր կրնար ընել, չէր ալ ուզեր ընել… «Հաց բերող»-ը ինքնազոհութեամբ միայն կրնար բաժնուիլ մեզմէ, մեզ ձգելով բերան-բաց, զարմացած, հիացած, շուարած, ամօթի մէջ կորած…

Հիմա «Հաց բերող»-ը չկայ: Իր բացակայութեան շատ աւելի ծանր պիտի շնչենք Հայաստանի քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ քուէ մուրացող, կաշառք բաժնող, խոստում տուող, խաբող, թալանող բայց քաղաքական մարդու փայլուն զգեստներ հագած խաչագողներու ներկայութեան:

«Հաց բերող»-ը չկայ: Իր բացակայութեան շատ աւելի արագ եւ աժան պիտի վաճառուի Երուսաղէմը, ոգու սովը համաճարակի նման պիտի տարածուի երկրի ամբողջ տարածքին: Ու մենք պիտի ապրինք իբրեւ սոսկ շնչող մարմիններ, ու երբեք պիտի չհասկնանք, որ խօսիլը, բառերը, գիրերը` հացէն շատ աւելի արժէք ունին… Պիտի չըմբռնենք, որ լռութիւնը ոսկի չէ՛, որ պիղատոսի նման ձեռքեր լուալով` Երուսաղէմը չի փրկուիր: Պիղատոսը չկրցաւ Երուսաղէմը ազատել սուտ ռաբբիներէն ու տաճառները առեւտուրի շուկաներու վերածած վաճառականներէն:

Բայց աւելի լաւ է հիմա… լռենք, յանկարծ կարեկցանքի ու ցաւի խօսքեր չարտայայտենք: Շատ կեղծ պիտի հնչէ, շատ յուդայական պիտի երեւի: Հիմա միայն լռութեամբ արտայայտենք այն ամօթի զգացումը, որուն տակ մեր միտքն ու հոգին կը խեղդենք արդէն ամէն օր:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

 

Նախորդը

Հացը, Մարդը Եւ Քաղաքացին

Յաջորդը

Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.