Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով

March 17, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏՐՈՍ ՅՈՎՍԷՓ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

Այսպէս վերջ կը գտնէ Բ. Կանաչեանի առաջին  գլուխ-գործոցը` հարազատագոյն տոհմային ստեղծագործութիւններէն առաջինը: Հոս երգը, ինչպէս` «Հոյ Նար»-ին կամ` «Մարալօ»-ին մէջ, վերացական մտքի մը անկենդան դրսեւորումը չէ երբե՛ք: Երգը հոս ապրող, շնչող, կենդանի, հարազատ, ինքնաբուխ պոռթկում է, համով ապրելու կենսական ճիգէ ժայթքած կենսահիւթը, կեանքի, սիրոյ, արբեցողութեան, գեղեցկութեան պահանջներէն բխած բնութենապաշտական մղումներու խտացած կայծը: Կանաչեան կրցած է ճանչնալ այդ ճառագայթող բներգներու սրբութիւնը եւ իր ներիմացումով յաջողած է չխեղաթիւրել անոնց բուրմունքը, այլ` խոր հմտութեամբ ու իմաստութեամբ բազմաձայնած. ամբողջականացուցած միանգամայն: Կշռոյթ եւ բնական արտայայտչականութի՞ւն, բներգի ներգոյակ յառաջընթա՞ց, արեւոտ խանդ ու ոգեկան  դայլա՞յլ – բայց այս բոլորը հոն են, բնական ներուժով պարփակուած Վանի (կամ Մուշի, Բալուի …) հող ու արեւէն ջրվիժած այս ձայնային ցայտաղբիւրներուն մէջ:  Բարսեղ Կանաչեանի ներիմացումն էր հարկաւոր այս բոլոր խտացումներուն, անհամար ծալքերուն խորը թափանցելու համար եւ անոնց շնորհելու կուռ համակցում, հորիզոնամեղեդիական երգաշարահիւսութիւն, ինչպէս նաեւ` ուղղահայեաց-քառաձայնային կշռութաւորում ու սլացք: Ահա գեղջուկը իր բնօրրանին մէջ, իր հարազատ երգերով, որ նուաճած է համամարդկային բարձունք եւ ա՛յդ, երբ Կանաչեան գրեթէ մեղեդի չի հնարեր իր կողմէ, բայց բեղմնաւորապէս կ՛օգտագործէ, ըսենք, բնութեան կենդանի պարգեւը եղող գիւղական երգն ու պարերգը:

Ահա ուրեմն «Դալիլօ»-ն` հում-բներգային մշակումի ճամբով կերտուած իւրայատուկ նորութեան առաջին գոհարը, ուր պարզ ժողովրդական երգի ոստեր փնջաւորուած են ու վերածուած` հարուստ, անքակտելի պսակի: Վանէն ծլարձակած այս վտիտ, բայց վճիտ ծիլերը հոս արձակած են իրենց մէջ զսպուած արեւն ու  բուրմունքը: Ճառագայթ մըն է դարերու խորքէն մեզի հասած գեղջուկի ծիլ-մեղեդին, որ իբրեւ բազմերանգ շառավիղ, անցնելով բանիմաց արուեստագէտին իմացականութեան պրիսմակէն, կը տարբաղադրուի իր հնչիւնային, ձայնային-կշռութային հիմնական գոյներուն ու երանգներուն:

Բ. Կանաչեան պարզագոյն ձեւով կը բացատրէ այս բոլորը.«Իմ երգերս նոր ձեւ առած են` ժողովրդական եղանակը իբրեւ թեմա գործածելով»: Ի՜նչ փոյթ, թէ Կանաչեան երբեք Վան կամ Մուշ չէ եղած, տրուած ըլլալով, որ երաժշտական ամբողջական հայկականութիւն մը հեղինակին սրտին մէջ բոլորուած է, եւ գեղջուկին երգը վարպետօրէն շնչաւորուած` Կանաչեանի իւրայատուկ լեզուին ու տաղանդին ընդմէջէն: Ամփոփելով անոր հեղինակային արուեստը` ըսենք. Կանաչեան կը մեկնի հայկական տոհմիկ սոսկերգային (monodique) բներգներէն, կը յաջողի հոն թաքնուած կարողաձիգ (potentiel) ուժերը առաւելագոյնս ներիմանալ, ու մնալով միշտ տոհմիկ ու ազգային` կերտել առանձնայատուկ կառոյցներ (structures), բներգներու մասնիկային-բջիջային օգտագործումով, ճարտարօրէն բեղմնաւորելով ժողովրդական նախնական բնատիպը, զայն բարձրացնելով ազգապատկան հարազատ ու ճոխ արուեստի մը աստիճանին:

«Դալիլօ»-ն կոչած եմ «մանրա-զաւեշտա-գուսաներգութիւն»:

Նոյնն է պարագան «Հոյ նար» կամ «Վարդերի հետ» խմբերգներուն: «Հոյ Նար»-ին մէջ երկու ժողովրդական բներգներ օգտագործուած են, որոնք քաղուած են հեղինակին կողմէ, 1923-ին, Հալէպ: Առաջին բներգէն միայն երկու տող գործածուած է: Ինչպէս յաճախ, Կանաչեան հոս եւս երգային ատաղձը ամբողջացուցած է` ստեղծելով թենոր սօլօ-ին թէ՛ խօսքերը, թէ՛ եղանակը («Եղնիկն ես սարերուն / ծաղիկն ես դաշտերուն»): Հեղինակուած է 1927-ին, Կիպրոս: Առաջին անգամ հրատարակուած է Պէյրութ, 1947-ին:

Ինչպէս սպասելի է, հոս ալ չկան հարմոնիկ սին կուտակումներ կամ երգագրութային «անտեղի» խաղեր: Օգտագործուած իւրաքանչիւր ձայնանիշը պէտք է իր անհրաժեշտութիւնը ունենայ բնագիրին մէջ, նոյնիսկ անհատական, քմահաճ շարադասութիւնը անպայման արդարացի կամ արդարանալի պէտք է ըլլայ կարծես: Կարգ մը կրկնութիւններ կրնա՞ն միօրինակութիւն ստեղծել, այո՞, սակայն անոնք, ըստ վարպետին, թատերական ստորակէտի մը նշանակութիւնը կրնան ունենալ կամ վերյիշեցումի շեշտ մը: Հեղինակային յաւելեալ նոթաները կարծես պէտք է քաղուած ըլլան նոյն ինքը բներգներէն, կարծես յարատեւ վերյիշեցնելու կարիքը ըլլար, թէ՛ ե՛ւ խօսքերը ե՛ւ եղանակաւորումը մեր ժողովուրդին ստեղծածներն են:

Հոս է Կոմիտասի սկզբունքը: Բոլոր ներմուծուած նոթաները նոյն հողը պէտք է շնչեն, նոյն ծառին աւիշն ու պտուղը պէտք է ըլլան անոնք: Մէկ խօսքով, ամբողջ կտորը պէտք է հայութիւն բուրէ:  Իսկ ինքը` հեղինակը, միայն «ծայրերը միացնելու» պիտի ծառայէ: Հրաշք է , որ այս կտորները չեն նմանիր տժգոյն-անկենդան բրածոներու` հակառակ հեղինակային ծայր աստիճան կամաւոր «ինքնաջնջաւորումին»: Գաղտնի՞քը. հայ գեղջուկին հողը պարարտ է: Վանի թէ Մուշի բներգները հայրենիք կը բուրեն: Ոսկին հոն է, հաւաքող է պէտք…

Բ. Կանաչեանի իւրաքանչիւր խմբերգային ստեղծագործութիւն բազմաձայնուած տրամաթիք գեղջկերգութիւն է: Գեղջուկը անհատ ըլլալէ աւելի, համայնք-համագիւղացիներու պատկերն է: «Վարդերի հետ»-ը համեմատաբար երկարաշունչ կտոր է` կառուցուած մէկ հատիկ երգի մը կամ երգային ատաղձի մը վրայ: Ան Շիրակի շրջանէն պարերգ մըն է: Զայն կարելի է ցոյց տալ հետեւեալ կերպ` 6/8 **  *  *  ** | **  *  **  * (** երկու չափ, * մէկ չափ):  Փորձենք գծել զարգացումին հանգրուանները: Կանաչեան նախ կու տայ թեման (հիմնական բջիջը) իր ամբողջութեան մէջ, վստահուած` արական ձայներուն, որուն շուրջ եւ որուն միջոցով պիտի կազմակերպուի եւ բազմաճիւղաւորուի երկին շնչառութիւնը, երաժշտական կեանքը իր բոլոր տուեալներով: 2-րդ անգամ այս թեման նոյնութեամբ վստահուած է իգական ձայներուն, որոնց հետ կը զուգերգեն թենորները, իսկ պասերը թաւջութակներու նման կը շեշտաւորեն յաջորդական չափերու առաջինին նոթաները: Յաջորդ թեման, թենորներուն կողմէ, առաջինին կշռութային կառոյցը ունի: Ան կը շրջագայի միւս ձայներուն միջոցով: Ապա առաջին բներգը կը վերարծարծուի նոր բառերու վրայ` «Մտիկ արէք էն ղուշին, ոտը դրել է փուշին / Երանի նրան կլնի, թուշը դրել է թուշին»: Բաւական նոյնատեսակ զարգացումներէ ետք, 61-րդ չափին կշռոյթը կը դանդաղի, եւ կը յայտնուի միայնակ թենորը, իսկ 77-րդ չափին` միայնակ սոփրանոն, ապա երկուքին միջեւ` զուգերգը: 105-րդ չափին ընդհանուր կշռոյթը կ՛արագանայ բներգի նոր կերպարին աւելի աշխուժ մէկ դրսեւորումով: Թենորներու կողմէ առաջարկուած` ան կը փոխանցուի ալթոներուն, ապա հուսկ` զիլերուն. «Վարդի թփին փուշ կ՛ըլնի, սիրած եարն անուշ կ՛ըլնի»: Գնացքը վանկային է, իսկ նոր բներգը արագ-արագ կ՛անցնի մէկ ձայնէն միւսը` ընդհանուր զօրաշարժի ենթարկելով այս հատուածը: Սկզբնական բներգը կը վերայայտնուի վեց կարգի ձայնաբաժանումով, իսկ կտորը` «քեզ համար, քեզ համար» աղաղակելով` կը վերածուի ութ ձայներու` վերջին ինը  չափերուն, ընդհանուր յաղթերգի մը վերածուելով: Վերջաւորութեան` բազմեղանակաւորուած տոհմերգութիւն, որուն դերասան-երգողները գեղջուկ ու պարզունակ մեր ժողովուրդն են` խմբերգ կազմած:

Միայնակ (սոլօ) ձայնը կը ներկայացնէ գեղջկական կերպարը իր յատուկ, պարզուկ, բայց վաւերական հոգեմտաշխարհով` իր գիւղէն, պարտէզէն, հողէն, պտուղներէն քաղուած բառապաշարով ու պատկերներով: Ան երբեք առանձին չէ, երբ «բեմ կը մտնէ» իր խաղը երգով ներկայացնելու համար: Անոր կը ձայնակցին կա՛մ իր «եար»-ը, կա՛մ ընկեր-ընկերուհիները: Այս խմբական ձայներուն եւ միայնակ ձայնին միջեւ կը ստեղծուի փոխերգութիւն մը. ան կրնայ կրկնուիլ ու զարգանալ ու զրուցերգութեան կերպարանք ստանալ:

Սովորաբար, իւրաքանչիւր բներգ, հարցումի նման, հոգեկան վիճակ մըն է,  սիրային զեղում մը, բնութենապաշտերգական արտայայտութիւն մը: Այս բներգին կամ նոյնանման ձայնաբջիջի մը վրայ կառուցուած կ՛ըլլայ խմբերգին պատասխանը: Այդ փոխադարձ պատասխանը Բ.Կանաչեանի խմբերգներուն մէջ դրական է, լաւատես, կամ` զաւեշտանման: Այս է, որ երգագրութային շարահիւսութիւնը կը դարձնէ բնական, կենդանի, իրական, հաղորդական: Այս լուսաւոր (ոչ բռնազբօսիկ) բնականութիւնը Կանաչեանի խմբերգներուն կը շնորհէ դասական համակարգ, երբ զուարթամտութիւնն ու գիւղական լաւատեսութիւնը կը հանգուցալուծեն կնճռոտած կացութիւնները: Հաշտութեան, սիրոյ, հաւատքի ներգործութիւնը ունին իրենց բարերար ազդեցութիւնը հայ գեղջուկի ոգիին  վրայ: Կանաչեան մեծ հարազատութեամբ է, որ վերակերտած է այս տոհմական ենթահողը:

Կանաչեանի բոլոր խմբերգները չունին այս լուսափողփող լաւատեսութիւնը. «Կորանի», «Նարօ  ջան» խմբերգները, օրինակ, աւելի զուսպ են, մանաւանդ` իրենց սկզբնական բաժնին մէջ:  Մասնաւորապէս մելամաղձոտ գեղեցկութիւն մը ունի «Մարալօ» խմբերգը (1947): Անոր քնքուշ ժողովրդական եղանակը գրի առնուած է հեղինակին կողմէ Սուրէն քհնյ. Բաբախեանէն: Սկիզբէն իսկ յայտնի է, որ հարսանիքով պիտի չաւարտի այս համեմատաբար կարճ կտորը: Այդ զսպուած տխրութիւնը բնականօրէն կը հոսի` նկատի առնելով երգին ներքին հիւսուածքը, ինչպէս նաեւ` «հայկական» սի մայնըր ձայնակարգէն, ուրկէ բացակայ է լա տիէզը (A sharp): Միայնակ սոփրանոն, թաւ ձայնի վրայ, «աշխատանքի» պահուն, խօսքը կ’ուղղէ տղուն շատ հարազատ խօսքերով `«մարալօ ջան, կալի միջին նուռ տըղայ, ջան» (հոս` «մարալօ»-ն յատուկ անուն չէ, այլ`ազնուացեղ եղջերուի իմաստով գործածուած է): Ոչ միայն եղանակաւորումը քնքուշ ու փափկասուն է, այլ անոր ընկերակցող երգակշռոյթը գուրգուրալից բոյր մը ունի, որ միայն սիրոյ բոյրն է, ծածո՜ւկ… Ահա այս գաղտնի փոխանցուած սէրն է երգին ամբողջ վայելքը: Տղան անզգայ չէ այդ սիրոյ զուսպ կանչին, որով աղջիկը (սոփր. միայնակ) կը բացայայտուի` «բարակ եմ, բարտի ծառ եմ / կրակ եմ, սիրտ կը վառեմ»-ով: Ի վերջոյ, միայն 73-րդ չափին է, որ տղան կը յայտարարէ` «ծաղկեր ես հանդի ափին, վա՛րդ աղջիկ / զարդ եղիր դու իմ սրտին, դա՛րդ աղջիկ» եւ կը կրկնէ աղջկան ըսածը` «բարակ ես, բարտի ծառ ես, կրակ ես, սիրտ կը վառես»: Այս «խոստովանութիւններուն» առընթեր, միացեալ երգչախումբը կը ձայնակցի մէկուն եւ միւսին` նոյն քնքշութեամբ, քիչ մըն ալ` ամօթխածութեամբ: Բռնկումներ չկան, ամէն ինչ եւ բոլորը նուրբ են, եւ սակայն` չափազանց իրական: Ան «Շուշօ»-ին կամ «Դալիլօ»-ին ժողովրդականութիւնը չի վայելեր հաւանաբար, բայց այս վերջիններուն չափ մօտ է մեր սրտին, մանաւանդ` փափուկ սրտով երաժշտասէրներուն:

Կանաչեանի դասականութեան մէկ ուրիշ յատկանիշն է երգագրութային կարգապահութիւնը. ոչ մէկ մոլեգնութիւն կամ անտեղի երգոլորում (modulation) կամ փաթեթիք զառանցանք կը մթագնեն իր յստակատեսութիւնը: Իւրաքանչիւր տող հակակշռի ենթարկուած ըլլալով հանդերձ, կը մնայ հարազատ` մթնոլորտին: Ջինջ երաժշտութիւնը եւ տոհմիկ հոգեբանական սարքը միաձուլուած են իրարու: Բառերը իրենց բարբառային հիւթեղ դարձուածքներով կը նպաստեն գործողութեան դիւրընկալման, իսկ երգչախումբը կը գտնուի մեկնաբանի եւ հոգեյուզական պահերը վեր հանելու դերին մէջ: Մշտական, կուռ տրամաբանութիւն մը զօրավիգ կը կանգնի իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան, ուր անկաշկանդ կենսուրախութիւնը թափ ու զովութիւն կը պարգեւէ կտորին` ընդհանուր գնացքը դարձնելով ազատ ու հեզասահ: Երաժշտական կշռութաւորումին զուգահեռ կ՛ընթանայ բնագրային շեշտաւորումը: Կանաչեան մէկէ աւելի վանկերէ բաղկացած բառերու շեշտը կը դնէ միշտ առաջինին վրայ` նախադասութեան շնորհելով համեցողական քնքշատիպ նկարագիր. օրինակ` «թո՛ղ տուն գայ» եւ ոչ թէ «թող տո՛ւն գայ, կամ Դա՛լիլօ, Ե՛ղսօ ջան, եւ ոչ` Եղսօ՛…, որովհետեւ այս վերջինը կ՛արտայայտէ, ըստ Կանաչեանի, հրամայական, վանողական  տրամադրութիւն: Այս ձեւով երկրորդ զարկը միշտ աւելի մեղմ է, քան առաջինը, եթէ անշուշտ արտասովոր շեշտաւորութեամբ մը հեղինակը ինքը չփափաքի զանց առնել այս օրէնքը:

Բ. Կանաչեանի գլխաւոր յատկանիշներէն է նաեւ անոր չափաբանական իւրայատուկ մտածողութիւնը: Անոր բոլոր խմբերգները կարելի է «բզկտել», բաժնել չորս չափնոց կոյտերու-ձայնախումբերու, որոնք ճանաչելի են նոյնիսկ` գործէն անկախ: Կարելի չէ գտնել ձայնային անկապ փշրանքներ, ոչ մէկ քմահաճ աւելորդաբանութիւն, դրսեցի տարր, այսինքն` անմիջականօրէն այդ երգէն չբխող կամ բներգը չիմաստաւորող բան:  Բացարձակ բծախնդիր առարկայականութիւն մը, եւ աստիճանական դասաւորում մը տիրապետող տարրեր են, նման` ճարտարապետական կառոյցի մը, կամ` Ռաւեննայի բիւզանդական  տաճարներու գաւիթները ծածկող գունաւոր խճաքարերն ու զարդանկարները: Նոյնիսկ կրկնութիւնները եւ բներգներու վերառնումը անոր մօտ կազմակերպուած են անողոք տրամաբանութեամբ:

Վերջապէս, կարելի չէ ուրանալ, որ Կանաչեանի խմբերգը հոյակապօրէն կը հնչէ երկսեռ երգչախումբին կողմէ: Ձայները իրարու համեմատ զետեղելու եւ իւրաքանչիւր ձայնին յատկանշանակութիւնը ճանչնալու մեծ տեսողութիւն ցոյց տուած է ան: Անտեղի չէ այն բնորոշումը, որ տրուած է Կանաչեանի խմբերգներուն ունկնդրութեան առիթով, որպէս թէ երգչախումբը կը հնչէ ինչպէս «հրաշալի երաժշտական նուագարան»: Իսկ երբ ձայնաբաժանումները ըլլան չորսէ աւելի ձայներ, հոն կարելի է լսել, օրինակ, «լարային» գործիքներէ բաղկացած ամբողջական «նուագախումբ» մը` ռնգային «մմ»-ները, սազանման «պամ պամ»-ները կամ կանչային «լօ լօ»-ները. իսկ ջութակային ըսուող արագընթաց մասերը մեծ կենդանութիւն, զանազանութիւն եւ հնչեղութիւն կը ջամբեն կտորներուն: Եւ եթէ նկատենք, որ այս բոլորը կառուցուած են հայերէնի հնչիւնային, վանկային, առոգանութեան եւ իմաստային տուեալներու օրէնքները անշեղօրէն յարգուելով` բաւական յստակ կ՛ըլլայ Բ. Կանաչեանի երգարուեստին ներքին ծալքերուն, գոնէ մեծ մասին արժեւորումը` քննական ակնոցով:

(Շար. 5)

Նախորդը

Վերանորոգող Վարպետներ Համլեթ Եւ Արամ Մաթեւոսեաններու Այցելութիւնը

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.