Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Փետրուար 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ քառասնօրեայ պահեցողութիւնը բնորոշուած է իբրեւ «պարիսպ հզօր» եւ «դուռն ամուր», որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ ինքնավերլուծութեան եւ ինքնազրկումի կ՛ենթարկէ իր անձը, հոգեպէս կ՛ամրապնդուի` պատրաստ դիմաւորելու մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Մեծ պահքի քառասնօրեայ այս ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է հոգեմտաւոր արժէքներով սնուցանելու մեր հոգիները, եւ նոյն այս նպատակին համար է, որ մեր մարմինները կը  տկարացնենք, որպէսզի հոգիները զօրանան:

Մեր կեանքէն նուազեցնելով կենդանական, արտադրութիւն ունեցող ճաշերը, համեմատաբար նուազեցուցած կ՛ըլլանք նաեւ մեր մեղանչական ընթացքը, որովհետեւ Մեծ պահքը հրաւէր մըն է հոգեւորը մարմնականէն աւելի վեր դասելու: Հայ եկեղեցւոյ հայրերէն Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ. «Հոգիի սրբութեան համար արցունքը տաք ջուր է, ողորմութիւնը` օճառ, եւ երբ անոնց հետ միացնենք պահեցողութիւնն ու աղօթքը, սրբած կ՛ըլլանք մեր բոլոր մեղքերը»:

Եկեղեցւոյ հայրերուն հաստատած աւանդութեան համաձայն, քառասնորդաց պահեցողութեան ընթացքին եկեղեցին հոգեպարար արարողութիւններու ընդմէջէն` աղօթական կեանքով հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեպէս կը սնուցէ: Հաւատարիմ մեր հայրապետներու աւանդին, պահելով այս աւանդութիւնը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Մեծ պահոց ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 7:00-ին տեղի պիտի ունենան Արեւագալի, իսկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին` Հսկումի եկեղեցական արարողութիւններ:

Սոյն արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները: Յայտնենք, որ ամէն չորեքշաբթի, Արեւագալի արարողութեան աւարտին, միաբան հայրեր հոգեւոր խորհրդածութիւններով հանդէս պիտի գան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին զաւակները կը հրաւիրուին մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց, որպէսզի պահեցողութեան այս օրերը լաւագոյնս օգտագործելով հոգեպէս հարստանան եւ մտապէս ուռճանան:

 

Նախորդը

Ամառնային Ժամանակացոյցի Սկիզբ

Յաջորդը

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթը Ներառել Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 13, 2025
Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Անթիլիաս
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?