Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Արաբները Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայութիւնը Չեն Ուզեր

Փետրուար 17, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հորիզոն»

Բ. Մաս

Ի՞նչ է լուծումը: Եթէ մեր նպատակը Միջին Արեւելքի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն‚ արաբ ժողովուրդներու ինքնակառավարում եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ազգային անվտանգութիւնն է, պէտք է շրջանին մէջ նոր միջամտութիւն մը կատարենք` նկատի ունենալով պատմութիւնը եւ անոր դասերէն օգտուելով: Միայն երբ մենք` ամերիկացիներս, այս հակամարտութեան պատմական ու քաղաքական դրդապատճառները հասկնանք` մեր ղեկավարներուն որոշումներուն պատշաճ վերահսկողութիւն կրնանք կատարել: 2003-ին Սատտամ Հուսէյնի դէմ մեր պատերազմին աջակցութեան համար օգտագործուած նոյն պատկերներն ու լեզուն օգտագործելով` մեր քաղաքական ղեկավարները ամերիկացիները մղեցին հաւատալու‚ թէ Սուրիոյ մէջ մեր միջամտութիւնը բռնատիրութեան‚ ահաբեկչութեան եւ կրօնական ծայրայեղականութեան դէմ իտէալապաշտական պատերազմ մըն է: Հակամէտ ենք անտեսելու տեսակէտները այն արաբներուն‚ որոնք ներկայ տագնապը կը նկատեն խողովակաշարերու եւ աշխարհաքաղաքականութեան հին դաւերու վերարտադրում: Սակայն‚ եթէ ազդու արտաքին քաղաքականութիւն պիտի ունենանք, պէտք է ընդունինք‚ որ սուրիական հակամարտութիւնը հարստութիւններու վերահսկողութեան շուրջ պատերազմ մըն է‚ որ կարելի չէ զատորոշել ամբողջ 65 տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ մեր մղած նաւթի շուրջ ընյատակեայ եւ չյայտարարուած պատերազմներէն: Երբ այս հակամարտութիւնը դիտենք որպէս անուղղակի պատերազմ` դէպքերը հասկնալի կը դառնան: Ատիկա միակ ձեւն է‚ որ կը բացատրէ‚ թէ ինչո՛ւ «Քափիթըլ Հիլ»-ի մէջ եղող Հանրապետական կուսակցութիւնն ու Օպամայի վարչակազմը չեն կրնար պատերազմը մղելու համար չափաւորական սուրիացիներ գտնել‚ ինչո՛ւ ՏԱՀԵՇ ռուսական ճամբորդատար օդանաւ մը պայթեցուց‚ ինչո՛ւ սէուտցիները ազդեցիկ շիի կրօնաւոր մը մահապատիժի ենթարկեցին` պատճառ դառնալով‚ որ Թեհրանի մէջ իրենց դեսպանատունը հրկիզուի‚ ինչո՛ւ ռուսերը կը ռմբակոծեն ՏԱՀԵՇ-ի անդամ չեղող զինեալներ, եւ ինչո՛ւ Թուրքիան ռուսական պատերազմական օդանաւը վար առնելու չափազանցուած քայլին դիմեց: Ներկայիս միլիոնաւոր տեղահանուածները‚ որոնք Եւրոպան կ՛ողողեն,  խողովակաշարի մը շուրջ պատերազմին եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ձախորդութեան պատճառով տեղահանուածներն են:

«Քլեմենթէ ՏԱՀԵՇ-ը կը բաղդատէ Քոլոմպիոյ ՖԱՐՔ-ին հետ (թմրեցուցիչի աւազակախումբ մը‚ որ իր հետեւակները համոզելու համար յեղափոխական գաղափարախօսութիւն մը ունի): «ՏԱՀԵՇ-ը պէտք է նկատես նաւթի աւազակախումբ մը»‚ ըսաւ Քլեմենթէ` աւելցնելով. «Վերջ ի վերջոյ գլխաւոր միտք բանին դրամն է: Կրօնական գաղափարախօսութիւնը գործիք մըն է‚ որ կ’ոգեւորէ իր զինուորները` իրենց կեանքերը զոհերու նաւթի աւազակախումբի մը համար»:

«Անգամ մը‚ որ այս հակամարտութիւնը իր մարդասիրական կեղեւէն մերկացնենք եւ սուրիական հակամարտութիւնը ճանչնանք իբրեւ նաւթի պատերազմ, մեր արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը կը յստականայ: Դէպի Եւրոպա փախուստ տուող սուրիացիներուն նման` ոչ մէկ ամերիկացի կ’ուզէ իր զաւակը խողովակաշարի մը համար մեռնելու ուղարկել: Փոխարէնը` մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ այն, որ ոչ ոք կը քաջալերէ հրաժարիլ Միջին Արեւելքի նաւթի մեր ախորժակներէն‚ նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներ ուժանիւթային առումով աւելի անկախ կը դառնան այս պարագային: Ապա պէտք է նկատառելի կերպով նուազեցնենք Միջին Արեւելքի մէջ մեր զինուորական ներկայութիւնը եւ ձգենք, որ արաբները կառավարեն Արաբիան: Մարդասիրական օժանդակութենէն եւ Իսրայէլի սահմաններուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելէ բացի` Միացեալ Նահանգները այս հակամարտութեան մէջ որեւէ օրինական դերակատարութիւն չունին: Մինչ փաստերը կը հաստատեն‚ որ այս հակամարտութեան ստեղծման մէջ դեր ունեցանք, անդին պատմութիւնը ցոյց կու տայ‚ որ զայն լուծել գրեթէ անկարող ենք:

«Մինչ կը խորհրդածենք պատմութեան վրայ,  ապշեցուցիչ է տեսնել Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեր երկրին` Միջին Արեւելքի մէջ իւրաքանչիւր բիրտ միջամտութիւն ինչպէս հաստատ կերպով չարաչար ձախողած է եւ` ահաւոր հետեւանքներ ունեցած: 1997-ին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ զեկուցումը յայտնեց‚ որ` «Տուեալները ցոյց կուտան արտասահմանի մէջ ամերիկեան ներկայութեան եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ ահաբեկչական յարձակումներու աճին միջեւ զօրաւոր կապակցութիւն մը»: Պէտք է ընդունինք‚ թէ այն,  ինչ որ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ» կը կոչենք, իսկութեան մէջ պարզապէս նաւթի պատերազմ է: Արտասահմանի մէջ երեք պատերազմներուն եւ նաւթի մարզի գործիչ Տիք Չինիի 2001-ին «Երկար պատերազմ» յայտարարելէն ի վեր 6 եռիլիոն մսխած ենք: Միակ օգտուողները եղած են ռազմական ճարտարարուեստի եւ նաւթի ընկերութիւնները‚ որոնք հսկայական շահեր ապահոված են‚ ինչպէս նաեւ` գաղտնի սպասարկութիւնները եւ ժիհատականներ‚ որոնք անվարան կերպով մեր միջամտութիւնները օգտագործած են իբրեւ զինուորագրման ամէնէն ազդու գործիքը: Մեր արժէքները խաթարած ենք‚ մեր երիտասարդութեան մահուան պատճառ դարձած‚ հարիւր հազարաւոր անմեղ մարդիկ սպաննած‚ մեր իտէալապաշտութիւնը տապալած եւ մսխած մեր ազգային հարստութիւնները` արտասահմանի մէջ ապարդիւն եւ սուղ արկածախնդրութիւններու համար: Այդ ընթացքին օգնած ենք մեր յոռեգոյն թշնամիներուն եւ ատենօք ազատութեան փարոս եղող Ամերիկան վերածած` ազգային անվտանգութեան հսկողութեան եւ միջազգային բեմի վրայ բարոյականութեան մարզի մէջ մերժելիի մը:

«Ամերիկայի հիմնադիր հայրերը զգուշացուցին ամերիկացիները պատրաստ բանակներէ‚ արտաքին խառնակութիւններէ եւ Ճոն Քուինսի Ատամզի խօսքերով` «ոչնչացնելու նպատակով արտասահմանի մէջ հրէշներ փնտռելու մեկնելէ»: Այդ իմաստուն մարդիկը հասկցան‚ որ արտասահմանի մէջ կայսերապաշտութիւնը անհամատեղելի է ներքին ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն հետ: Ատլանտեան ուխտը կրկնեց ամերիկեան գաղափարախօսութիւնը‚ թէ` իւրաքանչիւր ժողովուրդ պէտք է ինքնորոշման իրաւունք ունենայ: Անցնող եօթը տասնամեակներուն ընթացքին Տալլես եղբայրները‚ Չինիները‚ նոր պահպանողականներն ու անոնց նմանները առեւանգեցին այդ ամերիկեան իտէալապաշտութեան հիմնարար սկզբունքը, եւ մեր բանակն ու գաղտնի սպասարկութիւնը օգտագործեցին` այդ հակամարտութիւններէն հսկայական շահեր ապահոված մեծ ընկերութիւններու եւ մասնաւորաբար նաւթի ընկերութիւններուն եւ ռազմական ճարտարարուեստի ընկերութիւններուն առեւտրական շահերուն ծառայելու:

«Ժամանակն է‚ որ ամերիկացիները Ամերիկան այս նոր կայսերապաշտութենէն ետ մղեն դէպի իտէալապաշտութիւն եւ ժողովրդավարութիւն: Պէտք է ձգենք‚ որ արաբները կառավարեն Արաբիան‚ եւ մեր ներուժը օգտագործենք մեր երկրին մէջ նոր հիմունքներով պետութեան կառուցման մեծ առաքելութեան: Պէտք է այս հոլովոյթին ձեռնարկենք‚ ոչ թէ ներխուժելով Սուրիա‚ այլ` վերջ տալու նաւթի այս կործանարար մոլութեան‚ որ կէս դարէ ի վեր վարակած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը»:

(Շար. 4 եւ վերջ)

Նախորդը

Առօրեայ Զրոյցներ. Հակառակներու Միութեան Թեզը

Յաջորդը

Այսքան Ալ Նմանութի՜ւն…

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?