1916 մայիս 15, Ռեւանտուզ:
«Վա՜յ, բալաներս, ես զարկուեցի»:
Ասիկա եղաւ վերջին խօսքը Դ. գունդի հրամանատար Քեռիի:
Հեռագիրը գուժեց մահը` «Քեռին ինկաւ հերոսաբար»:
Սոխակները լռեցին եւ չճլուըլացին ա՛լ, սակայն կռունկները սլացան դէպի Հայաստան եւ համայն հայութեան տարածեցին սրտաճմլիկ լուրը, թէ հայոց պաշտպան Քեռին զարնուեցաւ ճակատէն: Այն մարդուն, որ ամէն տեղ կը վազէր օգնութեան, եւ անոր չէր ազդեր ո՛չ սուրը, ո՛չ թուրը եւ ո՛չ գնդակը: Անոր մահը մեծ ցաւ պատճառեց Դաշնակցութեան, խռովեցաւ սիրտը անոր ընտանիքին, ոչ միայն Կովկասը, այլեւ ամբողջ հայութիւնը ցնցուեցաւ, ու շատ մարդիկ լացին ու ողբացին:
Գրեթէ մեր բոլորիս համար Քեռին ծանօթ է իր երգով, որ հրաշալի եւ յուզիչ է իբրեւ խօսք եւ յօրինում: Այս ուսումնասիրութեան մէջ մենք կը ներկայացնենք անոր կեանքի զանազան փուլերը, ինչպէս նաեւ արժեւորում մը կը կատարենք անոր յեղափոխական գործունէութեան:
Մուտք
Յարաբերաբար այլ խմբապետներու եւ գործիչներու` քիչ տեղեկութիւն ունինք Քեռիի մասին: Քեռին անձնական յուշեր գրի չէ առած, ոչ ալ գրել տուած է իր յեղափոխական կեանքին մասին, ինչպէս որ ըրած են այլ խմբապետներ: Թեհրանի մէջ հրատարակուած «Րաֆֆի» տարեգիրքի խմբագիր Տաճատ Պօղոսեան, 1970-ին կը տեղեկացնէ, թէ Քեռիին կինը գրած է կարգ մը յուշեր, որոնք կը մնան անտիպ:
Քեռիի յեղափոխական կեանքի փուլերն են «Պաշտպան հայրենեաց» կազմակերպութեան գործունէութիւնը, Յունոյի եւ Կուկունեանի արշաւանքները, Սասունի ապստամբութիւնը, հայ-թաթարական կռիւները, Պարսկաստանի յեղափոխութիւնը, կամաւորական գունդերը եւ Ռեւանտուզ:
Արշակ Գաւաֆեան ծնած է Կարին, 1863-ին: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Արծնեան դպրոցին մէջ, որուն ընթացքը կէս ձգելէ ետք սկսած է աշխատիլ հօրը հետ` իբրեւ թամբագործ: Կը պատրաստէր նաեւ բազմաթիւ առարկաներ, որոնք կապ չունէին թամբերու հետ: Ատեն մը կօշիկ կարած է, զբաղած է սրճեփութեամբ, եղած է նաեւ երկաթագործ:
«Պաշտպան Հայրենեաց»-ի Մէջ
Քեռի մաս կազմած է «Պաշտպան հայրենեաց» գաղտնի կազմակերպութեան, որ մեր մարտական առաջին կազմակերպութիւնն է: Անոր նպատակն էր ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը: Էրզրումի մէջ ան եղած է Կերեկցեան Խաչատուրի, Հակատեանի, Գէորգ Չիլինգարեանի եւ Աստուրեանի տրամադրութեան տակ: Երբ «Պաշտպան հայրենեաց»-ը երեւան հանուած է օսմանեան կառավարութեան կողմէ, բազմաթիւ երիտասարդներ ձերբակալուած են, իսկ ուրիշներ փախած են Կարս: Այս վերջինները մէկն էր նաեւ Արշակ Գաւաֆեանը:
Յունոյի Եւ Կուկունեանի Արշաւանքները
1889-ին էրզրումցի Արշակը Կաղզուանի մէջ կը բանայ սրճարան մը: Այնտեղ կ՛այցելէին յեղափոխականներ: Անոնցմէ մէկն էր Յարութիւն Մարտիրոսեանը կամ Յարութիւն աղան` Յունօ, որ կը վայելէր յեղափոխական գործիչի համբաւ: Ան կը պատմէ յեղափոխական շարժման մասին: Շուրջը կը հաւաքուէին մարդիկ, հաճոյքով մտիկ կ՛ընէին իրեն եւ կը խանդավառուէին: Այդ խանդավառուողներէն մէկն էր Քեռին: Եւ երբ յայտնի կ՛ըլլայ, որ Յունօ խումբ կը պատրաստէ Երկիր անցնելու համար, Քեռին կը ձգէ սրճարանը եւ այլ ընկերներու հետ կ՛երթայ Յունոյի ետեւէն:
Յունոյի կեդրոնը Մատռաբերդ էր, որ կը գտնուի ռուս-թրքական սահմանագլուխին: Յունոն կազմած էր ասպատակային խումբ մը եւ Ալաշկերտ-Կաղզուան ճանապարհին վրայ թուրքերուն եւ քիւրտերուն պատուհասն էր: Յունոն, նախքան ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնուիլը, կը հանդիսանայ Քեռիին առաջին յեղափոխական ուսուցիչը: Յունոն չէր պատկաներ որեւէ կազմակերպութեան: Արկածալից կեանք մը ունէր, վրէժխնդրութեամբ լեցուն` քիւրտերու եւ թուրքերու դէմ:
Յունօ կը կատարէ ալաշկերտեան արշաւանք մը, որ կը ձախողի: Խումբի քայքայումէն ետք Քեռին կը սկսի թափառիլ շրջանէ շրջան` ոստիկանական հետապնդումներէ խուսափելու համար: Այս թափառումներու ընթացքին կ՛իմանայ, որ Սարգիս Կուկունեան յեղափոխականներէ մեծ խումբ մը կը պատրաստէ Երկիր անցնելու համար: Քեռին երկու-երեք ընկերներու հետ կը շտապէ մաս կազմելու Կուկունեանի խումբին: Կուկունեան զիրենք կ՛ընդունի հետեւակներու բաժինին մէջ: Քեռիի ընկերները կը տրտնջան եւ կ՛ուզեն հեծեալներու մէջ ըլլալ, սակայն Քեռին չի բողոքեր, այլ կ՛ընդունի իրեն ինկած բաժինը:
Կուկունեանի արշաւանքն ալ ձախող կ՛անցնի: Այդ խումբին մաս կազմողներէն ոմանք կը ձերբակալուին, իսկ ուրիշներ, որոնց կարգին` Քեռին, կը յաջողին փախուստ տալ: Իր երկու ընկերներուն հետ` Արամայիս Ազնաւուրեան եւ Ղարաբաղցի Արշակ, կը հաստատուի Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ, Արաքս գետի ափին:
ՀՅԴ Երեւանի մարմինի կարգադրութեամբ կ՛անցնի Կարս:
Կարինի Մէջ
Այդ օրերուն Կարինի մէջ ստեղծուած էր փափուկ կացութիւն մը, որ կրնար մեծապէս վնաս հասցնել յեղափոխական գործին: 1891 օգոստոսին Արամ Արամեան ահաբեկած էր Խաչատուր Կերեկցեանը, որ գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկն էր «Պաշտպան հայրենեաց» գաղտնի ընկերութեան: Խաչատուր Կերեկցեանի եղբայրը, իր կարգին, իբրեւ փոխվրէժ, սպաննած էր Տիգրան Օքոնեանը, որ Կարնոյ կոմիտէի անդամ էր եւ` Արամ Արամեանի մօտիկ ընկերը: Անհրաժեշտ էր վերահաստատել խաղաղութիւն Կարինի մէջ: Այդ խաղաղութիւնը վերահաստատողներէն մէկը պիտի ըլլար Քեռին, որ բնիկ կարնեցի էր: Քեռին իբրեւ կուսակցական գործիչ` Կարին կը մնայ մինչեւ 1895:
Նոյն տարին տեղի կ՛ունենայ Կարինի ջարդը: Այդ օրերուն Քեռին ղեկավարած է Կարինի առաջնորդարանը պաշտպանող զինեալ խումբը: Աւելի՛ն. Կարինի եւ Բասէնի մէջ կազմակերպած է հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը: Տեղեկութիւնները կը յայտնեն, թէ Քեռի ո՛ւր որ գտնուեցաւ, հայութիւնը ընդհանրապէս զերծ մնաց ջարդէ:
1895-էն ետք Քեռին անցած է Կարս եւ եղած է դատական մարմինի անդամ` Ճալլաթի հարցը քննող: Այդ դատավարութենէն ետք Քեռի շատ հաւանական է, որ մնացած ըլլայ Կարս` մինչեւ 1902-ի ամառը: Թրծուած է Կարսի հնոցին մէջ իբրեւ յեղափոխական: Առաւել նաեւ մնացած է Ռոստոմի շունչին տակ, որուն հետ նկարագիրի գիծերու բազմաթիւ նմանութիւններ ունի:
Սասնոյ Ապստամբութիւնը
1902-էն ի վեր Սասունը կը գտնուէր խռովալից վիճակի մէջ: Թուրք կառավարութիւնը կ՛աշխատէր ամէն ձեւով խեղդել ապստամբական ամէն փորձ: Կացութիւնը կը ծանրանայ 1902-1903 ձմրան: Սասունը անհրաժեշտ զէնքը եւ զինամթերքը չունէր ապստամբութեան համար. դուրսէն օգնութիւն պէտք էր, որ հասնէին իրեն: Ուստի, Կովկասի եւ Ատրպատականի մէջ սկսան պատրաստուիլ ֆետայական խումբեր: Անոնցմէ մէկն էր Թորգոմի կամ Թուման-Թումեանցի «Մրրիկ» խումբը: Քեռին մաս կազմեց այդ խումբին` իբրեւ հրամանատարի օգնական: Խումբին մաս կը կազմէին անուանի ֆետայիներ` Տուրպախ, Զուլումաթ, Կայծակ Առաքել, Սեպուհ, Կիւմիշխանիցի Աւօ, Սեբաստացի Մուրատ եւ ուրիշներ:
«Մրրիկ» խումբը ճամբայ ելաւ 17-18 մայիս 1903-ին եւ Բասէնի ու Խնուսի վրայով տեղ հասաւ (Սասուն) 25 մայիսին` առանց որեւէ վնասի:
Քեռին Սասուն կը մնայ շուրջ մէկ տարի: Սասնոյ ապստամբութեան մէջ ան թէ՛ կռուող էր եւ թէ՛ պահեստապետ-մատակարարապետի պաշտօնը կը վարէր:
Սասնոյ վիճակը շատ ծանր էր. դուրսէն օգնութեան գալու բոլոր փորձերը ձախողած էին: Սուր տագնապ կար ռազմամթերքի: Ղեկավարութիւնը կ՛որոշէ մարդ ղրկել Վան` այնտեղի կազմակերպութեան ունեցած հրացաններէն եւ փամփուշտներէն բաժին հանելու սասունցիներուն: Կ՛երթան Սեբաստացի Մուրատը, Քեռին, Մոկացի Գրիգորը եւ Զուլումաթը: Քեռին, ինչպէս կը գրէ Կոմս, վիրաւորուած էր Անդրանիկէն եւ Սասնոյ մէջ տիրող իշխանութեան եւ ղեկավարութեան պայքարէն: Քեռին մահէն վախցողը Սասունէն առաջ եւ Սասունէն ետք ան միշտ դիմագրաւած էր մահը: Սասնոյ մէջ իր ներկայութիւնը կը գտնէր աւելորդ:
Քեռին տարի մը կը մնայ Վան: Ան Վանի ընկերներուն հետ կ՛աշխատի Պարսկաստան փոխադրել տալ Սասնոյ մէջ կռուող ֆետայիները: Աւելի՛ն. իր ներկայութիւնը Վանի մէջ օգտակար կ՛ըլլայ թէ՛ տեղական կազմակերպութեան եւ թէ՛ ժողովուրդին:
1905-ին Քեռին կ՛երթայ Ալեքսանդրապոլ եւ Կարս: Կը վերսկսի հին կեանքը` ամէնօրեայ ներկայութիւն սրճարան, զրոյց, ռախի եւ թաւլի: Նաեւ` սպասողական վիճակ, որ սակայն երկար չի տեւեր, որովհետեւ փետրուար 1905-ին Պաքուի մէջ կը սկսին հայ-թաթարական կռիւները, որոնց պիտի բերէր իր մասնակցութիւնը:
Հայ-Թաթարական Կռիւները
Հայ-թաթարական կռիւներու սկզբնական շրջանին Նիկոլ Դուման Քեռին կը նշանակէ Լեռնային Նախիջեւանի ինքնապաշտպանութեան հրամանատար: Քեռին իրեն օգնական ունէր Դրոն: Ինքնապաշտպանութիւնը յաջողութեամբ պսակելէ ետք, Քեռին, Նիկոլ Դումանի կարգադրութեամբ, կ՛անցնի Ագուլիսի Գողթան շրջանը, որուն ինքնապաշտպանութիւնը վարելէ ետք, 1905 նոյեմբերին կ՛անցնի Սիսիան: Քեռիին կ՛ընկերակցէր Դրոն: Իր կեդրոնը կը դարձնէ Անգեղակոթ մեծ գիւղը: Թուրք-թաթարներու յարձակումը Անգեղակոթի վրայ տեղի կ՛ունենայ 1906-ի սկիզբը, ճիշդ ջրօրհնէքի օրը, երբ տեղի կ՛ունենար սուրբ պատարագը: Քեռին կը շտապէ դուրս: Թաթարները արդէն մտած էին գիւղ եւ բազմաթիւ տուներ թալանելէ ետք կրակի կու տային զանոնք: Թաթարները բազմամարդ էին եւ լաւ զինուած: Քեռին արագօրէն կ՛անցնի հակայարձակողականի: Թշնամին մեծ կորուստներ կու տայ եւ կը հարկադրուի նահանջել. Անգեղակոթը կը մնայ ազատ եւ Սիսիանը կ՛անցնի հայերուն ձեռքը:
Սիսիանի հայ-թաթարական կռիւները յաջողութեամբ եւ յաղթանակով աւարտելէ ետք, Քեռին կը հեռանայ Սիսիանէն` բարի յիշատակներ ձգելով ժողովուրդին մէջ «թէ՛ իբրեւ հմուտ ու խիզախ խմբապետ եւ թէ՛ իբրեւ ուղղամիտ նկարագիրի մարդ»: Քեռի ապա կ՛անցնի Զանգեզուր, ուր արդէն կը գործէին Սեբաստացի Մուրատն ու Գոմսայ Իսոն (Կորիւն): Այնտեղ կը ստանձնէ Ղափանի գիւղերու ինքնապաշտպանութիւնը: Այս կռիւներուն ընթացքին մեծ ջարդ կու տայ թուրք խումբերուն:
Թէեւ թաթարական վտանգը չքացած էր դաշնակցական մարտիկներու շնորհիւ, որոնք մէկ սիրտ մէկ հոգի դարձած էին, ինչպէս կ՛ըսեն, սակայն ներքին վտանգ մը կը սպառնար Դաշնակցութեան մէջ: Ատիկա խմբապետ Միհրան Քեշիշեանի գլխաւորած անջատողական շարժումն էր, որուն կ՛անդրադառնանք քիչ անդին:
Հայ-թաթարական կռիւներէն ետք Քեռին կ՛անցնի Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Կարս, մերթ Ալեքսանդրապոլ, մերթ Կարս: Սպասում նոր գործի, այսինքն հին կեանքը` սրճարան, ռախի, թաւլի, զրոյց:
Պարսկական Յեղափոխութեան Մէջ
Քեռին սպասեց մինչեւ 1908-ի աշնան սկիզբը, երբ գործի կանչուեցաւ Պարսկաստան երթալու համար: Այդ երկրին մէջ կը տիրէին միապետական-աւատապետական կարգեր, որոնց դէմ Եփրեմն ու Քեռին պիտի պայքարէին յանուն ժողովրդավարական կարգերու հաստատման:
ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը, այլ բաներու կարգին, կը յանձնարարէր Պարսկաստանի դաշնակցական մարմիններուն եւ անհատներուն` բոլոր միջոցներով նպաստել Պարսկաստանի յեղափոխական շարժման զարգացման` ի խնդիր ժողովրդավարական կարգերու հաստատման:
Դաշնակցական եւ պարսիկ յեղափոխականներու միջեւ բանակցութիւններէն մէկը կ՛ըլլայ այն, որ Դաշնակցութիւնը յանձն կ՛առնէ փորձուած ռազմիկներու խումբ մը ուղարկել Ատրպատական, Թաւրիզ: Դաշնակցութիւնը խմբապետի այդ պատասխանատու պաշտօնը կը յանձնէ Քեռիին, որ 1908-ի աշնան կ՛անցնի գործի գլուխ: Այսպիսով կը բացուի նոր էջ մը Քեռիի յեղափոխական-մարտական գործունէութեան մէջ:
Թաւրիզը պաշարուած էր միապետականներու կողմէ, իսկ Թեհրանը, որ դարձած էր սահմանադրական շարժման կեդրոնը, բարոյալքուած էր ու տկարացած: Թեհրանի բարոյալքումը ժխտական անդրադարձ կ՛ունենար Պարսկաստանի այլ շրջաններու վրայ, ուր յեղափոխական-սահմանադրական խմորումներ կային: Թաւրիզի վիճակը հետզհետէ կը վատթարանար, կար ռազմամթերքի եւ սննդեղէնի տագնապ: Ըմբոստութեան ղեկավար Սաթտար Խանի ճիգերը ի զուր կ՛անցնէին:
Ահա այսպիսի ճգնաժամային կացութեան մէջ օգնութեան կը հասնէին դաշնակցական ռազմիկները եւ անոնց միջամտութիւնը կը կատարէ փրկարար դեր: Շարժման ղեկավարը փաստօրէն կ՛ըլլայ Ռոստոմը, որ Թեհրանէն կը ժամանէ Թաւրիզ: Նոյն ատեն, Թաւրիզի պաշարման ծանր օրերուն, Թաւրիզ կը հասնի նաեւ Քեռին` իր խումբով: Խումբը կը բաղկանար 50 ֆետայիներէ` լաւ զինուած: Խումբին զէնքերէն զատ, Քեռին իրեն հետ կը բերէր 50.000 փամփուշտ, 42 մոսին հրացան, 8 տարբեր ձեւի հրացաններ, 12 մաուզեր տասնոց ատրճանակ եւ 12 յաւելեալ ձիեր: Պէտք է հաստատել, որ Քեռիի խումբին ժամանումը հրաշքի համազօր բան մը կ՛ըլլայ, որովհետեւ պաշարումը ամբողջական էր եւ խիստ, մանաւանդ որ ռուսերը միապետականներուն մեծ օժանդակութիւն կու տային եւ թոյլ չէին տար, որ Կովկասէն որեւէ օժանդակութիւն հասնի յեղափոխականներուն: Այս պայմաններու տակ շատ դժուար բան էր Թաւրիզ հասնիլը, այդ ալ` հեծեալներէ բաղկացած խումբով: Քեռին կը հասնի ճիշդ ժամանակին, այսինքն այն ատեն, երբ ժողովուրդ եւ ղեկավարութիւն բարոյալքուած վիճակի մէջ կը գտնուէին:
Պարսիկ յեղափոխականներու ղեկավարները խոստացած էին երկու հազար կռուող տրամադրել, փաստօրէն սակայն միայն 250 հոգի եկած էին, ասոր կողքին կային 1500 սահմանադրական հեծեալներ, որուն դիմաց` 15 դաշնակցական ռազմիկներ: Առաւել նաեւ, պարսիկ մուճահիտները այնքան ալ ընդունակ չէին յեղափոխական կռիւի: Միապետականներու կողմը Մահմետ Ալի շահի զօրքերը անհամեմատ աւելի շատ էին: Յստակ էր, որ տեղի կ՛ունենար իրապէս անհաւասար կռիւ:
Թաւրիզէն քանի մը քիլոմեթր հեռու կար Մուժումբար գիւղը, որ կը գտնուէր պաշարման օղակի մէջ: Մուժումբարը հայաբնակ գիւղ էր եւ միապետականներու աչքին փուշը: Այդ գիւղը գրաւել` կը նշանակէր հայ բնակչութեան ամբողջական կոտորումը:
Մուժումբարը շրջապատող ղարատաղցիք կը պատրաստուին յարձակելու գիւղին վրայ: Քեռին քանի մը ֆետայի կը ղրկէ Մուժումբար: Կարելի է երեւակայել, որ այս քանի մը հոգին բաւարար կ՛ըլլան, որ ետ մղեն հարիւրաւոր ղարատաղցիներ: Ատով ալ կը վերահաստատուի կապը Մուժումբարի եւ Թաւրիզի միջեւ:
Յաջորդ կարեւոր գործը կ՛ըլլայ Ալվարի կռիւը, որուն ընթացքին Ռահիմ խանի զօրքերը պարտութեան կը դատապարտուին: Ժամանակաւորապէս կը վերցուի Թաւրիզի վրայ սպառնացող վտանգը: Այս յաղթանակի դարբնողը կ՛ըլլայ Քեռին` Ռոստոմի հետ գործակցաբար:
Թաւրիզէն ետք Ռոստոմը եւ Քեռին կ՛անցնին Խոյ ու Սալմաստ, ուր միապետական պաշիպոզուքներ սկսած էին շահատակութիւններ ընել: Երկուքին ներկայութիւնը դրական անդրադարձ կ՛ունենայ Խոյի եւ Սալմաստի վրայ: Անկէ ետք Ռոստոմը կ՛անցնի Վառնա` ՀՅԴ Ե. Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու, իսկ Քեռին` Թեհրան, ուր Եփրեմը ձեռնհաս օգնականի պէտք ունէր:
***
ՀՅԴ Ե. Ընդհանուր ժողովը (1909 սեպտեմբեր, Վառնա) քննելէ ետք Պարսկաստանի հարցը, կը հաստատէր, որ նախ ճիշդ եղած էր Դ. Ընդհանուր ժողովի որոշումը Պարսկաստանի վերաբերեալ, ապա արտօնութիւն կու տար Պարսկաստանի դաշնակցական մարմիններուն` հրապարակ գալու իբրեւ յեղափոխական գործօն մարմիններ:
1910-ի վերջերուն Քեռին Եփրեմի հետ կը տեղափոխուի Թեհրան, այսպիսով Քեռիի համար կը սկսի մարտական գործունէութեան շրջան մը, որ կը տեւէ մինչեւ 1912-ի կէսերը:
Եփրեմը Թեհրանի մէջ իր գործունէութեան համար, թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ վարչական, կ՛ունենայ բացառիկ օգնական մը` յանձինս Քեռիի: Պետ եւ օգնական զիրար կը լրացնէին: Եփրեմ-Քեռի գործակցութիւնը կ՛ընթանայ համերաշխ: Դժբախտաբար, սակայն, Եփրեմ կը նահատակուի եւ մայիս 1912-ին: Երբ Քեռին կ՛իմանայ Եփրեմի մահը, քանի մը վայրկեան լուռ եւ շշմած կը մնայ, ապա կը դիմէ իր զինեալներուն եւ կ՛ըսէ.
– Արտասուելու եւ տխրելու Ժամանակ չէ, քաջալերուեցէք մեր հայրիկի վրէժը առնելու, հետեւեցէք ինծի:
Ասիկա ըսելով` առաջ կ՛անցնի, բոլորը կը հետեւին իրեն եւ կը յարձակին թշնամի միապետականներու վրայ: Յարձակումը այնքան կատաղի կ՛ըլլայ, որ Սալար Դովլէն կը ստիպուի նահանջել, իսկ բազմաթիւ միապետական զինուորներ անձնատուր կ՛ըլլան:
Այս յաղթանակէն ետք Քեռին կը վերադառնայ Թեհրան եւ կը ստանձնէ սահմանադրական ուժերու ղեկավարութիւնը` Եփրեմի փոխարէն:
Կացութիւնը կը յեղաշրջուի, սակայն Ռուսերը վերջնագիր կու տան սահմանադրական կառավարութեան` պահանջելով անյապաղ հեռացնել դուրսէն եկած յեղափոխականները, այսինքն` դաշնակցականները: Այս վերջնագրին ստեղծած կացութեան մէջ Քեռին եւ իր մարտիկները կը նախընտրեն քաշուիլ Պարսկաստանէն: Ատով ալ կը վերջանայ Քեռիի գործունէութիւնը Պարսկաստանի մէջ, ուր ոտք դրած էր 1908-ի վերջերուն:
Ա. Աշխարհամարտ Եւ Կամաւորական Գունդեր
Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը հայեւռուս բանակցութիւնները կը յանգին այն եզրակացութեան, որ պիտի կազմուին կամաւորական գունդեր` ռուս հրամանատարներու ձեռքին տակ: Այսպէս, կը կազմուին չորս կամաւորական գունդեր: Ա. գունդի հրամանատար կը նշանակուի Անդրանիկը: Բ. գունդին` Դրոն, Գ. գունդին` Համազասպը, իսկ Դ. գունդին` Քեռին:
Համատարած խանդավառութիւն կար, խմբապետ ու զինուոր, կուսակցութիւն եւ ժողովուրդ ոգեւորուած էին կամաւորական շարժման գաղափարով:
Կամաւորական գունդերու մէջ Քեռին յաջողապէս կը կատարէ իր վրայ դրուած պարտականութիւնը, սակայն ռուս հրամանատարի մը ապիկար կարգադրութեան պատճառով Քեռիին խումբը կը պաշարուի Իդի եւ Լիասոր գիւղերու շրջանին մէջ: Մեծ վտանգ մը կը սպառնայ խումբին: Պէտք էր դուրս գալ այս պաշարումէն նուազագոյն վնասներով:
Քեռին խումբը կը բաժնէ երկու մասի եւ կը շարունակէ կռուիլ թշնամիին դէմ: Ի վերջոյ կը յաջողի ճեղքել պաշարման օղակը դեկտեմբերեան բուք բորանին:
Ռուսերը Ա. Աշխարհամարտին ատեն մը իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն դէպի հարաւ` Արարատէն մինչեւ Ատրպատական երկարող ճամբան: Օրակարգի վրայ կ՛ունենան գրաւել Վանը: Այդ նպատակին համար անհրաժեշտ էր Բ., Գ., Դ. եւ Ե. խումբերէն կազմել աւելի մեծ զինուորական միաւոր մը: Ե. գունդի հրամանատարն էր Խանասորի Վարդանը. այս գունդը կազմուեցաւ, երբ առաջին չորս գունդերը կռիւ կը մղէին արդէն: Պէտք էր վերակազմել խումբերը: Բ., Գ. եւ Դ. խումբերուն կը հրահանգուի երթալ Երեւան, ուր պիտի կատարուէր անոնց միացումը: Ժողովներ կը գումարուին: Վէճեր կ՛ըլլան: Պէտք էր կազմուէր մէկ խումբ` Արարատեան գունդ անունով, որ պիտի հաշուէր 2300-2400 զինեալ: Վէճը կը խորանայ մանաւանդ այն ատեն, երբ պիտի որոշուէր ընդհանուր հրամանատարը: Թեկնածու խմբապետներէն ոչ մէկը կ՛ընտրուէր, որովհետեւ ոչ մէկը ձայներու մեծամասնութիւն կ՛ունենար: Սուր պայքար կար: Քեռին որեւէ ձեւով չմասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն, ոչ ալ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց:
Ի վերջոյ կ՛ընտրուի Խանասորի Վարդանը` իբրեւ ընդհանուր հրամանատար: Անոր ընտրութիւնը Համազասպի եւ Դրոյի սրտովը չէր, եւ որոշ չափով տեղին էր անոնց դժկամութիւնը, որովհետեւ օրուան ղեկավարը չէր:
Քեռին կը պահէր Արարատեան գունդի ձախ թեւը: 6 մայիս 1915-ին գունդը գրաւեց Վանը: Շուրջ երկու ամիս ետք, սակայն, անակնկալ կերպով հրահանգ կը ստացուէր ռուսական վերին հրամանատարութեան կողմէ, որ նահանջեն: Քեռին եւ Համազասպը ստիպուած եղան Վանը ձգել եւ բռնել Պարսկաստանի ճամբան` Արճակ – Սալմաստի գծով: Պարսկաստան հասնելէ ետք Քեռին կը տեղաւորուի Փայաջուկ գիւղը, իսկ Համազասպը Հաւրվան գիւղը` իրենց զօրքերուն պակասները լրացնելու համար: Ամիսներ ետք, երբ կացութիւնը կը պարզուի, երկու խումբերը յաջորդաբար կը մեկնին Սալմաստէն:
Ռեւանտուզ
1915-ի վերջերը թրքական բանակը Մուսուլի շրջանէն Ռեւանտուզի վրայով կը սկսին շարժիլ դէպի Սովուջ-Քուլախ` վտանգելով ռուս բանակի թիկունքը: Ռուսական զօրամասին մէջ, որ դէմ պիտի դնէր թրքական բանակին, ներառուեցաւ Քեռիի խումբը, ինչպէս նաեւ նորակազմ եօթներորդ կամաւորական գունդը` Իշխանի ղեկավարութեամբ: Ռուսական զօրքը զօրավար Չեռնազուբովի գլխաւորութեամբ կ՛ուղղուի դէպի Մուսուլ: Ան իր բանակը կը բաժնէ երկու մասի: Մէկ մասը զօրավար Ռիբալչենկոյի հրամանատարութեամբ կ՛ուղղուի դէպի Ռեւանտուզ, անոր նպատակն էր գրաւել Ռեւանտուզը` կանխելու համար թրքական յառաջխաղացքը: Այս զօրասիւնին մէջ կար նաեւ Քեռիին խումբը:
1916 ապրիլի վերջերուն բանակը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի այդ նպատակակէտը: Քեռիին խումբը կը գտնուէր յառաջապահ դիրքի վրայ, բանակի ձախին:
Ռեւանտուզը կը գրաւուի 30 ապրիլին: Քաղաքը գրաւող բանակի առաջին գիծը, ինչպէս ըսինք, Քեռիին խումբն էր: Քաղաքը գրաւելէ ետք սակայն, բանակին համար կը ստեղծուի անմխիթար կացութիւն մը ռուս հրամանատարութեան գործած մէկ սխալին պատճառով: Պէտք էր նախ գրաւել Պէճանի եւ Պարսլինի բարձունքները, բա՛ն մը, որ նախապէս առաջարկուած էր Քեռիին եւ Իշխանին կողմէ: Թշնամին կը գրաւէ այդ շրջանները եւ կը փակէ ռուսերու ճամբան դէպի Մուսուլ: Աւելի՛ն. թուրքերը կը կտրեն ռուսերու հաղորդակցութիւնը անոնց իսկ թիկունքին հետ: Ռուսական բանակի պաշարման հետ պաշարման օղակի մէջ կ՛առնուին, բնականաբար, Քեռիին կամաւորները:
Այսպիսի կացութեան մէջ, 10 մայիսին, թշնամին կ՛անցնի յարձակողականի: Ռուսական բանակը, բնականաբար նաեւ հայ կամաւորները թէ՛ սննդեղէնի եւ թէ՛ ռազմամթերքի պակաս ունէին:
Մայիսի 12 – 13 բախտորոշ օրեր կ՛ըլլան: 12 մայիսին Քեռին իր ձիաւորներով կ՛արշաւէ դէպի Պիճան եւ կը յաջողի գրաւել ձորը երկու կողմերէն: Ասոր պատճառով թուրքերը կանգ կ՛առնեն իրենց դիրքերու վրայ: 15 մայիսին Քեռին հնարամիտ կերպով դուրս կը բերէ հայեւռուս զօրքերը պաշարման վիճակէն, սակայն թշնամի փամփուշտ մը գետին կը տապալէ զինք:
Ֆետայիները իրենց սիրելի հրամանատարին մահը տեսնելով, բարոյալքուելու եւ տկարանալու փոխարէն, նոր եռանդ առած` կը շարունակեն կռուիլ: Թշնամին կը սկսի նահանջել: Ֆետայիները իրենց վրէժխնդրական կատաղութեան մէջ կը հալածեն եւ կը ջարդեն նահանջող թուրքերը:
Հերոսին մարմինը կը փոխադրուի Թիֆլիս եւ կը թաղուի Խոջիվանքի գերեզմանատունը: Հսկայ բազմութիւն մը ներկայ կ՛ըլլայ թաղման արարողութեան:
Մատակարարապետ-Պահեստապետ-Տնտեսողը
Քեռին խոր ընդունակութիւն ունէր մատակարարութեան եւ տնտեսելու մէջ: Ո՛ւր որ գտնուեցաւ, ի՛նչ պաշտօնի վրայ ալ եղաւ, ժամանակ տրամադրեց զբաղելու մատակարարութեամբ: Չէր ուզեր, որ կուսակցական պահեստներու մարզին մէջ թերութիւններ կամ թերացումներ արձանագրուէին: Չէր ուզեր, որ ռազմամթերքի կամ սննդեղէնի պակաս ըլլար: Խնայասէր, ժուժկալ, բծախնդիր եւ պահանջկոտ էր: Ոգի ի բռին դէմ է շռայլութեան եւ մսխումի: Հետեւեալը կը թելադրէր ան իր զինուորներուն. «Փամփուշտ քիչ առէք, որովհետեւ ձեր սպաննուելու պարագային փամփուշտները պիտի անցնին թշնամիին ձեռքը»:
1903-ին Քեռին «Մրրիկ» խումբին մէջ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ իբրեւ պահեստապետ` մատակարարապետ: Նոյնը եղաւ 1904-ի Սասնոյ ապստամբութեան ատեն, երբ ընկերներու միահամուռ ցանկութեամբ Քեռիին տրուեցաւ զէնքի եւ այլ մթերքներու պահեստապետի պաշտօնը: Երեւութապէս այս գործը կարեւոր չի նկատուիր, խորքին մէջ սակայն ասիկա շատ պատասխանատու պաշտօն է, չերեւցող սեւ աշխատանք, որովհետեւ պահեստապետի պարտականութիւնն էր կռիւի ատեն փամփուշտ, դեղորայք, ուտեստեղէն հայթայթել ֆետայիներուն, ինչպէս նաեւ հոգալ անոնց այլեւայլ կարիքները: Բնական օրերուն, երբ յարաբերաբար ամէն ինչ առատ կ՛ըլլայ, դիւրին է պահեստապետութիւնը, սակայն Սասունի պէս շրջանի մը համար դժուար էր այս պաշտօնը, որովհետեւ այնտեղ ո՛չ ռազմամթերքի առատութիւն կար, ո՛չ ալ ուտեստեղէնի, մա՛նաւանդ որ Սասունը պաշարուած էր ամէն կողմէ: Ո՛չ կռուողները անհրաժեշտ ռազմական պաշարը ունէին, ո՛չ ալ գիւղացիները` անհրաժեշտ ուտեստեղէնը: Բաներ են ասոնք, որ կը դժուարացնեն պահեստապետին գործը:
Քեռին մեծ փորձառութիւն ունէր պահեստապետութեան եւ տնտեսելու մէջ: Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ատեն ան պատրաստած էր ծրարներ, որ տեղաւորած էր լեռնային զանազան կեդրոններու մէջ, հո՛ն, ուր կռիւի կարելիութիւն կրնար ստեղծուիլ: Այս պահեստները, զինուորական հեռատեսութեամբ, բարերար ու փրկարար դեր կատարեցին Սասնոյ ապստամբութեան ատեն: Սասնոյ մէջ դարձեալ Քեռին հիմնած էր փոքր գործարան մը, ուր կը նորոգուէին աւրուած զէնքերը եւ կը լեցուէին փամփուշտներ:
Յաջորդ տարի, հայ-թաթարական կռիւներուն, մարտական համբաւի կողքին, կը փայլի նաեւ Քեռիի մատակարարապետի կարողութիւնը, որովհետեւ քիչ կը պատահի, որ մեր խմբապետները, ռազմագէտ ըլլալու կողքին, բծախնդրութիւն ցուցաբերէին մատակարարման գործին մէջ:
Կայ պերճախօս դրուագ մը, որ պատմուած է մեր յեղափոխականներէն Նիկոլ Օտապաշեանի կողմէ, եւ որ ցոյց կու տայ Քեռիին ժուժկալութիւնը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ 1905-ին, հայ-թաթարական կռիւներու ատեն: Նիկոլ Օտապաշեան կը գրէ. «Երբ Գորիս հասանք, Քեռին հոն էր իր խումբով: Շատ պարզ մարդ էր, մէկ-մէկու շատ սիրեցինք, կարծես հին բարեկամներ էինք: Իր հագուստները շատ հին էին, շալվարը` մի քանի տեղից կարկտած:
«Մի օր Քեռին ասաց. «Նիկո՛լ, գնա՛ շուկայ եւ մի քանի տեսակ կտոր բեր, շալվարս հինցած է, մի հատ նորը կարել տամ»: Գնացի, երկու նմուշ բերի: Հարցրեց գիները: Ասացի` մինը` արշինը հինգ ռուբլի է, միւսը` եօթը ռուբլի: Մէկ կողմ նետեց: Ասաց շատ սուղ է, հագնել չ՛արժեր: Ասացի` ինչո՞ւ չէ. Մուրատը [Սեբաստացի] բոլոր տղոց համար եօթը ռուբլիանոց կտորէն շալվար կարել տուած է, ինչո՞ւ քեզի համար յարմար պիտի չըլլայ: Բարկութիւնից պիտի խենթանար: Այդ ժամանակ Մուրատը ներս մտաւ: Քեռին ասաց, թէ ճի՞շդ է, որ այդ սուղ կտորից տղոց համար շորեր կարել տուած է: Մուրատի դրական պատասխանին վրայ ասաց. «Ա՜յ, անաստուած, մոռցա՞ր ձեր հագուստները Սասունի մէջ: Հիմա ճռճռան կօշիկներով, փայլուն շորերով ո՞ւմ ուզում էք զարմացնել, անբարեխիղճներ…»:
«Տղաներից մէկը Շուշի էր գնում, Քեռին ասաց. «Մի հին վերարկու կ՛առնես, վերադարձիդ հետդ կը բերես, թէ՛ կռնակս, թէ՛ ոտքերս կը տաքացնի»: Շուրջ երկու տարի ետք, երբ նրան Պարսկաստան տեսայ, նոյն պարզ հագնուած Քեռին էր»:
Դրոն կը յայտնէ դարձեալ, յատկապէս Սիսիանի ինքնապաշտպանութեան ատեն, որ այլ խումբերու զինուորներէն շատեր ունէին լաւ կերպասէ կարուած շալվարներ (տաբատներ) եւ կապարտին մորթէ փափախներ: Քեռին դժգոհութիւն կը յայտնէր եւ դիտել կու տար, որ ժողովուրդը դրամ չունի լաւ կերպասէ շալվարներ եւ կապարտին փափախներ հագցնելու իր զինուորներուն: Այդպէս է, որ Քեռին աժան կտորէ հագուստներ եւ ճերմակեղէն պատրաստել տուած էր: Իր զինուորները երբեմն կը տրտնջային եւ նոյնիսկ բողոք կը ներկայացնէին, որ միւս խմբապետները իրենց տղաներուն լաւ կտորէ հագուստ կու տային, մինչդեռ Քեռին կը զրկէր զիրենք եւ միւս խմբապետներուն նման չէր նայեր իր զինուորներուն: Քեռին, սակայն, անտեղեակ էր. ազգի իւրաքանչիւր կոպեկը ան հաշիւով կը ծախսէր: Ահա այդպիսի վերաբերմունքի շնորհիւ էր, որ կուսակցական դրամարկղէն ստացած 2000 ռուբլիէն մէկ տարուան ընթացքին ծախսած էր հազիւ 500 ռուբլի: Նիկոլ Դումանը խմբապետական ժողովի ընթացքին բացառիկ եւ ջերմ գնահատանքով կը խօսէր Քեռիի խնայողութեան մասին եւ իրեն ներկայացուցած հաշիւները իբրեւ օրինակ ցոյց կու տար միւս խմբապետներուն:
Իսկ ի՞նչ ըրած էր Քեռին այդ խնայողութիւնը ընելու համար։ Երկու կարի մեքենայ եւ երկու գործաւոր բերել տուած էր, որ 10-15 օրուան ընթացքին կարած էին անհրաժեշտ բոլոր շալվարներն ու ճերմակեղէնը իր զինուորներուն:
Հրամանատարը
Գարեգին Նժդեհի բնորոշումով` «Տաք կարեկցութիւն դէպի իրաւազուրկն ու թոյլը, ֆանաթիք սէր դէպի իր ցեղն ու նրա գուրգուրած ազատութիւնը, բիբլիական անշահասիրութիւն ու համեստութիւն, վտանգի ու մահուան բացարձակ անգիտացում, ռազմական անսահման էնտուզիազմ. ահա հերոսը, ահա Քեռին»:
Գարեգին Նժդեհ կը նկարագրէ նաեւ այն պահը, երբ բանակին մէջ տատանում կար եւ մտադրութիւն` ձգելու գրաւուած դիրքերը, ահա այդ վայրկեանին զինուորներուն քով սրարշաւ կու գայ Քեռիի թիկնապահը եւ կը հաղորդէ, որ Քեռին օգնութեան պիտի հասնի իրենց: Այդ լուրը բաւարար կ՛ըլլայ, որ յուսալքումը վերջ գտնէ վաշտապետներուն եւ զինուորներուն մէջ, որոնք միասնաբար կը գոռան.
– Յառա՜ջ, զինուորներ, մեզի հետ է Քեռին:
– Յառա՜ջ,- կ՛արձագանգէ զօրաշղթան եւ իբրեւ երկաթէ պատնէշ` առաջ կը շարժի:
Քիչ անց, տակաւին Քեռին չհասած, թշնամիին խրամատները կը վերածուին գերեզմաններու: Կը պարտուի թշնամին: Քեռիի անունը բաւարար կ՛ըլլայ, որ յաղթէ իր բանակը:
Քեռին զինուոր-հրամանատար էր, հրամանատար-զինուոր: Ու հեռատես հրամանատար էր: Չէր զբաղեր քաղաքականութեամբ: Ըստ իրեն, զինուորական մարդը պէտք չէ զբաղի քաղաքականութեամբ: Ասիկա չէր նշանակեր, թէ Քեռին չէր հասկնար քաղաքականութենէ: Օրինակ, ան չէր հաւատար սահմանադրական Թուրքիոյ եւ անոր կարգախօսին` հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ ազատութեան: Չէր ուզեր, որ վար դրուին ֆետայիներու զէնքերը. միշտ կասկած ունէր Երիտասարդ թուրքերու մասին:
Քեռին խանդավառ չէր կամաւորական գունդերով, ինչպէս որ միւս խմբապետներն էին: Ան կը մտածէր, որ եթէ ռուսերը յաղթական դուրս գան, արդեօ՞ք գոհացում պիտի տան հայերու ազգային-քաղաքական պահանջներուն: Ռուսերը նախապէս հալածանքի չենթարկեցի՞ն հայերը: Ան կը նախատեսէր, որ շատ չնչին պիտի ըլլան կամաւորական շարժումէն մեր ստանալիք օգուտները: Քեռին շատ աւելի լաւ կը դատէր, քան ուրիշները: Այսօր, երբ աւելի քան հարիւրամեակ մը անցած է հայ կամաւորական շարժման վրայէն, կը տեսնենք, թէ Քեռիները իրաւունք ունէին չխանդավառուելու այնքան ցուցական այդ ձեռնարկէն:
***
Ռեւանտուզը, որ Քեռիի ամբողջ յեղափոխական գործունէութեան յաղթանակներու շարքին գագաթնակէտն է, իրեն հետ կը բերէ բազում օրինակներ` Քեռիի հրամանատարի եւ ղեկավարի կարողութիւնը ցոյց տուող: Հիմնաւորելու համար Ռեւանտուզի կռիւներուն սաստկութեան տարողութիւնը` յայտնենք, որ Ռեւանտուզի արդէն իսկ մեծ բանակին օգնութեան հասած էին Պոլիսէն 12.000 զինուորներ, ընտիր տարրեր, թեքնիք բոլոր յարմարութիւններով: Եւ աւելի՛ն. բազմաթիւ վաշտերու հրամանատարները գերմանացի սպաներ էին:
Ռեւանտուզի մէջ, որ պաշարուած էր ճակատէն եւ թիկունքէն, ռազմամթերքի եւ սննդեղէնի պակաս կար: Պատերազմի մէկ փուլին պէտք էր անցնիլ գետը: Քեռին կը հրահանգէ ձեռք-ձեռքի շղթայ կազմել եւ անցնիլ գետը: Ինք, 53 տարեկան, կ՛ըլլայ առաջինը բոլոր անցնողներուն մէջ: Զինուորներէն մէկը կը պատմէ, որ «ալեզարդ ծերունին առաջինը ելաւ միւս ափը` չնայած մեր երիտասարդութեան եւ կորովին»: Այո՛, Քեռին գիտէր իր անձի քաջութեան օրինակով ոգեւորել եւ առաջ մղել իր զինուորները:
Այլ զինուոր մը կը պատմէ: Քեռին իր ամբողջ կեանքին մէջ, ամէնէն վտանգաւոր վայրկեաններուն իսկ օգնութիւն չէ խնդրած երբեք: Կուրօրէն կը հաւատայինք ծերունի առաջնորդին, կը շարունակէ զինուորը, եւ գիտէինք, որ մեր ճակատագիրը կը գտնուի վստահ ու փորձուած ձեռքերու մէջ:
Նմանօրինակ պատմումներ շատ կան, որոնք կը ներկայացնեն Քեռիի զօրավարի առաքինութիւնները:
Անգամ մը Քեռին կը տեսնէ իր զինուորներէն մէկը` Նշանը, որ կը կռուի ձիւնի վրայ, առանց դիրք մտնելու, կը բարկանայ վրան` ըսելով.
– Տղա՛յ, ձիւնով դիրք շինէ ու մէջը մտիր:
Նշան զարմանքով կը դառնայ Քեռիին ու կ՛ըսէ.
– Քեռի՛ ջան, հապա դո՞ւն, որ ամբողջ հասակովդ մէկ կայնած ես այդ բարձունքին վրայ:
– Բալաս, կը պատասխանէ Քեռին,- գնդակն ու ես վաղուցուայ ծանօթներ ենք:
Այս խօսքերուն վրայ Նշան կը վիրաւորուի:
Դերասանապետ Վահրամ Փափազեան, որ եղած է Քեռիի թիկնապահներէն մէկը, կը պատմէ, թէ կ՛անցնէին Պարսկաստանի անջրդի անապատէն: Հրաշէկ արեւէն չորցած էր տղոց արիւնը եւ ջուրի պահեստները վերջացած էին: Հազիւ կարողութիւնը ունէին քալելու աւազներու մէջ: Յանկարծ կը տեսնեն երկու քարի միջեւ ափ մը տարածութեամբ անձրեւէն մնացած ջուր: Զինուորներէն մէկը քանի մը ափ ջուրը կը լեցնէ իր փափախին մէջ եւ վազելով կու գայ եւ կը կանգնի Քեռիին առջեւ` առաջարկելով հրամանատարին, որ իր պապակը յագեցնէ: Քեռին ուրախութեամբ կ՛առնէ փափախը եւ կը տանի զայն շրթներուն: Յանկարծ կանգ կ՛առնէ եւ կը հարցնէ. «Բալաներուս համար ալ ջուր կա՞յ»: Եւ երբ կ՛իմանայ, որ ջուրը միայն այդքան է, հազիւ քանի մը ափ` հին անձրեւներէն մնացած, որ ոչ մէկ ձեւով բաւարարութիւն կու տայ զօրքին եւ որ միայն իրեն համար հաւաքուած էր, Քեռին կը մերժէ խմել եւ կը թափէ հեղուկը` ըսելով. «Բալաներս, կա՛մ բոլորս կը խմենք, կա՛մ` ոչ մէկս»:
Դարձեալ Վահրամ Փափազեանի պատմումով, օր մը Ռեւանտուզի մէջ Քեռի ժողովի կը հրաւիրուի ռուս հարաւային զօրքերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար Բարադովի քով: Այս վերջինը թարգմանի միջոցով Քեռիին կը բացատրէ, թէ կիրճի մը մէջէն պէտք է անցնիլ թշնամիի թիկունքը հազար ղազախներով, եւ այդ գործողութեան գործադրութիւնը կը յանձնուի իրեն` Քեռիին: Քեռին պահ մը մտածելէ ետք թարգմանի միջոցով կ՛ըսէ.
– Այդ կիրճի միջոցով անցնիլ կարելի չէ թէկուզ հազար ղազախով: Անոնցմէ ոչ մէկը ետ կու գայ: Եթէ զօրավարը կը վստահի ինծի, ես կ՛անցնիմ թշնամիի թիկունքը մէկ ջոկատ զինուորով միայն, ոչ թէ այդ կիրճով, այլ` միայն ինծի ծանօթ կածաններով: Անգամ մը, որ համազարկ տամ թշնամիի թիկունքէն, այս կողմէն ալ բանակը թող յարձակի, այն ատեն թուրքը մազապուրծ կը փախչի:
Բարադովը, սակայն, կը պնդէ իր ըսածին վրայ եւ ուրիշ մէկուն կը յանձնարարէ գլուխ հանել գործը հազար ղազախով:
Վերադարձի ճամբուն վրայ Քեռիին թիկնապահը կը հարցնէ անոր, թէ ի՛նչ ելք կրնայ ունենալ այդ գործողութիւնը: Քեռին կը պատասխանէ.
– Հոտը առաւօտուն դուրս կու գայ, որդի՛, միայն հազար ղազախը ափսոս, եթէ նոյնիսկ տասը հոգի ալ վերադառնան, այդ ալ մեծ փառք է:
Յաջորդ առաւօտ, Բարադովը վերստին իր քով կանչել կու տայ Քեռին: Բարադովը երկու բռունցքներով գլուխը բռնած, դեղնած` յանցապարտի պէս կ՛ըսէ.
– Ներէ ինծի, դուն իրաւ էիր, իմ հազար ղազախը կորաւ կիրճի մէջ: Հիմա, ինչպէս որ գիտես, այդպէս ըրէ՛. միայն թէ վաղը լուսաբացին աւետաբեր համազարկ տուր մեզ լերան ետեւէն, այն ատեն մեր սխալը կը դարմանենք:
Քեռին գիշերուան կէսին հարիւր զինուորով կը մեկնի ու առաւօտուն կը լսուի անոր համազարկը լերան ետեւէն, որուն կը յաջորդէ աշխարհասասան «հուռռա» մը, գնդացիրի որոտը եւ թուրքերու խառնիճաղանճ փախուստի ոռնոցը: Իրիկնամուտին Քեռին կը վերադառնայ իր ջոկատի լրիւ կազմով: Առաւել` մեծ աւարով:
***
Վալատ Վալատեան` Քեռիի գլխաւոր կենսագիրը, կը հաստատէ. «Մարդկայնօրէն հետաքրքրական մի երեւոյթ կայ, որին շատ յաճախ վկայ ենք լինում: Ստորադաս վիճակի մէջ գտնուող եւ համեստ մէկը պահանջկոտ ու յոխորտուն է դառնում, հէ՛նց որ այդ վիճակից դուրս գալով աւելի մի բարձր դիրքի է հասնում եւ կարելիութիւն ստանում ուրիշների հրամայելու` որպէս պետ եւ ղեկավար: Բարձր դիրքը գիտէ տկարացնել մարդկանց` քամուն տալով մասնաւորապէս նրանց երբեմնի համեստութիւնն ու խոնարհամտութիւնը»:
Այդպէս չեղաւ, սակայն, Քեռին: Իր կեանքը աստիճանական վերելք եղաւ ղեկավարութեան մակարդակի իմաստով, պարզ ֆետայիէն մինչեւ հրամանատար: Եւ որքան բարձրացաւ ան, իր համեստութիւնը անխաթար մնաց, գինիին ջուր չխառնուեցաւ:
Մնաց որ, Քեռին ոչ մէկ ջանք թափեց հրամանատար ըլլալու համար, ան չէր ուզեր իսկ հրամանատար ըլլալ: Այսպէս. կամաւորական չորրորդ գունդի հրամանատարութեան համար նախ առաջարկուած էր Սեպուհին անունը, որ մերժած էր եւ նախընտրած էր ըլլալ Անդրանիկի վաշտապետներէն մէկը: Անկէ ետք է, որ Դ. գունդի հրամանատար նշանակուած էր Քեռին:
Նոյնը պատահած էր 1908-ին` Թաւրիզի օգնութեան ուղարկուելիք խումբի խմբապետի պաշտօնին: Նախ առաջարկած էին Նիկոլ Դումանին, որ մերժած էր, ապա` Խանասորի Վարդանին, որ դարձեալ մերժած էր: Այնուհետեւ նկատի առնուած էր Սեւքարեցի Սագոն, որ թէեւ ընդունած էր, սակայն Թաւրիզի ճամբուն վրայ վարակուած էր քոլերայով եւ` մահացած: Անկէ ետք է միայն, որ գործի կանչուած էր Քեռին:
Վերոնշեալ երկու դէպքերուն ալ ուշ յիշուած էր Քեռիին անունը: Քեռին ստուերի մէջ մնալու այնքան յատուկ սովորութիւն ունէր, կը գրէ իր կենսագիրը, որ` «միշտ էլ նպաստել է իր ուշ մտաբերելուն` հեռաւորների թէ մերձ գտնուողների կողմից հաւասարապէս: Մարդիկս էլ հօ՜ սովորաբար հակամէտ ենք լինում անտեսելու լուռումունջ մի կողմ քաշուող, իրենց մասին խօսեցնելու պահանջ չունեցող, հրապարակի վրայ երեւալուց խուսափող համեստներին»:
Կայ աւելին դարձեալ: Քեռին իր գործը կատարելէ ետք չէր հետաքրքրուեր, որ այդ գործը անձնապէս իրեն պատիւ ու համբաւ կը բերէ՞ր, թէ՞ ոչ: «Քեռին բնաւ ծարաւի չէր ժողովրդականութեան ու ծափերի,- կը գրէ կենսագիրը,- եւ չունէր ձգտում անպատճառ ղեկավար ու հրամանատար լինելու: Իսկ երբ այնուամենայնիւ դառնում էր պետ ու հրամայող, դա կատարւում էր անկախ իր կամեցողութիւնից: Ղեկավարի պաշտօնը իրեն պարտադրւում էր ընկերների որոշումով ու բացառիկ հանգամանքների հետեւանքով»:
***
Իբրեւ հրամանատար` Քեռին գործելու կատարեալ ազատութիւն կու տար իր օգնականներուն: Օրինակ, Սիսիանի ինքնապաշտպանութեան ատեն Քեռին Դրոյի յանձնած էր շրջանը կազմակերպելու պարտականութիւնը: «Ինձ էր յանձնել շրջանի տեղական ուժերու կազմակերպումը, մի սահմանափակումով սակայն. «դու ձիաւորները թո՛ղ, անոնք ունին իրենց խմբապետները»:
Կատարեալ գործակցութիւն եղած է Քեռիի եւ Դրոյի միջեւ: Այդ գործակցութեան շնորհիւ` փառաւոր ճակատամարտ մը շահուած էր Սիսիանի մէջ: Ու դիւրին ճակատամարտ մը չէր ատիկա, որովհետեւ Սիսիանը, որ նախապէս ամբողջութեամբ թուրք բնակչութիւն ունէր, իր մեծութեամբ եւ խաղացած ազդեցիկ դերով շրջանի թրքութեան սիրտն էր: Այսինքն Սիսիանի գրաւումով վերջնականապէս կը կտրուէր թուրքերու ողնայարը:
Խօսելով Քեռիի մասին` Դրօ կը հաստատէ. «Քեռի՛ ջան, մենք դեռ չոճուխ ենք քեզ մօտ: Ես հպարտ եմ, որ քեզպէս մեծ ռազմիկի թեւի տակ եմ գտնւում. իմ մեծ ուսուցիչ Դումանից լսել եմ քո հերոսական կեանքի մասին»:
Ռեւանտուզի մէջ Քեռիի վերջին ճակատամարտին ռազմական-զինուորական դժուարութիւններ կային: Ռուս հրամանատարը, յուսահատ, կ՛առաջարկէ յանձնուիլ թշնամիին: Քեռին կ՛ընդվզի այս որոշումին դէմ, կը հաւաքէ իր զինուորները եւ կը հրահանգէ.
– Ազատութիւն կամ մահ: Ուրիշ ելք չկայ: Պատուով պիտի մեռնի՛նք եւ այս ամբողջ բանակը ձեր մահով պիտի ազատէք: Հետեւեցէ՛ք ինձ, ձե՛զ ղուրպան, ուրիշ ելք չկայ…
Ի դէպ,
Քեռին իր բոլոր ճակատամարտներուն մէջ կողմնակից էր յարձակողական ոճի մարտավարութեան, ճիշդ Նիկոլ Դումանի պէս:
Հրահանգեց վերածնած Քեռին, առաջ անցաւ: Իր զինուորներն է, որ կը պատմեն. «Նա այլեւ ծերունի չէր մեր առաջ, այլ` մի կտրիճ երիտասարդ, որ ցատկում էր դիրքերից դիրք` նախանձելի արագաշարժութեամբ:
«Աստուա՛ծ իմ, ի՜նչ հրաշքներ կարող է անել մի զօրավար: Այդ մարդը վայրկենապէս մեզ մոռացնել տուեց ե՛ւ կեանքը, ե՛ւ մահը: Կարկուտ է տեղում մեր գլխին, իսկ մենք շարժւում ենք այնպէս, ինչպէս մի անվտանգ սալոնում»:
Վերջացնելու համար այս բաժինը յայտնենք, որ թուրքերու դէմ իր մղած կռիւներէն մէկուն ընթացքին չորրորդ գունդի հրամանատարը քանի մը հոգիներով կռիւի կը բռնուի թուրք հազարապետի մը 200 զինուորներու դէմ: Դաշնակցական ֆետայիներու գործած հրաշքները տեսնելով` թուրք հազարապետը կ՛ըսէ իր զինուորներուն. «Երանի թէ հայ ֆետայիներու պէս 10 տղայ ունենայի, փոխանակ` ձեզի պէս 200 զինուոր»: Թուրք զինուորները, իրենց կարգին, կ՛ըսեն. «Երանի թէ մենք ալ հայ ֆետայիներու պէս ղեկավար մը ունեցած ըլլայինք, այն ատեն փոխանակ նահանջի դիմելու` անոնց պէս հրաշքներ կը գործէինք»:
Դաշնակցականը
Տեսական հասկացողութեամբ, դաշնակցականի տիպարը խտացումն է բարոյականի տէր ֆետայիներուն, գործիչներուն, մտաւորականներուն եւ առհասարակ ընկերներուն, բոլո՛ր դաշնակցականներուն: Քեռին իր նկարագիրով, յեղափոխական գործունէութեամբ բան մը կ՛աւելցնէ տիպար դաշնակցականի կառոյցին վրայ: Դաշնակցականի տիպարը բանով մը կը հարստանայ Քեռիի բարոյական անհատականութեամբ:
Քննարկենք Քեռիի դաշնակցականի տիպարը իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն որդեգրած կեցուածքներով ու դիրքորոշումով:
ՀՅ դաշնակցութեան Դ. Ընդհանուր ժողովէն ետք (1907, Վիեննա), երբ վերջ գտած էին հայ-թաթարական կռիւները, ՀՅԴ Խորհուրդը հրապարակ կը նետէր «Կովկասեան նախագիծ»-ը, որուն մէջ կ՛ընդգծուէր անհրաժեշտութիւնը Կովկասի մէջ եւս յեղափոխական գործունէութեան անցնելու: «Կովկասեան նախագիծ»-ը, կրճատ` «Նախագիծ» կ՛ուղարկուէր դաշնակցական բոլոր մարմիններուն եւ ընկերներուն` առ ի քննարկում, որպէսզի իրենց դիտողութիւնները կատարեն եւ ղրկեն Ընդհանուր ժողով` առ ի վաւերացում:
Այս «Նախագիծ»-ին դէմ ըմբոստացան ընդհանրապէս արեւմտահայ ֆետայիները` խմբապետ Միհրան Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք կը պահանջէին, որ ՀՅԴ Խորհուրդը յետս կոչէ իր առաջարկը:
Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ այս շարժումը ծանօթ է «միհրանական» շարժում անունով, որ շատ արագ տարածուեցաւ դաշնակցականներու մէջ, այն աստիճան, որ ունեցաւ բազմահարիւր հետեւորդներ: Ըմբոստութիւնը ուղղուած էր ոչ միայն ՀՅԴ Խորհուրդին, այլեւ Դաշնակցութեան վերին ղեկավարութեան` ՀՅԴ Բիւրոյին դէմ: Միհրանը եւ իր հետեւորդները կազմած էին «Ժամանակաւոր զինուորական խորհուրդ» մը եւ սկսած էին ինքնագլուխ կարգադրութիւններ ընել: Նոյնիսկ շինել տուած էին Դաշնակցութեան կեղծ կնիք մը: Միհրանը կ՛ուզէր ձեռք ձգել կուսակցութեան գանձը, վարչական գործերը եւ «Յառաջ» պաշտօնաթերթը: Ան կը հրատարակէր նաեւ թռուցիկներ եւ կոչեր: Զրպարտութիւններ եւ ամբաստանութիւններ կ՛ըլլային ղեկավարութեան դէմ: Կը դիմէին ամէն միջոցի, եւ այս բոլորը` ի պաշտպանութիւն «տաճկահայ դատ»-ի, որ իբր թէ մոռցուած եւ լքուած էր կովկասահայ գործունէութեան պատճառով:
«Նախագիծ»-ին դէմ էին, ուրիշներու կարգին, նաեւ Անդրանիկը, Սեպուհը եւ Սեբաստացի Մուրատը, սակայն անոնք դէմ էին նաեւ Միհրանի կամայական արարքներուն:
Ի զուր չըսինք այս բոլորը: Ի՞նչ եղաւ Քեռիի դիրքը «Նախագիծ»-ին հանդէպ:
Քեռին ալ «տաճկահայ» էր, ինչպէս` Անդրանիկը, Սեպուհը, Սեբաստացի Մուրատը, սակայն «Նախագիծ»-ին նկատմամբ ան ունեցաւ ամբողջովին տարբեր եւ իւրայատուկ կեցուածք: Ան ներկայ էր ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին: Աւելորդ կը գտնէր ամէն քննարկում. արդէն խառնուածքով լռակեաց էր: Քեռիի տրամաբանութեամբ, եւ հո՛ս է իր դաշնակցականի կերպարը, այնքան ատեն որ «Նախագիծ»-ը կ՛առաջադրուէր ՀՅ դաշնակցութեան Խորհուրդին կողմէ, որ աւելի գերադաս էր, քան ՀՅԴ Բիւրոն, ատիկա բաւարար էր, որ իրեն ընդունելի ըլլար «Նախագիծ»-ը, մա՛նաւանդ որ անիկա չէր հակասեր Դաշնակցութեան ծրագրի ոգիին:
Քեռին երբեք չմիացաւ արեւմտահայ մարտիկներուն, Անդրանիկին, Սեպուհին եւ մանաւանդ Սեբաստացի Մուրատին, որ էովին դէմ էր «Նախագիծ»-ին: Ընդհակառակը, ան դատապարտեց Միհրանը եւ բոլոր դաշնակցականները, որոնք համամիտ էին Միհրանին: Իր ամբողջ էութեամբ Քեռին պայքարեցաւ անջատողական ամէն փորձի դէմ` դաշնակցականի գիտակից կարգապահութեան բացառիկ եւ դաստիարակիչ օրինակ մը տալով:
Քեռին Դաշնակցութեան կարգապահ, հնազանդ ու հաւատարիմ զինուորն էր: Չէր խառնուեր կուսակցական վէճերուն, ոչ ալ` կուսակցական ներքին պայքարներուն: Քեռիին գաղափարաբանութի՞ւնը, ո՛չ ընկերվարութիւնն էր, ո՛չ ալ տեսական-տեսաբանական հարցերը. ասոնք չէին հետաքրքրեր զինք: Իրեն համար գերագոյն արժէքը Ազգն էր: Երբ Վահրամ Փափազեան առաջին անգամ կը հանդիպի Քեռիին, այս վերջինը իր ձեռքին մէջ ունէր Աւետարանը: Քեռին Վահրամ Փափազեանին կը թելադրէ, որ հատուած մը կարդայ Աւետարանէն: Այնպէս կը պատահի, որ Փափազեան կը սկսի կարդալ Յովհաննու Աւետարանը. «Ի սկզբանէ էր Բանն եւ Բանն էր առ Աստուած»: Քեռին կը կեցնէ ընթերցումը եւ կը թելադրէ, որ Աստուած բառին փոխարէն Ազգ բառը դնէ եւ այդպէս կարդայ: Վահրամ Փափազեան կը սկսի կարդալ. «Ի սկզբանէ էր Ազգը եւ Ազգն էր առ Աստուած, եւ Աստուած էր Ազգը – ամենայն ինչ Ազգով եղեւ, եւ ինչ առանց Ազգի եղեւ, եղեւ եւ ոչինչ, որ ինչ եղեւն.», Քեռիին համար ազգը ազատ չէր, ուրեմն հայ ազգի ազատագրումը նուաճելու գաղափարով տարուած` անհրաժեշտ էր զէնք վերցնել եւ արիւն թափել: Քեռիի կարգախօսն էր` «Ազատութիւն կամ մահ»:
*
**
Քեռին խանդավառ չէր կամաւորական գունդերու շարժումով, սակայն եթէ մտաւ այդ գործին մէջ, ատիկա փաստ էր դաշնակցական գիտակից կարգապահութեան ոգիի, որ Քեռիի էական յատկանիշն էր: Այնքան ատեն որ Դաշնակցութիւնը որոշած էր մտնել հայ կամաւորական շարժման մէջ, Քեռին այլ ըսելիք չունէր. առանց տարակուսելու` կ՛ենթարկուէր այդ որոշումին:
1915-ին կամաւորական գունդերը, որոշ աշխատանք տանելէ ետք, լուծարքի կ՛ենթարկուէին: Ասիկա կ՛ըլլար, որպէսզի վերակազմուի Արարատեան միացեալ գունդը: Այն ատեն տեղի ունեցան ընտրութիւններ ընդհանուր հրամանատար մը ընտրելու համար: Յետ երկարատեւ քուէարկութիւններու, Խանասորայ Վարդանը կ՛ընտրուէր իբրեւ ընդհանուր հրամանատար: Քեռին հեռու կեցաւ ընտրական իրարանցումէն: Վալադեան կը գրէ. «Որեւէ ձեւով նա մասնակից չեղաւ քուլիսային բանակցութիւններին: Ժողովների միջոցին մնաց լուռ ու անտարբեր: Եւ եթէ բերանը բանար, այդ էլ միայն յայտնելու, որ ինքը գնդի հրամանատարութեան թեկնածու չէ»:
Ճիշդ է` Քեռին Նիկոլ Դուման մը չէր, սակայն իր կարողութեամբ, իբրեւ հրամանատար, ոչ մէկ ձեւով ետ կը մնար Խանասորայ Վարդանէն, Իշխանէն, Դրոյէն, Համազասպէն, նոյնիսկ` Անդրանիկէն:
Խանասորայ Վարդանը կռուի դաշտին մէջ չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը եւ տկար գտնուեցաւ ղեկավարի պատասխանատու պաշտօնին մէջ: Անոր տկարութեան պատճառ եղաւ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Դրոն եւ Համազասպը գունդին դէպի Վան արշաւանքի ատեն նուազ կարեւորութիւն տուին Վարդանի հրամանատարական հրահանգներուն: Անոնք ուղղակի յարաբերութեան մէջ կը մտնէին զօրավար Նիկոլայեւի հետ, որուն զօրամասին կցուած էր Արարատեան գունդը:
Քեռին չմասնակցեցաւ Դրոյի եւ Համազասպի անտեսումին Խանասորայ Վարդանի հանդէպ: Թէեւ ինքն ալ, իր կարգին, դժգոհութիւն ունէր Վարդանի հրամանատարութեան նկատմամբ, սակայն միշտ մնաց հնազանդ, կարգապահ եւ անսայթաք, եւ միշտ նկատի առաւ Վարդանը` իբրեւ Արարատեան գունդի հրամանատար: Անոր հրահանգը կատարեց անշեղօրէն եւ դուրս չելաւ անկէ:
Քեռիին համար գո՛րծն էր կարեւորը: Եւ ատիկա` ոչ միայն կամաւորական գունդերու շարժման ատեն, այլեւ` իր յեղափոխական գործունէութեան առաջին իսկ օրէն: Այսպէս, երբ Յունոյի արշաւանքը ձախողեցաւ, Քեռին եւ իր երկու ընկերները անցան Կուկունեանի խումբին եւ եղան հետեւակներ: Քեռիին ընկերները առարկեցին, որ անտեսուած են մինչդեռ կ՛ուզէին ըլլալ ձիաւոր, սակայն Քեռին չազդուեցաւ ասկէ եւ չտրտնջաց: Իրեն համար միեւնոյնն էր հետեւակ կամ ձիաւոր ըլլալը:
Քեռիին համար, ինչպէս Ռոստոմին, չկար մեծ ու պզտիկ գործ: Գործը գո՛րծ էր: Քեռին Դ. գունդի հրամանատար էր, սակայն միեւնոյն ատեն իր զինուորներու ձիերուն թամբերը կը նորոգէր. կը նորոգէր նաեւ իր զինուորներուն կօշիկները: Քեռին կը կատարէր ամէն գործ, որ կը դրուէր իրեն ղեկավարութեան կողմէ: Պատրաստ էր առանց այլեւայլի ենթարկուելու ղեկավարի հրահանգին:
Դաշնակցականի իրա՛ւ տիպար մը, ինքը` Քեռին:
Գիծեր Իր Նկարագիրէն Եւ Բնաւորութենէն
Քեռիի բնաւորութեան, խառնուածքին եւ նկարագիրին մասին կը խօսին գրեթէ իր բոլոր կենսագիրները: Չկայ մէկը, որ ժխտական արտայայտութիւն ունեցած ըլլայ Քեռիին մասին:
Քեռին զուարթախոհ եւ կատակասէր մարդ էր: Կը պատմեն, թէ Հայկական յեղափոխութեան սկզբնական օրերուն, երբ տեղի կ՛ունենար Յունոյի ալաշկերտեան արշաւանքը, Մատռաբերդ տանող ճամբուն վրայ ֆետայիները կը ստիպուին քալել նեղ արահետներով, որովհետեւ կարելի չէր ձիերով առաջ երթալ: Էրզրումցի Արշակը` Քեռին, որ ի բնէ զուարթամիտ եւ կատակասէր մարդ էր, յաճախ չարաճճի արարքներ կը կատարէր: Ահա այդ ճամբուն վրայ Արշակի խելքին կը փչէ ճպոտի մը ծայրով խտղտել իր առջեւէն գացող ջորիի պոչին տակ: Կենդանին կից մը կու տայ իրեն եւ կը ջարդէ անոր ատամներէն ոմանք: Արամայիս Ազնաւուրեան կը յայտնէ. «Մենք ծիծաղեցինք ու սկսեցինք ձեռք առնել Քեռին` ասելով. «Քաֆրառ դարձար (ատամները թափած ծերունի). սրանից դէնը քեզ կը կոչենք «քեաֆրառ Արշակ»:
«Քեաֆրառ», խորքին մէջ, կը նշանակէ ծեր, զառամեալ, սակայն դէպքը պատահած ատեն Քեռին ծեր չէր, հազիւ 27-28 տարեկան էր:
«Քեաֆրառ Արշակ» անունը Քեռիին վրայ մնաց որոշ ատեն: Յեղափոխական կեանքին մէջ ան կոչուած է նաեւ Էրզրումցի Արշակ, իր ծննդավայրի անունով, յատկապէս` Դաշնակցութեան առաջին տասնամեակին: Աւելի ուշ, Էրզրումցի Արշակը եղած է Ֆարհատ` իր ինքնութիւնը ոստիկաններէն ծածկելու համար: Մինչեւ 1903, մինչեւ «Մրրիկ» խումբին մաս կազմելը տակաւին չէր կոչուած Քեռի: Չենք գիտեր, թէ ճշգրտօրէն ե՛րբ կոչուած է Քեռի: «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ Քնար Մանճիկեան, որ ուսումնասիրութիւն մը ունի Քեռիի մասին (20 յունիս 2008), կը յայտնէ, որ «Քեռի» անունը «կը շնորհուի ընդհանրապէս անոնց, որ իրենց կեանքի բարի օրինակներով, մաքուր կենցաղով, պարկեշտ պահուածքով, առաքինի նկարագրով, հայրական վերաբերմունքով իրենց պատկանած համայնքին վստահութիւնն ու համակրանքը շահած են»: Սասունցիներուն մօտ սովորութիւն էր տալ «Իշխան» եւ «Քեռի» պատուանունները, ինչպէս` Քեռի Մակար, Սեմալի Քեռի Մանուկ: «Կ՛ենթադրենք,- կը շարունակէ, Քնար Մանճիկեան,- որ հեռո՜ւ տեղերէ իրենց օգնութեան եկած Արշակ Գաւաֆեանի հայրական` հարազատի վերաբերումին, անկեղծ ու անվերապահ վարուելակերպին, անսակարկ նուիրումին համար զայն պատուած են «Քեռի» կոչումով»:
Կայ երկրորդ կարելիութիւն (թէեւ` աւելի քիչ հաւանականութեամբ), որ «Քեռի» անունը ստացած ըլլայ 1908-ին: Պարսկաստանի յեղափոխութեան ատեն Եփրեմը կոչուեցաւ «Հայրիկ»` իր կատարած գործերուն համար: «Քեռի» պէտք է կոչուած ըլլայ Էրզրումցի Արշակը, որ աջ բազուկն էր Եփրեմի: Յետոյ, «Քեռի» անուանումը, իբրեւ մօրեղբայր, արաբական-քրտական հին յորջորջում մըն է, որուն անունով երդում կու տան մինչեւ այսօր:
Քեռիի բուն անունն է, ըստ իր երկու քահանայ եղբայրներուն եւ կնոջը, Արշակ Գաւաֆեան եւ ոչ Արշակ Գալֆայեան, ինչպէս գործածուած է կարգ մը կենսագիրներու կողմէ:
Կարծէք երկու անձնաւորութիւն կար Քեռիի մէջ: Անձնաւորութիւններ, մէկը հանդարտ օրերուն համար էր, իսկ միւս անձնաւորութիւնը կը յայտնուէր կռիւի եւ պատերազմի ատեն:
Քեռին տերվիշ մարդ էր, սակաւապէտ, քիչով գոհացող: Խաղաղ օրերուն իր ապրուստը կը հոգար ասոր կամ անոր խանութին կամ արհեստանոցին մէջ աշխատելով: Թամբագործ էր: Շատ քիչ էին անոր նիւթական միջոցները: Դրամի ետեւէն վազք ալ չունէր, որեւէ ձեւով չէր մտածեր բարեկեցիկ ըլլալու մասին: Իրիկունները կը յաճախէր սրճարան, կ՛ընթրէր, ռախին կը խմէր, թաւլիի խաղերը կը դիտէր եւ կը զրուցէր:
Քեռին շատ անտարբեր էր «գործ», այսինքն կռիւ չեղած ատեն: Խաղաղ օրերուն միշտ սպասողական վիճակի մէջ կը գտնուէր: Այնպիսի պաղարիւնութիւն կը ցուցաբերէր, որ մարդ կը շուարէր, թէ այս խեղճուկ եւ ինքնամփոփ մարդը արդեօ՞ք Քեռին է, արդեօ՞ք այն հերոսն է, որուն մասին ժողովուրդը այնքան առասպելական պատմութիւններ կը հիւսէ:
Քեռին, Մալխասի վկայութեամբ, պարզ ու մարդամօտ էր, շուտով կը բարեկամանար իր դիմացինին հետ, մանաւանդ երբ իմանար, թէ ան յեղափոխական է: Եւ այնպիսի ձեւով կը բարեկամանար, որ կարծէք ամբողջ կեանք մը անցուցած ըլլար հետը:
Արամայիս Ազնաւուրեան, Քեռիի մօտիկ գործակիցներէն մէկը, կը խօսի անոր խոնարհութեան մասին: Խոնարհօրէն մտիկ կ՛ընէր Քեռիին, կը գրէ Արամայիս Ազնաւուրեան, իր հասցէին կատարուած ամէն յանդիմանութիւն: Որեւէ ձեւով չէր դիմադրեր իր մեծաւորին: Կը կարմրէր ու կը քրտնէր: Ամօթահար լուռ կը կենար:
Քեռին, սակայն, ճիշդ հակառակն էր կռիւներու ատեն, երբ կը ցուցաբերէր իր ամբողջ եռանդը: Կռիւը իր տարերքն էր: Կռիւներու ատեն կը յայտնաբերուէր անոր խստութիւնը: Խիստ ու պահանջկոտ էր Քեռին բոլորին նկատմամբ, որոնք ստանձնած էին որեւէ գործ: Որքան մեղմ, բարեացակամ եւ բարեխիղճ էր հանդարտ օրերուն, նոյնքան խիստ է, բոլոր անտարբերներու, թուլամորթներու, ծոյլերու եւ անպարտաճանաչներու նկատմամբ, որոնք կ՛անտեսէին իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Չորրորդ գունդի հրամանատար իր դիրքին մէջ Քեռին կոչուեցաւ «Մտրակով ծերունին»: Ըստ Վալատ Վալատեանի, ան մտրակով կը հարուածէր բոլոր կամաւորները, որ անկարգութիւն կը գործէին: Ասիկա իր նախասիրած ձեւն էր: «Եւ Քեռու մտրակի համն առած զինուորը այնուհետեւ զգուշանում էր յանցաւոր արարքներից»:
Միքայէլ Վարանդեան, որ դամբանախօսներէն մէկն էր Քեռիի դագաղին վրայ, կը հաստատէ. «Քեռի՜ն, Քեռի՜ն, կամաւորների խարազանը եւ նրանց պաշտամունքը: Ո՞վ չի ճաշակել նրա ահեղ մտրակի ուժը: Մտրակն ու հրացանը իր ռազմական տակտիկի մէջ իրար լրացնում են փոխադարձաբար, ծեծում է անխնայ իր տղաներին, ծեծում է միշտ եւ ամէն տեղ, անգամ պատերազմի դաշտի վրայ, ամենաբուռն ընդհարումների միջոցին ծեծում է թուլամորթներին, որ արիանան, ծեծում է արիներին, որ չթուլանան ու չընկճուին: Ծեծելու տենդը հասնում է կատարեալ սատիզմի, եւ որքան աւելի է ծեծում Քեռին, այնքան աւելի են սիրում նրան զինուորները…»:
Քեռի իր մտրակը կը գործածէր նաեւ թշնամիներու վրայ:
Պարսկական յեղափոխութեան ատեն, կը պատմէ Նիկոլ Աղբալեան, Ադրաշ-Դովլէն միապետական ուժերու գլուխն անցած` կը մօտենար Թեհրանին, «Քեռին ուղարկուեց նրա դէմ. թշնամին բռնել էր ապառաժուտ լերան ծերպերը եւ գնդահարում էր շարունակ: Տասնեւութամեայ պատանիի աշխուժով Քեռին բարձրանում է վեր: Դէպի թշնամին` թափահարելով իր մտրակը եւ վարակելով հետեւորներին: «Ովքեր են դրանք, որ հրացան պարպենք,- կանչում է ցատկելով առաջ,- դրանց մտրակով պէտք է քշեմ»: Եւ քշում է: Գերի Ադրաշը խոստովանում է, թէ զօրքը չէր, որ նրան յաղթեց, այլ` մտրակով ծերունին եւ ցանկանում է նրան անձնատուր լինել»:
* * *
Քեռիի նկարագիրին ամէնէն տիրապետող գիծը համեստութիւնն էր: Չկայ կենսագիր մը, որ չխօսի կամ ակնարկութիւն չընէ անոր համեստութեան մասին: Ըստ իրեն, ցուցամոլութիւնը թշնամի է դաշնակցական գործի: Աւելի՛ն. Քեռին կը խուսափէր, որ մարդիկ խօսին իր մասին: Համեստութիւնը իր ողնուծուծին մէջն էր:
Այդ կենսագիրներէն մէկն է Նիկոլ Աղբալեան, որ Քեռիի մասին իր խօսած դամբանականին առաջին նախադասութեամբ իսկ կը փառաբանէ Քեռիի համեստութիւնը եւ լռակեացութիւնը. առաւել` անոր տրամադրութիւնը ինքզինք չցուցադրելու: Ժողովներուն կը նստէր անկիւն մը, կը գրէ Աղբալեան, ուշադրութեամբ մտիկ կ՛ընէր եւ լուռ կը ծխէր: Հաշտուած էր այն իրողութեան հետ, որ խնդիր մը վճռելու ատեն մտաւորական ընկերները պէտք է, որ նախապէս աղմկեն: Համբերութեամբ կը սպասէր գործնական որոշման. մեծ ուշադրութեամբ մտիկ կ՛ընէր իրեն բաժին ինկած գործի մասին, որոշապէս ու վերջնապէս կը պարզէր այն պայմանները, որ կապ ունէին իր պարտականութեան հետ, եւ կ՛երթար իր գործին: «Քիչ կը խառնուէր ընդհանուր որոշումներին,- կը շարունակէ Աղբալեան,- ոչ թէ հորիզոն չունէր, այլ համոզուած էր, որ եթէ ամէն մէկն իր գործը լաւ կազմակերպի եւ յաջող վարի, ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ: Երբ համակարծիք չէր որոշման, չէզոքացնում էր` առանց խանգարելու»:
Իր կարգին, Գարեգին Նժդեհ կը հաստատէ. «Սակաւախօս էր Քեռին, ու այդ առթիւ նրա զինուորները կատակով ասում էին. «Քեռին խօսում է ուրբաթէ ուրբաթ, վատերին ծեծում շաբաթ օրերը, յաղթում ամէն օր»:
1915-ին Ռուսաստանի Նիքոլայ ցարը այցելութիւն մը կու տայ Կովկասեան ռազմաճակատ: Հայ կամաւորական խումբերու բեղուն գործունէութեան շրջանին ցարը եկած էր պարգեւատրելու քաջութիւն ցուցաբերած զինուորները եւ կամաւորական գունդերու հրամանատարները: Կամաւորական Դ. գունդին լուր կը տրուի, որ ներկայանայ Մժնկերտ` ցարը դիմաւորելու: Քեռին չ՛ուզեր երթալ, կը ղրկէ իր օգնականներէն Վարդան Իսկենտէրեանը եւ դարալագեազցի Մարգարը, որ ներկայացնեն զինք: Անոնք Մժնկերտ կը հասնին այն պահուն, երբ ցարը կը պարգեւատրէր զօրամասերու ներկայացուցիչները: Ցարը «անձամբ վերցուց Ս. Գէորգեան շքանշան մը եւ ամրացուց կրծքիս»,- կը պատմէ Վարդան Իսկենտէրեան,- «հատ մըն ալ նոյն ձեւով փակցուց ընկերոջս կրծքին»: Ապա, Քեռիին համար յատուկ պահարանի մը մէջ կը դրուի Ս. Գէորգեան ոսկի շքանշան մը` առաջին աստիճանի, իսկ Արամայիս Ազնաւուրեանի համար` երկրորդ աստիճանի: Այս արարողութենէն ետք կը վերադառնան ճակատ, եւ Քեռիին կը յանձնեն, ցարին նուէրը: «Քեռին,- կը գրէ Վարդան Իսկենտէրեան,- որքան որ պաղարիւնութեամբ ընդունեց զօրահանդէսին մասնակցելու հրաւէրը, նոյնքան եւ աւելի մեծ արհամարհանքով մէկդի նետեց շքանշանը ըսած ըլլալու համար, թէ զինքը հետաքրքրողը շքանշանը չէր»: Մինչդեռ անդին, Անդրանիկն ալ ստացաւ շքանշան, զոր վար չառաւ իր կուրծքէն, խաչը միշտ փակած մնաց իր կուրծքին:
Այս բոլորով հանդերձ: Պէտք է հաստատել, որ մեր ժողովուրդին մէջ դժբախտաբար շատ յարգանք չի վայելեր համեստութիւնը, որովհետեւ անիկա կը շփոթուի խեղճութեան եւ խրփոյութեան հետ: Մարդու մը ողջութեան համեստութիւնը կարծէք այնքան ալ նշանակութիւն չունի, որքան մահէն ետք:
Վալատ Վալատեան հրաշալի կերպով բաղդատութիւն մը կը կատարէ Անդրանիկի եւ Քեռիի բնաւորութեան եւ խառնուածքի գիծերուն միջեւ: Այսպէս.
Դրոյի եւ Անդրանիկի բնաւորութիւնները ամբողջովին հակադիր պատկեր մը կը ներկայացնեն: Քեռին կը խուսափէր աղմուկէն եւ մեծարանքներէն, համեստ ու սակաւախօս էր, հնազանդօրէն ականջալուր` ՀՅԴ Բիւրոյի հրահանգներուն, մինչդեռ Անդրանիկը` մեծարանքներ ցանկացող փառամոլ, ինքնահաւան, իր անձն ու գործերը խնկարկող գովքերէ ախորժող: Երկուքն ալ ի ծնէ ռազմիկներ էին, կռուի դաշտի մէջ անվեհեր: Երկուքն ալ գիտէին իրենց անձի քաջութեան օրինակով խանդավառել եւ առաջ մղել իրենց զինուորները: Ու մինչդեռ Քեռին, իր բոլորանուէր խիզախութեամբ հանդերձ, միշտ ալ կարեւորութիւն կու տար իր օգնականներուն, եւ գործին մօտիկ եղող մարդոց կարծիքներուն եւ խորհուրդներուն, Անդրանիկը երբեք արժէք չէր տար իր քովիններու թելադրանքներուն եւ առաջարկներուն, իր հրամանատարական կարողութիւններով ինքզինք բարձր կը նկատէր բոլորէն եւ խորհրդակցութեան կարիք չէր զգար ոեւէ մէկուն հետ. ինքնիշխան կերպով կը տնօրինէր ամէն գործ եւ կը հրամայէր: Չէր հանդուրժեր որեւէ ցուցմունք ու հակակշիռ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ստեղծեց եւ հերոսացրեց իրան,- կը շարունակէ Վալատիան,- բայց նա հետագային չուզեց ճանաչել նրա հեղինակութիւնը: Եւ առհասարակ չէր ճանաչում իր անձից դուրս ուրիշ ոեւէ հեղինակութիւն»:
Երբ այսպիսի տարբեր խառնուածք եւ մտայնութիւն ունէին, բնականաբար Քեռին պիտի չհանդուրժէր Անդրանիկի ղեկավարման գործելակերպը Սասունի ապստամբութեան ատեն, որովհետեւ Անդրանիկ կ՛ուզէր ինքնիշխան եւ բացարձակ ղեկավարը ըլլալ Սասնոյ մէջ, ինչպէս ամէն տեղ: Այդ մթնոլորտը Քեռիի խառնուածքին եւ բնաւորութեան չէր համընկներ:
Նոյնը պատահեցաւՊարսկաստանի յեղափոխութեան ատեն Եփրեմ-Քեռի յարաբերութեան ընթացքին: Եփրեմը, սակայն, աւելի նուազ փառամոլ էր Անդրանիկէն եւ կը փնտռէր գործակցութիւնը Քեռիին, որ հանդուրժեց զինք:
Եւ քանի որ կը խօսինք Քեռիի լռակեաց եւ համեստ նկարագիրին ու բնաւորութեան մասին եւ բաղդատութիւն կ՛ընենք Անդրանիկի հետ, յայտնենք, թէ այս լուռ մարդուն մէջ կ՛եռար յեղափոխականը, ըմբոստը, անարդարութեան եւ շահագործումի դէմ պայքարողը:
Հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան ու վերակազմութեան ատեն, Երեւանի մէջ 15-20 հոգիով ճաշկերոյթ մը տեղի կ՛ունենար, որուն ներկայ էին, ուրիշներու կարգին, Քեռին եւ Անդրանիկը: Պատմողն է Սիմոն Վրացեանը: Թամատայի պաշտօնը կը կատարէր Արմէն Գարոն: Այս վերջինը կը սկսի կենացներ առաջարկել` ըստ «թապաղա»-ներուն, այսինքն` ըստ խաւերու բաժնելով սեղանակիցները: Նախ կը խմուի առաջին «թապաղա»-ի, այսինքն հին սերունդի կենացը, որուն մէջ կը մտնէր Քեռին: Յետոյ կ՛առաջարկուի միւս «թապաղա»-ներու կենացը: Անդրանիկը, ըստ Վրացեանի պատմածին, կ՛իյնայ երրորդ «թապաղա»-ի մէջ: Անդրանիկը նուաստացում կը նկատէ այս դասակարգումը. ան յանկարծ ոտքի կ՛ելլէ եւ զայրացած կը խօսի` հարուածելով «վարժապետներ»-ը: Քեռին, որ առհասարակ լուռ էր, զայրացած ոտքի կ՛ելլէ եւ կը պոռայ Անդրանիկի երեսին.
– Անդրանի՛կ, լռէ՛, ա՛լ բաւ է, տե՛ղդ նստիր:
Անդրանիկը շուարած` պահ մը կը լռէ, կը ձգէ սեղանը եւ աղմկելով դուրս կ՛ելլէ: Ճաշը, անշուշտ, հարամ կ՛ըլլայ:
Վրացեան կը յայտնէ, թէ միակ մարդը աշխարհի մէջ, Ռոստոմէն ետք, որուն առջեւ Անդրանիկը, կատու կը դառնար, Քեռին էր: Պէտք է աւելցնել նաեւ Նիկոլ Դումանը:
***
Զարմանալի է, որ Քեռին ամուսնացած էր: Ասիկա իր կեանքի մեծագոյն վրիպանքն է: Այս մարդը, որուն ամբողջ կեանքը գրեթէ կռիւ ու պատերազմ էր, շուրջ յիսուն տարեկանին ամուսնացաւ:
1912-ին, Թաւրիզի մէջ, Յովսէփ Միրզայեանի տունը, Քեռին կը տեսնէ Քրիստինէն եւ կը հաւնի: Խօսքկապ ընելէ ետք կը մեկնի:
23 նոյեմբեր 1913-ին Քեռին եւ Քրիստինէն կը պսակուին` կնքահայրութեամբ տոքթ. Յարութիւն Ստեփանեանի: Պսակին ներկայ կ՛ըլլան հայ եւ պարսիկ զինուորականներ եւ երեւելի անձնաւորութիւններ:
Նորապսակ ամոլը 27 օր իրարու քով կ՛ըլլան: Ապա Քեռին Թիֆլիս կ՛ուղարկէ իր կինը եւ ինք դարձեալ կը նետուի մարտական գործունէութեան: Քրիստինէ քանի մը ամիս Թիֆլիս մնալէ ետք կ՛անցնի Կարս, ուր կ՛ունենայ մանչ զաւակ մը` Անդրանիկ: Գրեթէ երկու տարի ետք Քեռին իր զինակիցներով Կարս կու գայ եւ կը տեսնէ իր զաւակը, որ 15 ամսու էր:
Քեռին, սակայն, միշտ զբաղած էր կուսակցական գործերով: Հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ իր կինը Քեռիին մասին. «Գիշերները կը քնանար իր զինակիցներուն հետ, որոնք նոյնիսկ չէին հաներ իրենց հագուստներն ու կօշիկները: Իրենց ճաշերը ես կը պատրաստէի, սակայն չէի գիտեր, թէ ո՛ր ժամուն պիտի գան: Կատարեալ սպասուհի մը եղած էի»:
Քեռին Կարս ժամանելէ երկու օր ետք կը մեռնի իր զաւակը: Ան իր զինակիցներով կը թաղէ զայն: Անկէ ետք ան կը մեկնի եւ այդ մեկնիլը կ՛ըլլայ, որովհետեւ անգամ մը ալ չի տեսներ իր կնոջ` Քրիստինէի երեսը:
Աւելի ուշ Քրիստինէն կը փոխադրուի Թեհրան, ուր Քեռիին հետ իր ունեցած յուշերը, նաեւ ինչ որ Քեռիէն լսած է, կը պատմէ Թեհրանի «Րաֆֆի» տարեգիրքի խմբագիր Տաճատ Պօղոսեանին:
Այդ յուշերը տակաւին հրատարակուած չէին:
***
Վերջացնելու համար,
Քեռիի ամբողջ կեանքը եղաւ յաղթանակներու շարք մը: Յաղթանակով սկսաւ իր յեղափոխական կեանքը եւ յաղթանակով ալ վերջացուց: Իր ամէնէն նեղ պահերուն ալ անպայման հնարք մը գտաւ անկէ անվնաս ելլելու համար: Ի ծնէ ռազմիկ էր ան, որ միշտ վստահեցաւ իր ուժին եւ երբեք չմտածեց դուրսի օգնութեան մասին:
Քեռիի նահատակութեան առթիւ ռուս հրամանատար Ռիպալչենքօ հետեւեալ տողերը հրատարակեց ռուսական թերթի մը մէջ. «Քեռին, որ 20 ամիսի չափ կռուեցաւ մեր փառահեղ բանակի շարքերուն մէջ իբրեւ կամաւոր, գրաւած էր սէրը բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած էին զինք: Յանձինս Քեռիի, որ ինկաւ փառաւոր մահով մը, մենք կորսնցուցինք մեր էն կորովի հրամանատարներէն մէկը, որ սիրելի էր իբրեւ շիտակ մարդ: Կորուստը անդարմանելի էր:
Ինչե՜ր չգրուեցան իր մահուան առթիւ:
Քեռիի թաղման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Թիֆլիսի Խոջեվանք գերեզմանատան մէջ, ներկայ եղան բարձրաստիճան օտար եւ հայ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ` հազարաւոր յուղարկաւորներ: Խմբապետներէ, մարմիններէ, հայ եւ օտար ղեկավարներէ, գաղութներէ եւ անհատներէ ստացուած են շուրջ չորս հարիւր հեռագիրներ, որոնք կը ցաւակցին անոր մահուան: Թիւեր են ասոնք, որ ցոյց կու տան անոր վայելած բարձր ժողովրդականութիւնը:
Խորհրդային համայնավարութեան օրերուն վրացիները քանդեցին Խոջիվանքի գերեզմանատունը, ուր կը գտնուէին Սիմոն Զաւարեանի, Նիկոլ Դումանի, դաշնակցական Խեչոյի եւ շատ շատերու գերեզմանները, որոնք, աւա՜ղ, չկան այսօր:
Քեռիի մահուան հարիւրամեակին առթիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը թող ըլլայ ափ մը խունկ անոր հոգւոյն. անոր, որ եղաւ արի եւ գործերը միշտ բարի: