Շաբաթ, 14 յունուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Ս. Ծննդեան շրջանին վեհափառ հայրապետին Հալէպ կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ տիրող ընդհանուր կացութեան: