Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մտադիր են Սուրիոյ սահմանին վրայ շաղախէ պատ կառուցելէ ետք նոյնպիսի պատ կառուցել նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին վրայ:
Ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններուն, պատի կառուցման աշխատանքը պիտի կատարէ Թուրքիոյ կառավարութեան կից պետական բնակարանաշինութեան վարչութիւնը (ԹՈՔԻ): Վերջինս 5 մայիս 2016-ին ստորագրած էր արձանագրութիւն ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան հետ` Թուրքիոյ վեց նահանգներու մէջ սահմանին վրայ 3 մեթր բարձրութեամբ եւ 2 մեթր լայնքով շաղախէ պատ կառուցելու վերաբերեալ:
Թուրքիոյ արեւելեան սահմանամերձ քաղաքներուն, ինչպէս` Կարսի, Իգտիրի եւ Արտահանի մէջ, պատի կառուցումը կը մեկնաբանուի «ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ մաքսանենգութեան դէմ պայքարելու» անհրաժեշտութեամբ:
Թուրքիոյ պետական բնակարանաշինութեան վարչութեան նախագահ Էրկիւն Թուրան յայտնած է, որ ապրիլին իրենք արդէն կ՛աւարտեն Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ պատի կառուցումը: