Վերջին երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի մրցումները:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները արդէն իսկ կտրած են իրենց կէս ճամբան:
Ցարդ միայն երեք խումբեր` Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Լայսթըր Սիթի, արձանագրած են երեքական յաղթանակ` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը:
Իսկ երեք խումբեր` Լեկիա Վարշաւա, Ֆ. Ք. Պրիւժ եւ Տինամօ Զաղրեպ, ցարդ ոչ մէկ կէտ կրցած են ապահովել:
Անոնց հետ միասին 8 այլ խումբեր` Պալ, Լուտօ Զաղրեպ, Տինամօ Քիեւ, Սելթիք, Ռոսթով, ՓՍՎ Այնտհովըն, Պայէր Լեւերքուզըն եւ Մոսկուայի բանակայիններ, իրենց կարգին զուրկ են յաղթանակէ:
Միայն երեք կազմեր` Աթլեթիքօ Մատրիտ, Լայսթըր Սիթի եւ Եուվենթուս, ցարդ կոլ ստացած չեն իրենց բերդին մէջ:
Յիշատակելի են Աթլեթիքոյի արձանագրած երեք յաղթանակները. երեքն ալ` 1-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ ամէնէն շատ կոլը նշանակած է Պարսելոնա (13), իսկ ամէնէն շատ կոլը ստացած է Լեկիա Վարշաւա (13):


