Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց քառորդ աւարտականի երկուքական ճակատումներ:

Ճափոնցի Քէյ Նիշիքորի, որ դասուած է 6-րդ, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյը:

Նիշիքորի, որ 1-6, 6-4, 4-6, 6-1 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միւրէյը, կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ 3-րդ դասուած Սթանիսլաւ Վաւրինքան (Զուիցերիա), որ 7-6, 4-6, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոն:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 5-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփը` արձանագրելով 6-2, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին Սերենա Ուիլիըմզ իր դէմ պիտի ունենայ 10-րդ դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովան, որ 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Աննա Քոնժուհի (Խրուաթիա):