ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Տիգրան Եսայեան հեռացաւ Կոտայքի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն:
Եսայեան յայտնեց, որ Արկադի Անդրէասեանի հրաւէրով պիտի աշխատի Արարատի հետ:
Ան 2014-ին անորոշ պատճառով հեռացած էր Արարատէն:
Ցարդ անորոշ է, որ Եսայեան Անդրէասեանի օգնակա՞նը պիտի ըլլայ բարձրագոյն դասակարգին մէջ, թէ՞ պիտի ստանձնէ մարզիչի այլ պաշտօն մը Ա. դասակարգին մասնակցող խումբին հետ: