Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուզիչ Բերքի Տօն Այնճարի Մէջ, Կամ` Խնձորի, Դեղձի Եւ Սալորի Ողբերգութիւնը

Սեպտեմբեր 6, 2016
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

khntzor_90616Զարմացաք չէ՞. այս ի՞նչ տօն է, որ  յուզիչ է: Տօնը ուրախութեան եւ տրամադրութիւն բարձրացնող առիթ է, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ յուզիչ է այս տօնը, եւ ի՞նչ կը նշանակէ  բերքի տօն:

Կայ տակաւին աւելին. ողբերգութիւնը կրնայ առնչուիլ անձի մը, հաւաքականութեան մը եւ կամ ազգի մը, բայց զարմանալի է, որ վերի ակնարկութիւնը պտուղներու հետ կապ ունի:

Ուրեմն անհրաժեշտ է յստակացնել եւ բացատրել վերնագիրը: Բացատրենք:

Մուսա Լեռ – Այնճարի մէջ, երբ տակաւին կրտսեր պատանի էինք ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, կար գեղեցիկ առիթ մը, որ կը կոչուէր ԲԵՐՔԻ ՏՕՆ: Սովորաբար այս տօնը կը տօնէինք, երբ պարտէզներու բերքերը քաղուած կ՛ըլլային (այսինքն ծախուած` լաւ կամ վատ գիներով), եւ ժողովուրդը կը պատրաստուէր ձմրան: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կը խմէինք մեր պարտիզպաններուն կենացը` «բարի բերք մաղթելով մեր հողին»: «Բաբգէն Սիւնի» ակումբը կը թնդար ուրախ երգերով եւ  միայն այս առիթով կը խմէինք գինի (պատանիներուն արտօնուած չէր գինի խմել), որ աւելի քացախի համ կ՛ունենար,  քան գինիի…

Այս տօնը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր: Սեղաններուն վրայ դրուած կ՛ըլլար խնձոր եւ խաղող` մեզի յիշեցնելու մեր պարտիզպաններու արդար քրտինքով արտադրուած պտուղի բերքը: Մեր վարիչը` Մովսէս Թ. Հերկելեանը գաւաթ կը բարձրացնէր խմելու համար մեր «խաղողից գինի քամողին եւ մեր հողերն ազատ պահողին» կենացը: Աւանդութեան վերածուած էր այս տօնը, եւ` ի՜նչ լաւ աւանդութիւն:

Եղա՞ն տարիներ, որ այս աւանդութիւնը խախտեցաւ. Այո՛, երբ  այնճարցիք ընդհանրապէս բերք չունեցան գարնան ցրտահարութեան պատճառով: Հազուադէպ էին նման տարիները: Պատահած էր նաեւ, որ բերքին մեծ մասը  ընդհանրապէս չծախուի եւ մնայ ծառին վրայ,  ինչպէս 2006-ին` պատերազմի պատճառով:

Սակայն այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այս տարի, չէ պատահած Այնճարի պատմութեան մէջ…

Վերջին երկու յաջորդական տարիներուն ցրտահարութեան պատճառով գրեթէ բերք չունեցան Այնճարի պարտիզպանները  (նոյնիսկ ծառեր չորցան սարսափելի ցած ջերմաստիճանին պատճառով): Պարտիզպանները, սակայն, չյուսահատեցան  եւ յոյսով սպասեցին այս տարուան բերքին: Այս տարի Աստուած ողորմած դուրս եկաւ, եւ ձմեռը մեղմ ընթացաւ ու  պարտէզները լաւ բերքատուութիւն ունեցան: Գիւղացիները աւելիով յուսադրուեցան, որ պիտի կարենան բերքը ծախել եւ նախորդ տարիներու վնասը մեղմացնել (պէտք չէ մոռնալ, որ պարտիզպանը ստիպուած է խնամել ծառերը` բերք ըլլայ կամ ոչ):

Այս տարի կարելի եղաւ բերքը բոլոր փորձանքներէն ազատել (պարտիզպանին թշնամիները շատ են, յիշենք անոնցմէ` տաքը, ցուրտը, փոթորիկը, հիւանդութիւնները, երաշտը, անապատային աւազը, մեծաքանակ շուկայի միջնորդները, պատերազմը, շուկայի մրցակցութիւնը…) եւ լաւ վիճակի մէջ հասցնել քաղելու: Հոս է սակայն, որ սկսաւ յուզումն ու ողբերգութիւնը: Բերքը գնողներ չգտնուեցան եւ պատահեցաւ ամենասարսափելին` բերքը հասունցաւ եւ թափեցաւ գետին` յուսահատութեան մատնելով պարտիզպանները: Պարզուեցաւ յուզիչ տեսարան մը Այնճարի պարտէզներուն մէջ: Բոլոր պարտէզները ծածկուեցան  «Մֆթի» խնձորով (այդ անունը տրուած էր խնձորի այն տեսակին, որ  Փէնէնեան պապուկը, որ ծանօթ էր Մֆթի ծածկանունով,  առաջին անգամ այս խնձորի տեսակը Այնճար բերած էր):

Բերքի տօնը այս տարի ինքնաբերաբար ջնջուեցաւ` ի տես այս դառն իրականութեան:

Ողբերգութիւնը շարունակուեցաւ դժբախտաբար նաեւ դեղձի եւ սալորի պարագային, որոնցմէ բաժին մը մնաց ծառերուն վրայ` գնորդ չունենալով:

Եւ այսպէս, ԲԵՐՔԻ ՏՕՆԸ դարձաւ յուզիչ տօն մը այս տարի, իսկ «Մֆթի» խնձոր, դեղձ եւ սալոր ունեցող պարտիզպանները ապրեցան (բերք ունենալով հանդերձ) իսկական ողբերգութիւն մը` իր բոլոր վատ հետեւանքներով: (Գետին թափուած եւ չվաճառուած բերքերը կը գնահատուին շուրջ 1000 թոնով` համաձայն Այնճարի ոռոգման ջուրի յանձնախումբի պաշտօնեաներուն):

Այս ողբերգութեան համար կան մէկէ աւելի  պատճառներ, ինչպէս` պատերազմի պատճառով արտածումի ճամբաներու փակ ըլլալը, կառավարութեան կողմէ լուծումներ գտնելու անկարողութիւնը, կարգ մը պարագաներու պտուղի մանր ըլլալը` ջուրի եւ  խնամքի պակասի պատճառով, պտուղ գնող վաճառականներու «խաղերը» եւ վերջապէս` պարտիզպաններու բախտը:

Զարմանալին այն է նաեւ, որ այս աժանութենէն դժբախտաբար չկրցան օգտուիլ երկրի քաղաքացիները, որոնք շարունակեցին բարձր գիներով գնել պտուղները իրենց շրջանին մէջ գտնուող խանութներէն…

Այս բոլորէն ետք դուք ըսէք` ի՞նչպէս կրնանք տօնել բերքի տօնը…

 

Օգոստոս 2016
Մուսա Լեռ – Այնճար

Նախորդը

Սեբաստիոյ Հայկական Եկեղեցին` Ոչնչացման Եզրին

Յաջորդը

Բանակցային Գործընթացի Նախապայմանը

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Comments 1

  1. Սամվել says:
    9 years ago

    Սիրելի Այնճարցիներ մի հուսահատվեք,եկող,գալիք տարին լավ կլինի:2015թվին էլ մեր Հայաստանի Ալավերդու Ճոճկան գյուղին աղետալի վնաս տվեց կարկուտը,որ շարունակվեց 30րոպե,որը ամբողջովին ոչնչացրեց գյուղացու բերքը,ջարդուփշուր արեց տների տանիքները:Այս տարին բարեբեր էր,հացահատիկի,կարտոֆիլի,պտուղներից հոնի,թուզի,խաղողի,դեղձի բերքահավաքը շարունակվում է:

    Reply

Leave a Reply to Սամվել Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?