Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ուաշինկթըն Անախորժ Կացութեան Մը Դէմ Յանդիման

Սեպտեմբեր 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_83116

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

24 օգոստոսին թրքական ուժերուն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կատարած միջամտութիւնը բնականաբար ինքնագլուխ քայլ մը չէր, այլ շղթայազերծուեցաւ ստանալէ ետք միջազգային, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու կանաչ լոյսը: Այսօր եթէ նշեալ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւն մը գոյութիւն ունի, ատիկա նշեալ գործողութեան փաստին շուրջ չէ, այլ անոր առաքելութեան: Փենթակոն խստիւ քննադատեց քրտական ուժերուն դէմ թրքական բանակին եւ անոր հովանիին տակ գործող սուրիական զինեալ ընդդիմութեան գործողութիւնները` զանոնք կոչելով «անընդունելի եւ խոր մտահոգութեան աղբիւր մը»: Փենթակոնի ղեկավար Էշթըն Քարթըր յստակօրէն նշեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը ՕԹԱՆ-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող դաշինքներուն մէջ, սակայն աւելցուց, որ իր երկիրը նաեւ կ՛աջակցի քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն:

Օպամայի խորհրդական Պեն Ռոտզ հարցերը աւելի յստակացնելով յայտարարեց. «Մենք չենք աջակցիր եւ պիտի չպաշտպանենք թրքական զինեալ ուժերու շարժումը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ եւ Թուրքիոյ գործունէութիւնը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն դէմ, որոնց կը պաշտպանեն Միացեալ Նահանգները»: Ուաշինկթըն առնչակից երկու կողմերուն կոչ ուղղեց զերծ մնալու իրարու դէմ պատերազմելէ եւ փոխարէնը կեդրոնանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի կեցուածքը աւելի կարծր էր. ան զգուշացուց Անգարան «Սուրիոյ մէջ քրտական դատին վնասելէ»:

Հարցը այն է, որ Թուրքիա շատոնց արդէն Եփրատ գետը ճշդած էր իբրեւ կարմիր գիծ` բազմիցս սպառնալով հարուածել քրտական ուժերը, եթէ անոնք անցնին նշեալ գետին արեւմտեան ափը: Թրքական գործողութեան անունը «Եփրատի վահան» է, իսկ վահանը ոչ միայն պաշտպանուելու համար կը գործածուի, այլ նաեւ «խռովարարները» ետ մղելու: Այդ գործողութիւնը ոչ միայն ՏԱՀԵՇ-ի մաքրագործման համար է, այլ նաեւ` քրտական ուժերը Եփրատի արեւմտեան ափէն արեւելեան ափ վտարելու: Քրտական ուժերը ամերիկեան թոյլտուութեամբ ու Ուաշինկթընի հովանիին տակ ճիշդ ատիկա կատարեցին Մընպեժի ազատագրման գործողութիւններուն ընթացքին, այն խոստումով, որ գործողութեան բարեյաջող աւարտին պիտի վերադառնան Եփրատի արեւելեան ափ. բան մը, որ սակայն, հակառակ Անգարային տուած Ուաշինկթընի խոստումին, չկատարեցին: Սուրիացի քիւրտերը, ի պատասխան Եփրատի արեւմտեան ափէն հեռանալու Ուաշինկթընի յորդորներուն, յայտարարեցին, որ իրենք պիտի չհեռանան այդ տարածքէն, որովհետեւ այդ շրջանները քրտաբնակ են եւ իրենք արիւն թափած են այդ տարածքները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու համար: Փենթակոն իր յորդորը խստացնելով նշեց, որ «քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները պէտք է անմիջապէս Եփրատի արեւելեան ափ նահանջեն»` սակայն աւելցնելով, որ ըստ իր տեղեկութեան, «ատիկա մեծ մասամբ կատարուած է»: Անգարա եւ Ուաշինկթըն համակարծիք են, որ քիւրտերը պէտք է հեռանան այդ շրջանէն: Անոնց տարակարծութիւնը այդ հեռացումի իրագործման ձեւին շուրջ է:

Քիւրտերը 17 մարտ 2016-ին յայտարարեցին Հիւսիսային Սուրիոյ Ռոժաւա (Արեւմտեան Քիւրտիստան) դաշնակցային մարզը, որ ըստ այդ յայտարարութեան, պիտի ըլլայ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Կը թուի, թէ այդ մարզին իբրեւ արեւմտեան սահման ճշդուած է Եփրատ գետը: Այդ բնական սահմանը ոչ միայն կարմիր գիծ է քիւրտերուն համար, այլ նաեւ թրքական եւ սուրիական բանակներուն համար: Այդ իրողութեան յստակ մէկ արտայայտութիւնը կարելի է նկատել անցնող երկու շաբթուան ընթացքին ամերիկեան «Էֆ-22» կործանիչներու կողմէ սուրիական պատերազմական օդանաւերու Հասաքէի օդային տարածքէն վտարման երկու դէպքերը: Վերջին դէպքին պարագային քիչ մնացած էր, որ ամերիկեան կործանիչները վար առնէին «սահմանախախտ» սուրիական օդանաւերը:

Ուաշինկթընի համար խիստ անախորժ երեւոյթներ եւ գլխացաւանք են իր երկու դաշնակիցներուն` թուրքերուն եւ քիւրտերուն միջեւ բախումները, ինչպէս նաեւ խիստ անբաղձալի է բախումներուն մէջ, Հասաքէի օդային տարածքին մէջ կատարուածին նման, ուղղակի կերպով միջամտելը ի նպաստ կողմերէն մէկուն: Ուաշինկթըն անհամեմատ աւելի անախորժ ու նեղ կացութեան պիտի մատնուի, եթէ թրքական բանակը շահագործէ այդ հանգամանքը եւ յանկարծ դիմէ Եփրատի արեւելեան ափ անցնելու քայլին:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Յատուկ Թիւ` Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կ՛ուժեղացնէ Գրաւուած Տարածքներու Պաշտպանութիւնը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?