
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը:
Անոնք շեշտեցին մարդկային իրաւունքները յարգելու եւ շրջանը կազմող բոլոր կողմերուն միջեւ հաւասարութիւն պարտադրելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը փոքրամասնութիւններուն միակ երաշխիքը կը մնայ:


