«Քնացի՛ր…»
Մարդ մը բժիշկին ներկայանալով կ՛ըսէ, որ գիշերները միշտ ֆութպոլի մրցումներ կը տեսնէ քունին մէջ եւ քունը կը խանգարուի: Բժիշկը դեղահատ մը կու տայ անոր եւ կ՛ըսէ.
– Այս գիշեր ասիկա կլլէ եւ հանգիստ կը քնանաս:
Մարդը կ՛ըսէ.
– Ո՛չ, ո՛չ, այս գիշեր չ՛ըլլար:
– Ինչո՞ւ:
– Որովհետեւ այս գիշեր աւարտական մրցումն է:
Դժուա՞ր Էր…
Երկու ապարանցիներ զոյգի յատուկ հեծանիւ քշելով կը բարձրանան բլուր մը: Տեղ հասնելէ ետք, ետեւի աթոռին վրայ նստած ապարանցին կ՛ըսէ.
– Ո՜ւֆ, այս ի՞նչ դժուար եղաւ փետալները դարձնելը, ոտքերս կտրուեցան:
Միւսը կ՛ըսէ.
– Է եթէ ես ամբողջ տեւողութեան արգելակները (ֆրեն) ամուր սեղմած չըլլայի, կրնայինք դէպի ետ երթալ:
Դէպի Ծով
– Ինչո՞ւ սուզակները նաւակէն ծով նետուելու ատեն դէպի ետեւ կը նետուին:
– Որովհետեւ եթէ դէպի առջեւ նետուին, նաւակին մէջ կ՛իյնան:
Լեզուն Անընդհատ Շարժել
Գործարար մը իր բաւական գիրցած աշխատաւորներէն մէկուն կ՛ըսէ.
– Մարզանքը լաւ է քեզի համար: Մարմինիդ բոլոր մասերը միշտ շարժէ, բնաւ չես հիւանդանար: Իմ կնոջս լեզուն կեանքին մէջ օր մը իսկ չէ հիւանդացած:
Մաքուր Կեանք
Ամուսնացած մարդ մը ընկերոջը կը բացատրէ.
– Ես մարզական վիճակս, բարեձեւ մարմինս կը պարտիմ կնոջս եւ մաքուր կեանքին: Կինս ամէն օր ինծի կ՛ըսէ. «Մաքրէ՛ ինքնաշարժը», «Մաքրէ՛ պարտէզը», «Մաքրէ՛ պատշգամը»: