Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ նկատի ունենալով, որ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փոխնախագահ եւ դաշնակի մասնագէտ փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեան այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ` չորեքշաբթի, 29 յունիս 2016-ի երեկոյեան Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակի մասթըր քլաս:
Արդարեւ, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոց յաճախող 6-րդ եւ 7-րդ դասարանէն 4 աշակերտներ` Ռիթա Մուրատեան, Ալեք Սուսանի, Կարօ Գրիգորեան եւ Մարկրիթա Առաքելեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ, որմէ ետք փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեան բացատրութիւններ, ցուցմունքներ եւ ուղղութիւններ տուաւ իւրաքանչիւրին` ճիշդ նուագելու մեթոտներու մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է նուագել, որպէսզի ճիշդ հնչէ եղանակը: Ան նաեւ փոխանցեց մասնագիտական եւ ընդհանուր գիտելիքներ, նաեւ բարեմաղթութիւն ուղղեց անոնց: