Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Խնամակալութիւն. Դասախօսական Երեկոյ` Կոմիտասի Անուան Պետական Երաժշտանոցի Մշակութային Ժառանգութեան Եւ Հեռանկարներուն Մասին

Յունիս 29, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ham-1_62816

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` երեքշաբթի, 28 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. Եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Օրուան դասախօսութեան նիւթն էր «Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց. Մշակութային ժառանգութիւն եւ հեռանկարներ», որ ներկայացուց Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փոխնախագահ փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեան:

Ձեռնարկին սկիզբը Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան ներկայացուց դասախօսը, ապա բեմ հրաւիրեց զայն` ներկայացնելու համար օրուան նիւթը: Դասախօսութեան սկիզբը փրոֆ. Յարութիւնեան կեդրոնացաւ հայրենիք-սփիւռք կապերուն կարեւորութեան վրայ. ան ըսաւ, թէ այդ կապերը հետզհետէ կը զարգանան, եւ ասիկա դրական երեւոյթ մըն է երաժշտական մարզի զարգացման եւ բարգաւաճման համար: Ան գնահատեց սփիւռքի, մանաւանդ Լիբանանի աշխուժ գործունէութիւնը եւ շեշտեց, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի համագործակցութիւնը աւելի եւս պիտի բարձրացնէ մակարդակը վերոյիշեալ մարզին: Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի իւրայատկութիւններուն` նշելով, որ երաժշտանոցը իր ծրագիրին մէջ կ՛ընդգրկէ պսակաւոր արուեստիցի եւ մագիստրոսի դասարաններ` ի տարբերութիւն համաշխարհային հռչակաւոր երաժշտանոցներու, ուր միայն կը դասաւանդուին զուտ երաժշտական դասընթացքներ: Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը  կը դասաւանդէ բոլոր այն նիւթերը, որոնք կը դասաւանդուին սովորական համալսարաններուն մէջ, ինչպէս` երաժշտութեան պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ այլն:

Փրոֆ. Յարութիւնեան աւելցուց, որ այսօր աւելի պակսած են լեզուական դժուարութիւնները արտասահմանէն եկած ուսանողներուն մօտ` նկատի ունենալով, որ ժամանակին գործածուող ռուսերէնով տպուած գիրքերը փոխարինուած են հայերէն դասագիրքերով` վստահեցնելով, որ հետզհետէ աւելի աշխատանք պիտի տարուի այդ խնդիրը չէզոքացնելու իմաստով: Պատասխանելով ներկաներուն հարցումին, թէ արդեօք հեռակայ կարգով դասաւանդութիւններ գոյութիւն ունի՞ն, դասախօսը տեղեկացուց, թէ երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղը կը տրամադրէ հեռակայ կարգով դասընթացքներ, սակայն ուսանողը պէտք է առնուազն տարին երկու անգամ Հայաստան գտնուի: Փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեան անդրադարձաւ նաեւ ժողովրդային նուագարաններու կարեւորութեան եւ ըսաւ, թէ մանաւանդ վերջին երկու տարիներուն այդ նուագարաններուն վրայ մասնագիտացողներուն թիւը յստակ աճ արձանագրած է:

Դասախօսական երեկոյին աւարտին դասախօսը դաշնակով ներկայացուց հայկական եղանակներու շարք մը:

 

Նախորդը

Սփիւռքներ. Վախճանականութիւն Եւ… Վախճանը

Յաջորդը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Ամառնային Դպրոցի Պաշտօնական Բացում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?