Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Նալբանդեան Ազրպէյճանի Յարձակումներուն Մասին Տեղեակ Կը Պահէ Իր Պաշտօնակիցները

Ապրիլ 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

12924448_1329316130427913_221481492752275517_n

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններուն մասին մնայուն կերպով տեղեկացուցած է տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարները:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, 4-5 ապրիլին նախարար Նալբանդեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ճանելիծէի, Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Մաքէյի, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուսի, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի եւ Փիեռ Անտրէոյի հետ: Ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հանգամանալից զրոյց տեղի ունեցած է նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ:

Նախարար Նալբանդեան իր զրուցակիցները տեղեակ պահած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակողական լայնածաւալ գործողութիւններուն մասին, ներկայացուցած է Արցախի մէջ քաղաքացիներուն պատկանող կառոյցներու եւ խաղաղ բնակիչներու ռմբակոծման հետեւանքները:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճան զինուորական գործողութիւններուն զուգահեռ կը տանի քարոզչական ապատեղեկատուութիւն` ապարդիւն կերպով փորձելով հիմնաւորել իր յարձակողական քայլերը, քաղաքացիներու բնակարաններ եւ խաղաղ բնակիչներ ռմբակոծելը:

«Հայաստանը բազմիցս խօսած է այն մասին, որ Ազրպէյճան միտումնաւոր կերպով կ՛ընթանայ դէպի իրավիճակի սրում եւ չի ծածկեր ուժ օգտագործելու  մտադրութիւնը: Մենք կը զգուշացնէինք, որ միջազգային հանրութեան կողմէ գործնական քայլեր պէտք են` Պաքուն կարգի հրաւիրելու համար, այլապէս Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ կեցուածքը դուրս կու գայ վերահսկողութենէն, բան մը, որուն ականատես ենք այսօր:

«Այժմ առաւել քան հրամայական են միջազգային հանրութան հրատապ եւ յստակ քայլերը` իրավիճակը կայունացնելու, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ բանակցելէ հրաժարող, յարձակողական գործողութիւններով իր առաւելապաշտական մօտեցումները պարտադրելու փորձեր ընող Ազրպէյճանը բանակցային սեղանի շուրջ վերադարձնելու ուղղութեամբ», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Էդուարդ Նալբանդեանի զրուցակիցները իրենց համաձայնութիւնը յայտնած են այն գծով, որ ուժի կիրառումը անընդունելի է, եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք գոյութիւն չունի: Անոնք հրամայական նկատած են կրակի անյապաղ դադարեցումը եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ բանակցութիւններու շարունակութիւնը:

Նախորդը

Տօնոյեանի Հանդիպումը Եւրոպական Միութեան Անդամ Պետութիւններու Դեսպաններուն Հետ

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Բանակը Կը Զգուշացնէ Հասանովը Ու Անոր «Գերագոյն»-ը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Անդրադարձ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Դեկտեմբեր 11, 2025
Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Անդրադարձ

Պատանիին Էջը

Դեկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Անդրադարձ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Դեկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?