Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. ԶՈՀՈՒՈՂ ՄԱՅՐԸ

September 12, 2011
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ արդէն հասած էի պատանեկութեան սեմին եւ նախակրթարանի ուսումնական տարիներս աւարտելու պահը կը մօտենար, որոշեցի Հալէպէն Անթիլիաս գալ եւ դպրեվանքին մէջ ուսումս շարունակել: Սովորութեանս համաձայն, երբ եկեղեցի գացի, որպէսզի սուրբ խորանին վրայ մոմ բռնեմ եւ Աստուծոյ ծառայեմ, քահանայ հայրը քարոզի ժամանակ յիշեց դպրեվանքը, շեշտեց անոր կարեւորութիւնն ու դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի զաւակներէն ո՛վ որ կը փափաքի դպրեվանք յաճախել, պատարագէն անմիջապէս ետք եկեղեցւոյ քարտուղարին թող ներկայանայ` անունը արձանագրելու համար»: Երբ պատարագը իր աւարտին հասաւ, փութով հասայ քարտուղարութեան գրասենեակը: Անունս արձանագրելէն ետք, անմիջապէս տուն վազեցի եւ ուրախութիւնս մօրս յայտնեցի` ըսելով. «Մայրի՛կ, վանք պիտի երթամ եւ արդէն իսկ անունս արձանագրել տուի. կը մնայ միայն քու օրհնութիւնդ»: Երբ մայրս լսեց այս մէկը, շատ տխրեցաւ, որովհետեւ ինք այլեւս մինակ պիտի մնար. հինգ տարիներ առաջ ան իր կողակիցը, տան սիւնը` անգին հայրս կորսնցուցած էր, հիմա ալ իր մէկ հատիկ որդիէն պիտի բաժնուէր:

Մայրս սկիզբը չընդառաջեց փափաքիս, այլ պնդելով ըսաւ. «Ո՛չ, տղաս, չես կրնար դիմանալ»: Հաստատօրէն մօրս դիմադարձեցի. «Մայրիկ, կը դիմանամ. որովհետեւ կ՛ուզեմ Դպրեվանք երթալ, ուսումս շարունակել եւ աւարտելէ ետք` ծառայել Աստուծոյ, ծառայել մեր եկեղեցւոյ եւ ծառայել մեր ազգին»:

Մայրս ի վերջոյ համոզուեցաւ ու ըսաւ ինծի. «Տղա՛ս, դուն գիտես, քանի քու ապագադ է, գնա՛ եւ իրագործէ նպատակդ»:

Յաջորդ առաւօտ հեռաձայն ստացայ առաջնորդարանէն, թէ պէտք է առաջնորդարան ներկայանամ, որպէսզի դպրեվանք մուտքի քննութիւնս անցընեմ:

Երբ քննութիւնը աւարտեցի, տուն մեկնեցայ թանկագին մօրս հետ: Մայրս բարեմաղթութիւններ ընելէ ետք եզրակացուց. «Տղա՛ս, Աստուծոյ կամքը թող ըլլայ»:

Աշակերտներ հաւաքելու պատասխանատու կարգուած քահանայ հայրը մեզի ըսած էր, թէ օրին վերջնական պատասխանը պիտի փոխանցէր: Մէկ ամիս ետք, երբ համակարգիչիս առջեւ կ՛աշխատէի, հեռաձայնը հնչեց, վազելով` անմիջապէս պատասխանեցի: Տէր հայրն էր, որ կ՛աւետէր,  թէ դպրեվանք ընդունուած էի: Հեռաձայնը գոցելէն ետք, հեռաձայնեցի մօրս գործատեղին, որպէսզի իրեն յայտնեմ այս ուրախ լուրը: Մայրս շատ ուրախացաւ, որ իր մէկ հատիկ զաւակը Աստուծոյ շունչին տակ մեծնալով` «մարդ» պիտի դառնար: Երբ ան գործէն տուն վերադարձաւ, զիս համբուրելէ ետք սկսանք հագուստներս պատրաստել, որպէսզի  քանի մը օր ետք Լիբանան ճամբորդէի եւ հասնէի նպատակիս:

Եւ ահա հինգ տարիներէ ի վեր կը գտնուիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սի՛րտը հանդիսացող դպրեվանքին մէջ:

Մայրս, որ ադամանդէն ալ աւելի սուղ է ինծի համար, մինչեւ այսօր իր կեանքը զոհելով` ինծի համար կ՛աշխատի, որպէսզի իր գլուխը ինձմով բարձր պահէ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ԿԻՍ. ՍՐԿ. ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ

(Բ. Ընծայարան)

Նախորդը

Ո՞Վ Է ՄԵՂԱՒՈՐ, ՈՐ ՏՈՄՍԵՐԸ ԹԱՆԿ ԵՆ. «ԶՈՒԱՐԹՆՈ՞ՑԸ», ԹԷ՞ «ԱՐՄԱՒԻԱՆ»

Յաջորդը

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

RelatedPosts

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ

November 18, 2026
Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը
Պատմական

Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը

November 11, 2026
Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը
Պատմական

Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.