ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Ծանօթ քալուածք, ազնիւ ժպիտ,
Դէմքը` քարտէս մը բարութեան,
Ուսուցիչս տեսայ այսօր,
Խորհրդանիշն իմաստնութեան:
Մտածեցի` չի յիշեր զիս
Անցեր են շա՜տ երկար տարիք,
Սակայն կեցաւ, զննեց դէմքս
Ու ժպտեցաւ, յիշեց «չարիս»:
Առաջացաւ, որ գրկէ զիս
Նախկին փոքրիկը կարծելով,
Խոնարհեցայ, իջայ ծունկի
Ինքս իրեն ջերմ գրկելով:
Իմ ուսուցիչ, կ՛ուզեմ այսօր
Կոչել քեզ մարդ մեծատառով:
Ներէ ինծի, որ երբեմն
Բարկացեր ես իմ պատճառով:


