Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գառնի» Պարախումբը «Ուրախ Պարերու Փունջ»-ով Սուրիահայութեան Կենսատու Ուժը Փոխանցեց Լիբանանահայութեան

March 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

karni-1_030716

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի շաբաթ, 5 եւ կիրակի, 6 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցան «Ուրախ պարերու փունջ մը» խորագիրով «Գառնի» պարախումբին ելոյթները:

Կիրակի օրուան ելոյթին բացումը կատարուեցաւ արաբական պարով մը, որ պարողներուն մուտքէն իսկ խանդավառեց հանդիսատեսները:

Բացման խօսքը ուղղեց Անի Գրատեան, որ յիշեցուց, թէ պարը բնութեան տարրերու եւ տարերգութեան մարմնացումն է մարդկային էակին մէջ: «Պարելու համար պէտք է միայն ցանկութիւն», հաստատեց ան: Գրատեան յայտնեց, որ «Գառնի» պարախումբը հիմնուած է սեպտեմբեր 2013-ին, Վրէժ եւ Նանօր Թերզեաններուն անձնական ճիգերով: «Գառնի» պարախումբը այսօր կը հաշուէ 14-էն 24 տարեկան 25 պարողներ: Այս նորակազմ պարախումբը 2014-ին Հալէպի մէջ մասնակցեցաւ «Կարճ ժապաւէններու ցուցադրութեան փառատօն»-ին, ինչպէս նաեւ «Ալ Քալամ ուալ մընտիլ» թատրոնին: Այսպէս, 2014-ի «Մեծն Տիգրան» խորագիրով ելոյթին յաջողութենէն խանդավառուած, այս տարի եւս «Գառնի» պարախումբը ճոխ եւ արդիականացած պարերու «փունջ մը» նուիրեց հանդիսատեսներուն:

karni-2_030716

«Գառնի» պարախումբը հանդէս եկաւ հայկական եւ օտար պարերով: Ուշագրաւ էին տղոց ռազմական պարը եւ աղջիկներու` կուժերով պարը. առաջինը իր շարժումներով եւ երաժշտութեամբ պահած էր իր աւանդական ձեւն ու խորքը` փոխանցելով հայդուկներու արդարադատ եւ վրէժխնդիր ոգին: Իսկ երկրորդը, ընդհակառակն. աւանդական կուժերով պարը, որ յատուկ տեղ կը գրաւէ աշխարհահռչակ «Անուշ» օփերային մէջ, ներկայացուեցաւ արդիականացած ձեւով, երաժշտութեան, շարժուձեւերուն, ինչպէս նաեւ տարազներուն ընդմէջէն: Ինչ կը վերաբերի օտար պարերուն, պարողները ներկայացուցին ժամանակակից, պիւրլեսք, հիփ հոփ, սալսա, հնդկական եւ ճափոնական պարեր: Պարային ներկայացումներուն միջեւ նաեւ հանդէս եկան Կարօ Սուսանի` երկու հայերէն երգերով, Ապպուտ Ակոբ` արաբերէն երգով մը եւ Նազօ Ղազարեան` կիթառի վրայ նուագով մը: Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` «Մեծն Տիգրան» խորագիրով ելոյթէն, ինչպէս նաեւ պարողներուն փորձերու հատուածներէն բաղկացած պատկերներէ:

Ելոյթին աւարտին բեմավար Անի Գրատեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին, եւ վերջապէս` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին:

Պարողները բեմ բարձրացան վերջին պարով մը` ելոյթին ընթացքին ներկայացուած տարբեր պարերու, երաժշտութիւններու եւ տարազներու հերթականութեամբ: «Գառնի» պարախումբը արժանացաւ բուռն ծափահարութեան եւ հանդիսատեսներու բացագանչութիւններուն: Պարողները բոլոր պարային ներկայացումները կատարեցին փոխանցիկ աշխուժութեամբ եւ ուրախութեամբ, հանդիսատեսներուն զգալի դարձնելով զիրենք շարժող ներքին ուժը: Անոնք անգամ մը եւս փաստեցին, թէ քաղաքական եւ ընկերային աննպաստ պայմաններուն մէջ, արուեստը եւ պարը նոր շունչ եւ կենսատու ուժ կը հանդիսանան մարդուն համար, այս պարագային սուրիահայ գաղութին համար, որ իր երկրային տարածքէն դուրս գտնուելով «Ուրախ պարերու փունջ»-ը նուիրեց այս անգամ լիբանանահայ գաղութին:

Նախորդը

Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունք. «Հայ Եկեղեցին Եւ Ներկայ Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Կլոր Սեղան

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Քիւրտերուն Դէմ Յատուկ Գործողութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.