Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Նորա Արիսեան Լոյս Կ՛ընծայէ Կոմիտասի Մասին Արաբերէն Առաջին Թարգմանութիւնը

February 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Gomidas_022216

Պատմաբան եւ թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեան Դամասկոսի մէջ լոյս ընծայեց արաբերէն լեզուով «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը» խորագիրով գիրք մը:

Կոմիտասի մասին արաբերէն լեզուով հրապարակուած այս առաջին գիրքը կը բովանդակէ զանազան գիրքերէ ընտրուած 11 ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ. ինչպէս` Ռոպերթ Աթայեանի «Կոմիտասական» ժողովածուէն թարգմանուած են կարգ մը ուսումնասիրութիւններ` «Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը», Մ. Մուրատեանի «Եկմալեանի պատարագը Կոմիտասի գնահատմամբ», Ն. Թահմիզեանի «Հայոց հոգեւոր երգարուեստի ուսումնասիրութեան հարցեր» եւ այլն: Ինչպէս նաեւ Խաչիկ Սաֆարեանի «Կոմիտաս Սքանչելագործ» գիրքէն` «Խազերի վերծանութեան խնդիրները», «Կոմիտասը եւ ռուսական երաժշտութիւնը» եւ «Կոմիտասը եւ քրտական երաժշտութիւնը» յօդուածներ, ինչպէս նաեւ հատուածներ` Հրանդ Գէորգեանի «Շնչել, ապրիլ Կոմիտասով» գիրքէն, իսկ Վարդան Վարդանեանի «Յաւերժ Ճամբորդ» գիրքէն` «Կենդանի նահատակը»:

Գիրքի երաժշտական խմբագրութիւնը կատարած է Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար, խմբավար Միսաք Պաղպուտարեան, որ իր մուտքին մէջ կը քաջալերէ արաբական աշխարհին մէջ երիտասարդ երաժիշտները` Կոմիտասի ուղղիով քալելու եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը վաւերացնելու:

Գիրքը կը բաղկանայ 160 էջերէ: Գիրքի թարգմանիչ Ն. Արիսեան իր նախաբանին մէջ նշած է, որէ գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին եւ Կոմիտասի մահուան 80-ամեակին, յոյս յայտնելով, որ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը մարմնաւորող Կոմիտաս հանճարը ներկայացնելով` գիրքը ներդրում պիտի բերէ արաբական գրադարանին:

Նախորդը

ԱՖՀԻԼ-ը Կ՛արժանանայ Միջազգային Մրցանակներու

Յաջորդը

Վազգէն Շուշանեանի Հետ` Սիրոյ Եւ Մեղքի Պարտէզներուն Մէջ (Մահուան 75-Ամեակին Առիթով) Ա.

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.