
Ուրբաթ, 5 փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:
Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպան Քոչարեանին խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները եւ Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցեր, առաջարկներ եւ ծրագիրներ: