Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

February 3, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo-LOKH12

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար պատրաստեցին 2015-2016 տարեշրջանի ծրագիրը, որուն նպատակն է պահպանել ընտանիքի առողջութիւնը, որ գրաւականը կը հանդիսանայ առողջ ընկերութեան:

Ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան տուեալներուն, յառաջիկայ տասնամեակներուն պիտի բազմապատկուի թիւը այն անհատներուն, որոնք կը տառապին քրոնիկ հիւանդութիւններով, ինչպէս` շաքարախտ, արեան գերճնշում, իւղերու կուտակում, երակներու խցում եւ այլն: Յիշեալ տուեալներուն լոյսին տակ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը եւ առողջապահական յանձնախումբը կազմակերպեցին դասախօսական առաջին շարքը «Ընտանիքի առողջութիւնը» բնաբանով, որ կը բաղկանար 10 դասախօսութիւններէ:

Դասախօսութիւնները տեղի ունեցան հերթաբար չորեքշաբթի օրերը, 14 հոկտեմբերէն մինչեւ 16 դեկտեմբեր 2015:

Արծարծուեցան այլազան առողջապահական նիւթեր` կանխարգիլելու համար հիւանդութիւնները, ինչպէս` առողջ սննդականոն, հոգեկան հարցեր, առօրեայ տագնապներ եւ այլ: Հրաւիրուեցան մասնագէտ դասախօսներ եւ բժիշկներ, որոնք փոխանցեցին անհրաժեշտ գիտելիքներ:

Իւրաքանչիւր դասախօսութեան ներկայ էին շուրջ 85 անհատներ, որոնցմէ 48-ն  (որոնք ներկայ եղած էին լման շարքին) ներկայացան նախազգուշական բաժանմունք եւ ստացան առողջապահական ծառայութիւն, ինչպէս` արեան քննութիւն (շաքար, քոլեսթերոլ…), պատրաստուեցաւ նաեւ իւրաքանչիւրին առողջական տախտակը (կշիռք, հասակ, արեան ճնշում, արեան քննութեան արդիւնք…): Կատարուեցան թելադրանքներ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային անոնք ստացան բժշկական խնամք:

Դասախօսական առաջին շարքի աւարտին յանձնախումբս շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր դասախօսներուն, որոնք իրենց ժամանակն ու գիտելիքները տրամադրեցին` հաւատալով կատարուած աշխատանքին կարեւորութեան:

Յանձնախումբիս դասախօսական Բ. շարքը, որ կը բաղկանայ 9 տարբեր նիւթերէ, արդէն սկսած է 13 յունուարին եւ կը շարունակուի մինչեւ 17 մարտ 2016:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

«ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

 

Նախորդը

«Արեւմտահայերէնը 21-րդ Դարուն» Գիտաժողով` Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ» Կը Հրատարակէ Վարուժան Խտըշեանի Յիշատակին Նուիրուած Յաւելուած

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.