Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա-Իրան 15 Միլիառ Եւրոյի Համաձայնութիւններ Կնքուած Են. «Ֆրանսա Նոր Էջ Բացաւ Իրանի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

February 1, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուհանի եւ Հոլլանտ
Ռուհանի եւ Հոլլանտ

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է, որ Ֆրանսա վերջին 17 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահը ընդունելով` Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բացած է:

Հոլլանտի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի բանակցութիւնները տեղի ունեցած են 28 յունուարին, Էլիզէի պալատին մէջ: Բանակցութիւնները տեւած են աւելի քան երկու ժամ եւ աւարտած երկկողմանի համագործակցութեան հարցերու վերաբերեալ շուրջ 30 փաստաթուղթերու ստորագրութեամբ: «Այսօր նոր էջ կը բացուի մեր երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ», յայտարարած է Հոլլանտ եւ աւելցուցած. «Ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ ոչ միայն մեր երկիրներուն, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համար»:

Հոլլանտ նշած է, որ Փարիզի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրները կ՛ընդգրկեն գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի մարզերը, դրամատնային հատուածը եւ ինքնաշարժներու շինութեան մարզը:

Ըստ նախնական գնահատումներու, համաձայնագիրներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ շուրջ 15 միլիառ եւրօ: Սակայն, ինչպէս կը նշեն ֆրանսացի փորձագէտները, շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ անոնց հետագայ իրագործումէն: Այսպէս, Իրանի կողմէ 100-է աւելի «Էրպաս» ճամբորդատար օդանաւերու գնման շուրջ համաձայնութիւնը առայժմ կը մնայ ոչ թէ լիարժէք համաձայնագիր, այլ մտադրութիւններու վերաբերեալ արձանագրութեան կարգավիճակի մէջ:

Ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութիւնը իրանցի գործընկերներու հետ պարտաւորագիր կնքած է անմշակ քարիւղի գնման վերաբերեալ: Ինչպէս յայտնած է ընկերութեան ղեկավար Փաթրիք Փույաննէ, կը նախատեսուի, որ մատակարարումներու ծաւալը կազմէ օրական 150-200 հազար տակառ:

Իրանի հետ յատուկ յոյսեր կը կապեն նաեւ Ֆրանսայի ինքնաշարժի յառաջատար շինարարները:

«Մեր յարաբերութիւնները պէտք չէ սահմանափակուին միայն տնտեսական հարցերով», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով. «Կարեւոր դեր պէտք է խաղայ դիւանագիտութիւնը»:

Հոլլանտ յայտնած է, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Լորան Ֆապիւսին եւ Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆին յանձնարարուած է` կարգաւորել «երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կանոնաւոր երկխօսութիւնը»:

Բանակցութիւններու ընթացքին բազմիցս արծարծուած է սուրիական տագնապը: «Սուրիոյ մէջ փոխանցման քաղաքական հոլովոյթը կարելի է», յայտարարած է Հոլլանտ: Ռուհանին համաձայն գտնուած է, որ անհրաժեշտ է լուծել Սուրիոյ ճգնաժամը, սակայն նոյն ատեն հասկցուցած է, որ որոշ մօտեցումներու հարցին մէջ Փարիզի եւ Թեհրանի դիրքորոշումները տարբեր են:

 

Նախորդը

Աւստրիա Որոշած Է 50 Հազար Գաղթականներ Վերադարձնել Իրենց Երկիրները

Յաջորդը

Թրքական Ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Մէջ Էրտողանի Կեցութեան Վայրին Մօտ Սպաննած Է Կասկածելի Մը

RelatedPosts

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն
Գլխաւոր լուրեր

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.