Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Ծաղկաձորի մէջ սկսած զարգացող ֆետերասիոններու դահուկարշաւի բաժակի առաջին մրցաշարքին առաջին օրը յաղթականները եղան Հայաստանի մարզիկները:
Տղոց ազատ ոճի 10 քիլոմեթրին, Հայաստանի ներկայացուցիչը` Սերկէյ Միքայէլեան արձանագրելով 32′ 41″ արդիւնք մը հանդիսացաւ առաջին, մինչ Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Միքայէլ Միքայէլեան, գրաւեց երրորդ դիրքը:
Աղջկանց 5 քմ ազատ ոճի մրցումին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Քաթիա Գալստեան գրաւեց առաջին դիրքը:
Նշենք, որ զարգացող ֆետերասիոններու դահուկարշաւի բաժակի այս առաջին մրցաշարքին կը մասնակցին հետեւեալ հինգ երկիրներու 50 դահուկորդները. Հայաստան, Իրան, Սերպիա, Լաթվիա եւ Ռումանիա: