Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանք` Գարակէօզեան Ընտանիքի Երախտաւորներուն Յիշատակին

Դեկտեմբեր 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kara-1_122715

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` կիրակի 27 դեկտեմբեր 2015-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլի, Հաուըրտի եւ Լէյլայի հոգիներուն:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ օրինակ բերելով Ղուկասու աւետարանի մէկ առակը, որ մեզի կը սորվեցնէ, թէ ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ իր ունեցած ամէնէն փոքրիկ բաժինը, բացատրեց, թէ այս առակով Քրիստոս մեր կեանքին օրինակ կու տայ, որ անդրադառնանք, որ այս աշխարհի մէջ մենք ալ պատասխանատուութիւններ ունինք, որոնք մեզի յանձնուած են Աստուծոյ կողմէ եւ կեանքի յառաջդիմութիւնը կախեալ է այդ պատասխանատուութիւններուն հանդէպ մեր ունեցած վերաբերմունքէն ու վարուելակերպէն: Սրբազանը ըսաւ, թէ կեանքը պէտք չէ շփոթել պատահականութեան հետ, որովհետեւ անոնք, որոնք պատահականութեամբ կ՛ապրին իրենց կեանքը, վստահաբար ոչինչ պիտի ստանան իրենց կեանքի վերջաւորութեան, իսկ անոնք, որոնք պատասխանատուութեամբ կը վարուին իրենց առօրեային հետ, վստահաբար անոնք կը մագլցին կեանքի աստիճաններէն վեր եւ իրենց շուրջ կեանքը կը ծաղկեցնեն, որովհետեւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կ՛օգտագործեն ինչ որ Աստուած տուած է իրենց, որպէսզի անոր հետ կեանքին մէջ յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն գտնելու շնորհը ունենան: «Անոնք, որոնք Աստուծոյ կողմէ իրենց ստացածը անոր կամքին համաձայն կ՛օգտագործեն ու կը շահարկեն, այդպիսիներուն պիտի տրուի աւելի առիթ եւ միջոց, որպէսզի իրենց ունեցածը առատօրէն սերմանեն, իսկ անոնք, որոնք իրենց ունեցածը կը պահեն, այդպիսիները պիտի զրկուին, որովհետեւ Աստուած կ՛ուզէ, որ մեր ունեցածը շահարկենք եւ օգտագործենք», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:

Անդրադառնալով «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն` առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ անոնք այս կառոյցին ընդմէջէն 1921-էն ի վեր կը ծառայեն հայ ժողովուրդին, սկսեալ Պոլիսէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան եւ Արցախ` աւելցնելով, որ այս հիմնադրամը տարիներէ ի վեր բարիք կը կատարէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ըլլալով անկարի կողքին, օգնութեան ձեռք երկարելով կարիքաւորին եւ յատկապէս մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն տրամադրելով հոգեմտաւոր եւ ֆիզիքական ծառայութիւն: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ Գարակէօզեան ամոլին յիշատակը անթառամ մնայ մեր ժողովուրդին գիտակցութեան մէջ եւ իւրաքանչիւր անձ գիտակցի, թէ ինչպէ՛ս մարդկային ցաւ մը կարելի է դարմանել ուրիշին օգնութիւն, ծառայութիւն եւ բարիք ընծայելով:

Եկեղեցական արարողութեան եւ հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն ներկայ գտնուեցան առաջնորդ սրբազանը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ Անի Գալուստ, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամներն ու պաշտօնեաները, հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ հայկական վարժարաններու տնօրէնները:

«Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ յարգեցին հաստատութեան հիմնադիր բարերարներուն յիշատակը: Ան ըսաւ, որ աւանդութիւն դարձած տարեկան յիշատակի սոյն հանդիպումը առաւել եւս կը նորոգէ իրենց հաւատքը եւ կը գօտեպնդէ զիրենք իրենց առաքելութեան մէջ: Օհանեան նկատել տուաւ, որ 2016-ին պիտի նշուի «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը, իսկ Երեւանի մէջ 25-ամեակը, եւ այս առիթով հաստատութիւնը պիտի վերանորոգուի եւ անոր բացումը կատարուի 2016-ին: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց հաստատութեան պաշտօնէութեան եւ անձնակազմին` հաստատելով, որ առանց անոնց գործակցութեան եւ ներդրումին կարելի պիտի չըլլար որեւէ աշխատանքի եւ ծրագիրի իրագործում: Օհանեան նաեւ առիթ ընծայեց ներկաներուն առաջարկներ ներկայացնելու:

Հաստատութեան վարչութեան ատենապետ Կարպիս Մարգարեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ 2015 տարեշրջանին կատարուած աշխատանքներուն. ա) Իբրեւ մանկախնամ կեդրոն կարելի եղաւ աւելի մեծ թիւով երեխաներու առողջապահական խնամք տալ. բ) վարժարաններու մէջ աշակերտներուն տրուած առողջապահական խնամքէն անկախ հաստատութեան ընկերային ծառայողները այցելեցին տուներ` ջանալով օգտակար դառնալ անոնց տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական հարցերուն. գ) ՔԱՀԼ-ի մէջ կատարուեցաւ բացումը յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներու մանկավարժական կեդրոնին. դ) սուրիահայերուն տրամադրուեցաւ յաւելեալ օժանդակութիւն. ե) կազմակերպուեցան դասախօսական շարքեր 350 կիներու եւ մայրերու համար, ուր անոնց ջամբուեցան կենսական գիտելիքներ առողջապահական, ընկերային, ազգային եւ կրօնական նիւթերու շուրջ. զ) 9-րդ տարին ըլլալով շարունակուեցաւ ամառնային վարժարանը, որ այս տարի համախմբեց 370 մանուկներ: Եզրափակելով իր խօսքը` Մարգարեան նկատել տուաւ, որ հաստատութիւնը կը գործակցի Ազգային առաջնորդարանի, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ընկերային ծառայութեան կեդրոններուն, լիբանանահայ բարեսիրական միութիւններուն եւ կեդրոններուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչակազմերուն հետ` աւելցնելով, որ բոլորին գործակցութեամբ կարելի է հասնիլ մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն` տնտեսական, առողջապահական, ընկերային եւ կրթական մարզերուն մէջ:

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինին ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան խօսք առնելով ըսաւ, որ 94 տարիներէ ի վեր հաստատութիւնը հաւատարմաբար կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` հասնելով կարիքաւոր մանուկներուն, աւելցնելով, որ իբրեւ հայ աւետարանական վարժարաններու ցանց վայելած են «Գարակէօզեան» հաստատութեան աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը`  որեւէ կարիքի պարագային:

Աւարտին խօսք առաւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ շեշտեց, թէ գործին շարունակականութիւնը առաւել եւս կ՛ամրացնէ հիմնադիրներու հաստատած ծրագիրը: «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը միշտ ժողովուրդին կեանքին մէջն է եւ կը գործէ զանազան ծառայութիւններ մատուցելով յատկապէս ի խնդիր մեր մանուկներուն բարօրութեան եւ վերելքին: Ան գնահատեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը եւ աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն հաստատութեան աշխատանքներուն, որպէսզի մեր մանուկներու կեանքին մէջ ուրախութիւն սերմանեն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Փոքրիկներու Յատուկ Կաղանդի Ձեռնարկ

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոսի Խոստացած Կեանքը Աղբիւր Է Յոյսի Եւ Երջանկութեան» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

RelatedPosts

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ  Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով

Նոյեմբեր 17, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի  Կեդրոնական Կոմիտէի  Հայրենակցական Միութիւններու Յանձնախումբին  Համահայրենակցական Միութիւններու  Խորհրդակցական Հանդիպում
Գաղութային

Համահայրենակցական Միութիւններու Խորհրդակցական Հանդիպում

Նոյեմբեր 17, 2025
Մխիթարեաններու 325-Ամեակին` 41 Արուեստի Գործի Նուէր Եւ Համերգ
Գաղութային

Մխիթարեաններու 325-Ամեակին` 41 Արուեստի Գործի Նուէր Եւ Համերգ

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?