Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Իր Յատուկ Նշանակութեան Ուժերու Հիւծման Ճամբով Կ՛ընթանայ» Կ՛ըսէ Արծրուն Յովհաննիսեան

December 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

arzroun_122215«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ 22 դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճան «իր յատուկ նշանակութեան ուժերու հիւծման ճամբով կ՛ընթանայ»:

«Նկատելի է, որ հակառակորդին մօտ վերջին երկու տարիներուն յատուկ կերպով նուազած են ժամկէտայիններու սպանութիւնները եւ աւելցած են պայմանագրային եւ սպայականներու մահերը: Ատիկա կը նշանակէ, այսպէս ըսած, «Ոսկիէ ֆոնտ»-ի հիւծման ճամբով կ՛ընթանան», հաստատած է Արծրուն Յովհաննիսեան: Ըստ անոր, դիրքեր կը բերուին հրետանիներ, եւ կը ռմբակոծեն, իսկ աւելի վտանգաւոր է «Դ-30» թնդանօթներու գործածութիւնը: Սահմանին վրայ Ազրպէյճան լարուածութիւնը հասցուց այնպիսի մակարդակի, որ հոն կանգնած գունդերու եւ ջոկատներու սպառազինութեան մէջ եղած ամբողջ պաշարը օգտագործուած է, զօրամասերուն մէջ չէ մնացած զինատեսակ մը, որ չէ կիրարկուած:

Ըստ Յովհաննիսեանի, ազրպէյճանական կողմը տարեսկիզբէն մինչեւ օրս ունի երկու հարիւրէ աւելի զոհ: «Այս պահու դրութեամբ կրնամ  ըսել, որ ազրպէյճանական կողմի սպաննուածներուն թիւն 210-էն աւելի է: Վերջնական թիւեր նշելը դժուար է, որովհետեւ պէտք է տարբեր աղբիւրներէ ամբողջացնել», ըսած է ան:

Արծրուն Յովհաննիսեան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին խօսելու ատեն անիմաստ է օգտագործել «զինադադարի խախտում» եզրը, որովհետեւ «զինադադար մենք, ըստ էութեան, այլեւս չունինք»:

«Մենք չունինք խաղաղութիւն, մենք ունինք յարաբերական հանգիստ», յայտնած է Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ նախորդ գիշեր հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ համեմատաբար խաղաղ էր վիճակը:

Անդրադառնալով շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր զինատեսակներու օգտագործման հարցին` Արծրուն Յովհաննիսեան նկատել տուած է, որ հակառակորդը այդպիսով կ՛ուզէ լուրջ վնաս հասցնել հայկական կողմին, բայց չի յաջողիր, ընդհակառակն` աւելի հուժկու հակահարուած կը ստանայ: Յովհաննիսեանի համաձայն, պատերազմական իրավիճակին մէջ գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը կ՛որոշուի հակառակորդին առաջադրած խնդիրներուն, գործողութիւններուն խափանումով: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ հակառակորդը ամէն անգամ կը ձգտի շատ աւելի մեծ վնասներ պատճառել, քան մէկ-երկու զոհ, սակայն հայկական կողմը ամէն անգամ կարելիութիւն չի տար, կը խափանէ այդ ծրագիրները: «Այդուհանդերձ, հայկական կողմը չի կրնար փակագիծերը բանալ ու ըսել, թէ կանխարգելիչ ինչ միջոցառումներու կը դիմուի խափանելու համար հակառակորդին այս կամ այն ծրագիրը», ըսած է ան:

Լեռնային Ղարաբաղի Անվտանգութեան
Խորհուրդի Նիստ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 22 դեկտեմբերին նախագահած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնած են, որ նիստին օրակարգին վրայ ներառուած էին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ «Թելեթոն 2015»-ին, անոր արդիւնքներուն ու իրականացուելիք նախաձեռնութիւններուն վերաբերող հարցերը: Զեկուցումներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ վարչապետ Արա Յարութիւնեան:

Քննարկուած հարցերուն վերաբերեալ յստակ յանձնարարականներ տուած է նախագահ Սահակեան` աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Արցախի Նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամները

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններուն Հետ

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի
Հայկական

5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.